ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Պատերազմները կեանքեր կը խլեն անագորոյն մրրիկի նման, որ իր ճամբուն վրայ կը քշէ ու կը տանի ամէն ինչ, կուրօրէն ու անհաշիւ: Պատերազմը երախը բաց գազանի նման կը լափէ ամէն ինչ, շնչաւոր թէ անշունչ: Անշունչը կը վերականգնուի, կը փոխարինուի նորով, սակայն շնչաւորը կ՛երթայ անվերադարձ, ու շնչաւորներուն մէջՙ մարդ էակը: Մարդը, որ կեանք ունի ապրուած ու դեռ ապրելիք, երազներ ունի իրականացած ու դեռ իրականանալի, պարտաւորութիւններ ունի կատարած ու դեռ անկատար... կը մեկնի այս աշխարհէն, աւելի ճիշդՙ փամփուշտ մը, հրասանդի, կամ հրթիռի բեկոր մը կու գայ զինք ջնջելու ապրողներու ցանկէն, ու իր տեղ սուգ ու կսկիծ ցանելու: Եւ սակայն, այս բոլորին մէջ մանուկներուն սպանդն ու անէացումն է, որ կը լլկէ ամէն միտք ու սիրտ: Մանուկները, «Պատերազմի մանուկները», ինչպէս կ՛ըսէ Ազնաւուր իր «Les enfants de la guerre» երգին մէջ. «............. Այս մանուկները, առանց մանկութեան Առանց պատանեկութեան եւ անուրախ Որոնք դողդողացին անպաշտպան Ցաւէն ու ցուրտէն...» Եւ որոնք իրենց տեսած արեան եւ աւերի տեսարաններէն սարսափահար, չուեցին դէպի անդիի աշխարհ, դէպի հրեշտակներու բնակարան, երբ հրթիռի մը թիրախ դարձած դպրոցի իրենց դասարանը փլատակ դարձաւ ու թաղեց զիրենք: Ով գիտէ այդ պահուն ինչ կը սորվէին. լեզո՞ւ, թուաբանութի՞ւն, գիտութի՞ւն, աշխարհագրութի՞ւն... Ամէն բան, բացի ամէնամեծ իրականութենէն, որ մահն է. եւ սիրով, գուրգուրանքով, խաղով ու ծիծաղով լեցուն իրենց բազմահազար օրերու թելը կտրուեցաւ, երբ հրթիռ մը հարուածեց իրենց դասարանը: Այս քանիերորդն է... քանի հազար մանուկներ, որոնք դեռ հասակ պիտի առնէին, ուսում ու գիտութիւն պիտի ամբարէին, արուեստագէտներ ու գիտնականներ պիտի դառնային, գործատէրեր ու բանուորներ պիտի դառնային, այս երկրին ապագան պիտի կերտէին... չեղան, որովհետեւ սեւ ձեռքեր խլեցին անոնց կեանքը, յանուն զիրենք ստեղծողին... Ինչ ողբերգութիւն, յանուն Աստուծոյՙ Աստուծոյ ստեղծածները կը սպաննեն... Մանուկներն սպաննելով երկրին ապագան կը սպաննեն: Գիտե՞ն ինչ կ՛ընեն: Պատերազմի մանուկները... եթէ ապրին, տղաքը սովորական խաղալիքներու փոխարէն փայտի կտոր մը զէնքի վերածածՙ «պատերազմ» մըն ալ իրենք կը սարքեն փողոցին ու փլատակներուն մէջ, կամ փամփուշտի պարկուճներու հաւաքածոներ կը կազմեն, մէկ անգամէն կը մեծնան ու կը կարծրանան, տան պէտքերը կը հոգան, փուռէն հաց կը բերեն, ջուր կը կրեն փողոցէն տուն, աղջիկներըՙ պուպրիկներու փոխարէն տուն կը կառավարեն, իրենց մայրերուն կ՛օգնեն, իրենցմէ փոքրերուն «մամայութիւն» կ՛ընեն... Իսկ եթէ մեռնին, մէկական խառան կը դառնան արդարութեան ճակտին: Իսկ այս օրերուն ո՞ւր գտնել արդարութիւնը, խարանելու համար անոր ճակատը: Եւ պատերազմը դեռ կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ, աւելի կատաղի, աւելի դաժան: |