ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ.... ԽՂՃԻ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հալէպը գրաւելու եւ Օսմանեան «Հալէպի Վիլայէթը» վերականգնելու Էրտողանի յոյսերը ծով ինկան: Հալէպ ազատագրուեցաւ չորս տարիներէ ի վեր ծայրահեղականներու կողմէ պաշարուած մնալէ ետք, որուն ընթացքին հալէպցիները եւ իրենց մէջ` հայկական գաղութը, տարատեսակ լլկանքներու ենթարկուեցան: Դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ տեղադրուած կարճ տեսաերիզ մը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս սկսած են լուսաւորել ու զարդարել քաղաքին փողոցներն ու տուներու տօնածառերը: Հնգամեայ հրթիռակոծումներէ, մահէ ու աւերներէ ետք, ժողովուրդը կ՛ուզէ ազատ շունչ մը քաշել, իր երէկի վէրքերը կապելով, կ՛ուզէ նոր լուսաբացը դիմաւորել, թէեւ յոգնաբեկ, հարստահարուած, սգաւոր ու հիւանդ, սակայն վերապրելու անթեղուած կամքին ցնցում մը կ՛ուզէ տալ ու վերականգնիլ: Դիմատետրին վրայ հայերու կողմէ շնորհաւորանքի բացիկներ ու մաղթանքներ կան իրենց իսլամ բարեկամներուն եւ համաքաղաքացիներուն, Մարգարէի ծննդեան տօնին առթիւ: Ուրիշ ո՞ւր կարելի է տեսնել այսպիսի բան, հանդուրժողականութեան, համակեցութեան, համերաշխութեան այսպիսի իւրօրինակ վերաբերմունք: Սուրիոյ մէջ քրիստոնեան մահմետականը կը շնորհաւորէ ու կը խնդակցի անոր, անդին իսլամական շրջանի մը մէջ զինեալ ահաբեկիչներու արձակած հրթիռներու զոհ քսան հոգի հողին կը յանձնուին: Իսլամը իսլամին իսկ չի խնայեր: Գահիրէի մէջ Ղպտիներու եկեղեցուոյ պայթումին հետեւանքով զոհուած հաւատացեալներու դագաղներուն վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ու տասնեակներ հիւանդանոցներու մէջ կեանքի ու մահուան գուպարի մէջ են: «Իսլամ Եղբայրները» արժանի չեն «եղբայր» կոչուելու: Իսթամպուլը կրակներու մէջ է, Էրտողանին աչքերէն թոյն կը կաթի. դարձեալ հարուածեցին, դարձեալ պայթեցուցին ու հարիւրեակ մը մեռնողներ ու վիրաւորեալներ պիտի վճարեն տասնեակ հազարաւոր ձերբակալուածներու պարտամուրհակը, որուն տակ նոր Սուլթանին ստորագրութիւնը կայ: Էրտողանի անսանձ կիրքն ու իշխանամոլութիւնը զինք պիտի տեղաւորեն պատմութեան ծանօթ ոճրածին ուղեղներուՙ Ստալինի, Հիթլերի, Ֆրանքոյի եւ նմաններուն շարքին: Հալէպը ազատագրուեցաւ, միւս կողմէ ԻՊ վերագրաւեց Փալմիրը... Սուրիական բանակը ռազմական նոր կուտակումներով կը ջանայ վերատիրանալ պատմական քաղաքին: Ահա այս բոլորը միայն քանի մը օրերու ընթացքին: Նոր տարին կը մօտենայ, մարդիկ նոր յոյսեր կ՛ուզեն կապել անոր, կ՛ուզեն թօթափել վերջին տարիներու իրենց սրտերուն վրայ ծանրացած բազմաշերտ ցաւն ու սուգը: Իսկ անմարդկային ռազմատենչ ու ոճրածին շագալներու վոհմակներ կը շարունակեն իրենց արեան գինարբուքը: Ե՞րբ պիտի ազատագրուի մարդկային ԽԻՂՃը իր կապանքներէն: Ե՞րբ մարդը պիտի վերադառնայ իր մարդկայնութեան, վար դնէ զէնքը, սեղմէ ձեռքը իր նման մարդուն, ապրի ու ապրեցնէ խաղաղ: Տիեզերքի անհունութեան մէջ Երկիր մոլորակը աւազի հատիկ մըն է անծայրածիր անապատին մէջ, իսկ մարդը այդ հատիկին մէջ ոչնչութիւն է, ոչ թէ Աստուած, որ ինքզինքին իրաւունք տայ ուրիշ կեանքերու վերջ դնելու: Անխիղճները պիտի հասկնա՞ն այս պարզ իրականութիւնը: |