«ՀԱՅ ՁԱՅՆ»-Ը ԿԸ ՀՆՉԷ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ www.haydzayn.am կամ www.haitsayn.am Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016ին նոր ձայն մը կը լսուի հայրենիքէն, նոր լրատու մը, մամուլի նոր անդամ մըՙ «Հայ Ձայն»ը: Տպագիր մամուլը արդէն անցած է ելեկրոնային անջրպետ. այդ իմաստով «Հայ Ձայն»ը յաւակնութիւն մը չունի մատուցանելիք իր ընթերցողներուն, ունկնդիրներուն եւ ակնդիրներուն: Բայց կը խոստանայ բարելաւում մը, յաւելում մը, նոր թարմութիւն մը ընծայել: Մամուլի այս հարազատ ձայնին ետին կը կանգնին ՌԱԿ-ի երիտասարդ տարրերը, անոնք որ քայլ կը պահեն մամուլի ժամանակակից զարգացումներուն հետ: Մեր հասարակութեան մօտ ընդհանրացած է կարծիքըՙ նոյնացնելու կուսակցական մամուլը միակողմանիութեան հետ, յաճախ արդարացի կերպով: Սակայն, ժամանակները փոխուած են, եւ եթէ «Հայ Ձայն»ը չբխի հայութեան սիրտէն, իրաւունք չունի հրապարակ գալու: «Հայ Ձայն»ը պիտի ըլլայ ամէնուն ձայնը, հայութեան ձայնը եւ առաջնահերթութիւն պիտի վերապահէ այն լուրերուն, հարցերուն ու վերլուծումներուն, որոնք կը բխին ամբողջական հայութեան շահերէն թելադրուած. այլապէս ալՙ ան հակասութեան մէջ պիտի չհանդիսանայ ՌԱԿ-ի դաւանանքին հետ, որ հիմնուած է ազատականութեան եւ համայնականութեան սկզբունքներուն, լայնախոհութեան եւ հանդուրժողականութեան վրայ: Պահը չէ ինքնագովութեան եւ ինքնագոհութեան: Պա՛հն է աշխատանքի եւ ծառայութեան: Ասիկա հեռանկարային նպատակներու սկիզբն է: Բայց դատումը եւ արժեւորումը կը թողունք ընթերցողներուն, ելեկտրային տիեզերքի բնակիչներուն: Ողջո՜յն բոլորիդ: Բարի երթ մեզի: |