RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#046, 2016-12-09 > #047, 2016-12-16 > #048, 2016-12-23

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #48, 23-12-2016



ՀԱՅ ԴԱՏ

Տեղադրվել է` 2016-12-22 22:37:03 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5126, Տպվել է` 985, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Տիթրոյթ

Գերսամ Ահարոնեան

Հեռաւոր հորիզոնին վրայ տակաւին չուրուագծուած «Մեծ Երազը»ՙ ահա՛ կ՛իյնար Մեծ Երազողը: Ափսո՛սՙ այդ Երազին եւ ափսոսՙ Մեծ Երազողին:

Իրապաշտ ու կեանքի կարծր իրականութեանց գիտակ մարդն էր Գերսամ Ահարոնեանը, որ գիտէր նաեւ երազե՜լ, երազել իր ազգին մեծ երազը:

Ծնած էր աքսորի ճամբուն վրայ, Մարաշի մէջ, սակայն ոչ ոքի կը զիջէր տիրութիւնը Զէյթունի արծուեբոյնին, ուր իր նախահայրերը դարաւոր գոյամարտ մղած էին ոսոխին դէմ ու դրօշի նման բարձր պահածՙ ցեղին ազատութեան ոգին: Աքսորի ճամբուն վրայ իր միակ ժառանգութիւնը եղաւ այդ անվեհեր ոգին, որ աճեցաւ իր մէջ, որ ապրեցա՛ւ իր մէջ, ու իրմէ անդին:

Բնութիւնը շռայլ գտնուած էր Գերսամ Ահարոնեանի նկատմամբ. թիկնեղ հասակ, խաժ ու թափանցող աչքեր, եւ արտակարգօրէն պայծառ միտք. ու ինք բնութեան այդ շռայլ բարիքներուն գիտակ, միշտ իր ուսերուն վրայ կը կրէր անոնց հպարտութիւնը... վրդովելու աստիճան շատերը:

Գրեթէ ինքնուս մարդ մըն էր ան. սակայն համալսարանական տիտղոսները ոչինչ պիտի կրնային աւելցնել իր գիտութեան վրայ, եւ ընդհակառակն, գուցէ տիտղոսին համապատասխան «սովորական»ին համեմատութեան պիտի զեղչէին իր գիտութեան հմայքը: Յաճախ նսեմացուցած էր ան տիտղոսաւորները իր միտքին լայն հորիզոնով, անսահման պաշարով եւ վերլուծելու խորաթափանց կարողութիւններով:

Փայլուն մարզիկ մը եղած էր ան երիտասարդութեան, եւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան մարզիկի իր արիութիւնը ընկերացաւ իրեն ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ: Արհամարհողը չէր սալոնային պերճանքները, սակայն գիտէր նաեւ զանգուածին հետ ըլլալ ու զանգուածները շարժե՛լ: Իր ժողովուրդին իսկական զաւակն էր ան:

Իր օրով էր որ լիբանանահայ կեանքը սկսաւ իրագործել իր մշակութային կոթողային ձեռնարկները, որոնց արձագանգները տարածուեցան Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր ծագերն աշխարհի:

Հոգեկան անսպառ ուժերով օժտուած, աշխատելու անսահման ախորժակով գաղափարական առաջնորդն էր ան, որ իր տեսիլքին հզօրութեամբ, անձին կախարդանքով եւ անձնական համոզումներուն խորութեամբ, կը շարժէր իր ամբողջ շրջանակը եւ յաջողութենէ յաջողութիւն կ՛առաջնորդէր զայն:

Բազմակողմանի ու բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մը եղաւ ան. եւ ինչ որ ըրաւՙ իր ըրածը պսակեց շքեղագոյնին փայլով:

Ան իբրեւ ուսուցիչ մտաւ կեանքի ասպարէզ. կը դասաւանդէր ազգային պատմութիւն, Աշխարհի եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր պատմութիւն: Դասագիրքը չէր անոր ուղեցոյցը. որովհետեւ ինքն էր դասագիրքը իր խորունկ գիտելիքներով ու յաւերժօրէն ճշմարիտը որոնող իր միտքով: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը մանաւանդ «իր ափին պէս գիտէր» ու կը հմայէր իր աշակերտները իր ճշգրտութեամբ եւ իր միտքի անսահման հորիզոնով:

Յաջորդական սերունդներ, որոնք իր շունչով դաստիարակուեցան, ոչ միայն սորվեցան մեր ազգային պատմութիւնը, այլեւ ապրեցան զայն: Անոր առաջնորդութեամբ անոնք քալեցին պատմութեան արիւնոտ բաւիղներէն, նիզակահար եղան Վարդաններու կողքին, քար առ քար կերտեցին Գլաձորներն ու Սանահինները, վրէժի ցասմամբ բարձրացան Ղարաբաղի, Զէյթունի ու Շապին Գարահիսարի լեռները, եւ հայոց պատմութիւնըՙ գիտութենէ աւելիՙ իբրեւ պատգա՛մ մնաց եւ արձագանգեց անոնց հոգիներուն մէջ:

Ահարոնեանի նախասիրած պատգամներէն մէկը- զոր յաճախ կը կրկնէր իր հրապարակային դասախօսութեանց ընթացքին- սա խռովիչ ու դիւթիչ կարգախօսն էր.- «Հրեաները երկու հազար տարի իրարու մաղթեցին «Գալ տարիՙ Երուսաղէմի մէջ», իսկ մեր մաղթանքը պէտք է ըլլայՙ «Գալ տարիՙ Վանի մէջ», ու պէտք է կրկնենք այս մաղթանքը, եթէ հարկ էՙ հազար տարի, կամ նոյնիսկՙ երկու հազար տարի, մինչեւ որ ուրարտական աւերուած հին Վան-Տոսպի մէջ վերականգնի հայութեան ամբողջական ու «Մեծ Երազը»:

Այսօր, Գերսամ Ահարոնեանի յիշատակը յաւերժացնելու ազնուագոյն կերպը այդ կարգախօսին համազգային մակարդակով որդեգրումն ու մանաւանդՙ իրականացո՛ւմն է:

Հասարակական խիզախ առաջնորդի իր խմորին շաղուած էր աշխարհի անցուդարձներուն եւ ալեկոծումներուն իրազեկ մեծ խմբագրի խառնուածքը: Իր խմբագրութեամբ, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը դարձաւ սփիւռքահայ մամուլի ամէնէն պատկառելի ձայնը- անկէ է որ կը սփռուէին ազգային վերջին իրադարձութիւնները. «Զարթօնք»ի խմբագրականներով կը վճռուէին զանգուածներուն որոշումներն ու արարքները:

Սակաւաթիւ են այն խմբագիրները, որոնք կարողացան Ահարոնեանին չափ պատկառանք ներշնչել ընթերցող հասարակութեան եւ բարձրանալ պաշտամունքի պատուանդանին:

Միտքի անօրինակ կարգապահութեան տէր մտաւորական մըն էր ան. երբ ոտքի կանգնէրՙ կրնար առանց նոթի ժամերով խօսիլ ազգային պատմութեան մասին թուականներով, վայրերով եւ պատմական սքանչելի կառոյցով:

Հիացողներու պնդումին վրայ էր որ խմբագրականներու շարքի մը վերածեց Հայկական դատի մասին իր հմտալի դասախօսութիւնները, որոնք ետքէն լոյս տեսան «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գրաւիչ վերնագրով հատորին մէջ: Հատորին յաջորդական տպագրութիւնները յափշտակուեցան համայն գաղութահայութեան կողմէ:

Համալսարաններու ամբիոններէն մանրադէտով ծանօթագրութիւն (ֆութնօթ) փնտռող պատմաբանները հաւանաբար յուսախաբ մնացին այդ հատորէն: Սակայն այդ գործը դարձաւ ու մնաց Հայկական դատի առձեռն ուղեցոյցը ժողովուրդին համար: Գրուած պիրկ եւ ուժական ոճով, վերլուծական ընդհանրացումներով ու մանաւանդՙ պատմութեան մռայլ ծալքերէն պոռթկացող ահեղագոռ պատգամներով: Գերսամ Ահարոնեան գիտէր պատմութիւնը խօսեցնե՛լ, ու հոսեցնել զայնՙ դարերու զառիթափն ի վար ու դիւցազնական դրուագներով բռնկեցնել ժողովուրդին երեւակայութիւնը:

Եթէ Եղեռնի Յիսնամեակի ոգեկոչումները անկիւնադարձ մը հանդիսացան արդի ժամանակներու մէջ Հայկական դատի վերարծարծման, անկասկած Գերսամ Ահարոնեանի խմբագրած «Եղեռնի Յուշամատեան»ը վկայակոչեց այդ անկիւնադարձին ամէնէն կոթողային իրագործումներէն մէկը, որ անսպառ նիւթ հայթայթեց ու կը շարունակէ հայթայթել թէ՛ հասարակ ընթերցողին ու թէ՛ մանրախոյզ գիտնականին:

Այս շարքին պսակումը եղաւ իր «Խոհեր Յիսնամեակի աւարտին» եզրափակիչ գործը, որ նոյնպէս ջերմօրէն ընդունուեցաւ ընթերցող հասարակութենէն:

Այդ հատորը կ՛անդրադառնար ժողովուրդի պատմական հզօր պոռթկումին, ան նոյնպէս կը նախագծէր Հայկական դատի անշեղ ուղին, որուն անկասկած պիտի հետեւին գալիք սերունդները, մինչեւ Գերսամ Ահարոնեանին ու մեր Երազին իրականացումը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ ցնցեց հիմերը հայ գաղութին ու գաղութահայութեանՙ ահաւոր կերպով անդրադարձաւ Գերսամ Ահարոնեանի հոգեկան ու ֆիզիքական աշխարհին վրայ: Ինք որ ճարտարապետներէն մէկը եղած էր Լիբանանի ազգային, մշակութային, կրթական ու մտաւորական կեանքի կառոյցինՙ իր աչքերուն առջեւ կը տեսնէր փլուզումը իր ձեռակերտին: Ինք որ արժանապատւութեան վսեմ գաղափարներով եւ հոգեկան անօրինակ արիութեամբ ապրած էր, նոյնիսկ գեհենի ճամբաներուն վրայ, դառնացաւ կեանքէն ու աշխարհէն, երբ տեսաւ թէ ամէնէն արժանաւոր մտաւորականին կեանքը փողոցային լակոտի մը անգիտակից փամփուշտին արժէքին հաւասարեցաւ, ու գաղափարական քաջութիւնըՙ ծաղրանկարի մը վերածուեցաւ լիբանանահայութեան վիճակուած այլանդակ կեանքին մէջ: Ան կծկուեցաւ ինքն իր մէջ, վանդակի կաշկանդումներուն համակերպած արծուի մը պէս, որուն հոգին միշտ մնաց Զէյթունի անառիկ լեռներուն վրայ, ու իր կրկին թռչելու ինքնավստահութիւնըՙ անխորտակելի կերպով մնաց այդ հոգիին մէջ:

Տակաւին ան տալիք ունէր հայ կեանքին, մեր մտաւորական ժառանգութեան, ու մեր երիտասարդութեանՙ մա՛նաւանդ շատ ծրագիրներ ունէր, զորս իրեն հետ տարաւ, անաւարտ ու աշխարհին չյայտնուած:

Իր տխրութեան, հոգեկան ու ֆիզիքական փլուզումին մէջ ան վստահաբար ունեցաւ անսահման մխիթարութիւնըՙ իր մահէն կարճ ժամանակ մը առաջ հայրենիք այցելելու:

Հայրենիքը գաղափարաբանութիւն չէր իրեն համար, այլ հայոց պատմութեան մէկ իրապաշտ պատգամըՙ նետուած մեր ցեղին դժխեմ ճակատագրի երեսին: Վերածնած Հայաստանի ժողովուրդին ու հողին մէջ ան կը տեսնէր անխորտակելի հիմնաքարը մեր ազգային դատին, մեր Մե՛ծ երազին: Ան շուրջ ամիս մը մնաց Հայաստան, իր հոգիին ու սիրտին վէրքերը դարմանելու այնտեղՙ Երեւանի ու Սեւանի ջուրերուն մէջ, զրոյցի նստելու Արարատ նահապետին հետ, եւ յանուն իրեն ու յանուն գալիք բոլոր սերունդներուն, անոր ականջին պատգամելուՙ «Գալ տարիՙ Վանի մէջ»:

Եւ այնուհետեւ, ի՜նչ փոյթ որ ալ կ՛իյնար Մեծ ուղեւորըՙ իր Մեծ երազի ճամփուն վրայ....:

1981, Տիթրոյթ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #48, 23-12-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ