ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Պէյրութ Վերջին մի քանի օրերուն հայատառ մամուլի եւ դիմատետրի էջերը ողողուած են Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրՙ Քեմալ Աթաթիւրքի ստորագրութեամբ գաւաթներու Երեւանի շուկաներուն մէջ վաճառումի լրատուութեամբ: Նորոթիւն մը չէ Երեւանի մէջ եւ Հայատանի ամբողջ տարածքին թրքական ապրանքներու վաճառումը: Սակայն հետաքրքրականը այն է թէ աղմուկ բարձրացնող գաւաթներու վրայ երեւցող ստորագրութիւնը ձեւաւորուած է հայ գեղագիրի մը կողմէ: Իրականութիւն մը որ զանազան թուականներու բազմիցս արծարծուած է իսթանպուլահայ մամուլին մէջ եւ աւելին գեղագիրըՙ Վահրամ Չերչեանը ծանօթ անձնաւորութիւն մը եղած է իսթանպուլահայ կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Ստորագրութեան վաւերականութիւնը ճշմարտութիւն մը ըլլալէ անդին Վահրամ Չերչեանի որդին երբ 1999-ին այցելած է Իսթանպուլ ՙՄարմարա՚ օրաթերթի խմբագրապետՙ Ռոպէր Հատտէճեանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է թէ իր հայրը Աթաթիւրքի խնդրանքով մէկ գիշերուան ընթացքին պատրաստած է անոր անունով հինգ տարբեր ստորագրութիւններ որոնցմէ մէկը ընտրուած է որպէս պաշտօնական ստորագրութիւն եւ գործածուած անոր այցետոմսին վրայ եւ այդ ստորագրութիւնը ցայսօր կՙօգտագործուի Աթաթիւրքի պաշտօնական դիմանկարին եւ թրքական թղթատարութեան կողմէ թողարկուած Աթաթիւրքի լուսանկարներով գրեթէ բոլոր նամականիշերու վրայ: Ստորագրութեան հեղինակըՙ Վահրամ Չերչեան ծնած է Պոլիս 1888-ին Կեսարացի ծնողներէ: Ուսանած է Պոլսոյ Ռոպերթ Գոլէճի եւ Նիւ Եորքի Բագըրտ Առեւտրական բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ: Մօտ 50 տարի պաշտօնավարած է Ռոպերթ Գոլէճի մէջ իբրեւ թուաբանութեան եւ գեղագիտութեան ուսուցիչ: Տարիներով ուսուցչագործած է նաեւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ: Աթաթիւրքի եւ Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչարի գլխաւորած լատինական տառերու որդեգրումի շարժումին օժանդակած է հրատարակելով գեղագրութեան տետրակներ որոնք օգտագործուած են Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին: Մասնակցած է հայ հասարակական կեանքին անդամակցելով թաղային խորհուրդներու հոգաբարձութիւններու եւ զանազան միութիւններու: Մահացած է 1975-ին եւ թաղուած Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ: |