RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#021, 2017-06-02 > #022, 2017-06-09 > #023, 2017-06-16 > #024, 2017-06-23 > #025, 2017-06-30

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 16-06-2017



Տեղադրվել է` 2017-06-15 22:16:02 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 11698, Տպվել է` 1058, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԼԻԲԱՆԱՆՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Որո՞նք պիտի ըլլան օգտուողները

Երկար ամիսներու բանակցութիւններէ ետք Լիբանանի խորհրդարանը այսօր պիտի վաւերացնէ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ընտրական նոր օրինագիծը: Երկրի գործող խորհրդարանը, որուն գործունէութիւնը իր աւարտին կը հասնի 21 յունիսին, երրորդ անգամն ըլլալով պիտի երկարաձգէ իր պաշտօնավարութիւնը, եւ եթէ կառավարութեան կողմէ պատշաճ կարգադրութիւնները կեանքի կոչուին, ապա կը սպասուի, որ լիբանանցիք 7 տարուան դադարէն ետք երկրի նոր խորհրդարանը ընտրեն 2018-ի գարնան:

Մինչեւ այս օրէնքին հրապարակումը մեծամասնական ընտրակարգով տեղի ունեցած ընտրութիւնները յետայսու պիտի կայացուին համամասնական կարգով: Գալիք ընտրութիւններուն գործի պիտի դրուին ռէյտինկային ընթացակարգով երեսփոխաններ ընտրելու եղանակը: Օրինագծին համաձայն, երկիրը պիտի բաժնուի 15 ընտրական մեծ տարածքներու: Ընտրութիւնները նոյնպէս պիտի ուղեկցուին արդիական սարքերով եւ յատուկ ընտրական քարտով, որ պիտի ըլլայ մէկանգամեայ օգտագործան համար: Լիբանանի ընտրութեան հետեւող լրագրողներուն համար առաջին անգամ օգտագործուելիք ընտրական քարտը, քուէաթերթիկներուն ընտրատեղամասերուն մէջ ըլլալը եւ քուէաթերթիկները հաշուելու արդիական միջոցները նպատակ ունին առաջքը առնել մեծ ընտրախախտումներուն:

Օրէնքին մասին առաջին արձագանգներ

Քաղաքական ուժերուն համար երկար ժամանակ խլած ընտրական օրէնքի լոյս աշխարհ գալէն ետք երկրի նախագահը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով դրական կը համարէր ընտրական օրինագծին ընդունումը: Նախագահ Աուն կ՛ըսէր, թէ «Այս ընտրական օրէնքին վաւերացումը մեծ ձեռքբերում կը համարեմ: Ճիշդ է, որ ներկայացուցչութեան առումով ամբողաջական արդարութեան չկրցանք հասնիլ, սակայն եթէ օրէնքը համեմատենք անցնող տարիներու օրէնքներուն, ապա միանշանակ պիտի նկատենք, որ այս օրէնքը աւելի արդար է»: Նախագահ Աուն նկատել կու տար, որ ընտրական այս օրէնքը դրական է բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարիներուն անտեսուած էին: Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը համարէր, որ հրապարակուած այս օրինագիծը «վերջին ժամուն» եղած համաձայնութեան արդիւնքով լոյս տեսած օրէնք մըն է, եւ հակառակ կարգ մը բարդութիւններունՙ օրէնքը կարելի է համարել ընդունելի: Այս բոլորէն անդին յստակ կը դառնայ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն երկրին մէջ ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը պիտի վիճակուի շիիթ պլոքներուն ( նկատի ունիմ «Շիիթ երկեակ» համարուող ՙ «Ամալ» եւ «Հըզպալլա» կուսակցութիւնները), որոնք իրենց «ընտրական գօտիներ»ուն մէջ պիտի շարունակեն մնալ անպարտելի եւ շնորհիւ իրենց ընտրական մեքենաներուն պիտի դառնան առաջատար:

Պէյրութը հայութեան համար փորձաքար

Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի ընտրական նօր օրինագծին համար կարեւոր ճիգ ի գործ դրին նախագահ Աունի «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդը ՙ նախարար Ժըպրան Պասիլ, տասնեակ օրինագծեր ներկայացուց մինչեւ ներկայ օրինագծին ընդունումը:

Վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին ներ-քրիստոնէական ճակատին վրայ եղած զարգացումները ու յատկապէս «Ազգային ազատ հոսանք»-«Լիբանանեան ուժեր» դաշինքի ստեղծումը ստեղծեց նոր իրավիճակ: Այս դաշինքը, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ ունենայ 50-է աւելի երեսփոխաններ, պիտի դառնայ Պէյրութի, Մեթնի, Քեսրուանի, Ժիպէյլի, Զահլէի եւ քրիստոնէական այլ շրջաններուն մէջ անդիմադրելի ուժ մը: Ու եթէ խօսինք լիբանանահայ ընդհանուր իրականութեան մասին, ապա յստակօրէն պիտի ուրուագծուի, որ հայութեան ընտրական հիմնական «բերդ»ը պիտի դառնայ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանը, ուր ընտրութեանց պիտի ներկայանան խորհրդրանի հայկական վեց երեսփոխաններէն չորսը (երեքը հայ առաքելական եւ մէկը հայ կաթողիկէ): Այս առումով ալ, եթէ հայկական ճակատին վրայ համաձայնութիւն մը չգոյանայ , ապա չի բացառուիր, որ Պէյրութի բոլոր չորս աթոռները բաժին իյնան Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Վերջին տարիներուն առկայ «փոխըմբռնման» եւ համաձայնութեան ընդհանուր մթնոլորտը նկատի առնելով շատ հաւանական է, որ Լիբանանի մէջ գործող հայ աւանդական կուսակցութիւնները հասնին համաձայնութեան, այդպիսով դուռը վերջնականապէս փակելով անոնց առջեւ, որոնք կը սպասեն յարմար առիթի մը մտնելու համար «հայկական խաղ»ին մէջ: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ ի տարբերութիւն նախագահ Աունի քաղաքական հոսանքին, «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը տարբեր առիթներով «փափաք» յայտնած է Պէյրութի հայկական շրջաններէն առաջադրուող իր «սեփական» թեկնածուները ունենալու, բան մը որ կրնայ աւելի բացորոշ կերպով երեւելի դառնալ, յատկապէս «քրիստոնէական տիո»ին տիրական եւ «անպարտելի» ուժ մը ըլլալէն ետք: Ամէն պարագայի յստակ է նաեւ, որ յառաջիկայ ամիսները շատ բան կը փոխեն յատկապէս ընտրական դաշինքներուն շուրջ: Եթէ նոյնիսկ քրիստոնէական ճակատը մնայ ամուր եւ անդրդուելի, ապա նոյնպէս չի բացառուիր, որ այդ դաշինքէն դուրս մնացած քրիստոնէական (խօսքը յատկապէս Պէյրութի թիւ մէկ ընտրական շրջանին մասին է) այլ ուժեր եւս ընտրական պայքարի մտնեն եւ փորձեն ամէն գնով «սպասուած» խաղը խանգարել:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 16-06-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ