RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#023, 2017-06-16 > #024, 2017-06-23 > #025, 2017-06-30 > #026, 2017-07-07 > #027, 2017-07-14

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #25, 30-06-2017



Տեղադրվել է` 2017-06-29 23:29:11 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 24215, Տպվել է` 2957, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՆՈՐ ՊԱՏԻԺՆԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Աշխարհի առաջին պատժական օրէնքները դնող Համուրապիէն եւ ԺԱ դարու մեր օրէնսդիր-առակագիր Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»էն ի վեր, աշխարհի պետութիւնները եւ դատարանները պատժական զանազան ու զարմանազան օրէնքներ մշակած են յանցագործութեան դէմ պայքարելու համար:

Յաճախ պատահած է, որ կարգ մը դատաւորներ, աւանդական պատժամիջոցները անտեսեն եւ հետաքրքրական եւ նոյնիսկ զուարճալի պատիժներ հնարեն, որոնք ծառայած են թէ՛ պատժուողին հոգեվիճակը թեթեւցնելու, թէ՛ ալ դատարանի ընդհանուր մթնոլորտը բարեխառնելու: Օրինակՙ ամերիկացի դատաւոր մը, երթեւեկութեան կանոնները խախտելով, իր ինքնաշարժով մայթ բարձրացած տիկնոջ մը որպէս պատիժ պարտադրած է որ ամբողջ շաբաթ մը կանգնի այդ նոյն մայթին վրայ ու ձեռքին ցուցատախտակ մըՙ ուր գրուած էՙ «Միայն ապուշ մը կրնայ մայթ բարձրանալ իր ինքնաշարժով...»: Ուրիշ դատաւոր մը եկեղեցիի մը մէջի Աստուածածնի արձանը տապալող երկու երիտասարդները պատժած է մէկ շաբաթ փողոցներու մէջ իշու մը կողքին քալելու, ցուցանակով մը, ուր գրուած էր «Մեր ըրածը էշութիւն էր»... Ուրիշ տեղ մը դատաւորը վարձուորները խաբելով, անոնց բողոքներուն ականջ չդնող, թերութիւններով լեցուն, անորակ բնակարաններ վարձու տուող մարդուն պարտադրած է, որ 6 ամիս ինք բնակի իր տուներէն մէկուն մէջ: Եւ այսպէս...

Հայաստանի պատժական օրէնքներէն շատ գաղափար չունիմ, ոչ ալ փափաք ունիմ այդ ոլորտին մէջ մտնելու, ինչպէս ամբողջ կեանքիս ընթացքին հեռու մնացած եմ գիտակցաբար յանցանք գործելէ եւ պատիժ կրելէ, սակայն մտքիս մէջ քանի մը նոր պատիժի առաջարկներ կ՛ուզեմ ընել, հետեւելով վերեւը յիշածս դատաւորներուն, որոնք, թէ՛ նորարարական են եւ հետաքրքրական եւ, ըստ իս, նուազ խիստ չեն, քան ցարդ կիրարկուած պատիժները:

Օրինակի համար, յանցագործ մը պատժել, պարտադրելով որ երեկոյեան ժամերուն խցկուի երթուղայինի մեքենաներէն մէկուն մէջ, որպէսզի կոխկռտուի, գրկախառնուի մէջիններուն հետ, ողնահարը աղեղուի, վիզը փրթի, կանանց օծանելիքներէն, տղամարդոց ծխախոտաբոյր շունչերէն եւ քրտինքի հոտէն շնչահեղձ դառնայ...

Կամ, պատժել զինք մէկ ժամ անշարժ կեցնելով շէնքի մը վարը աղբանոցներէն մէկուն կողքին, յատկապէս երբ աղբերը տանելու աշխատանք կը տարուի, քիթը բերանը բաց, առանց ձեռնոցներու աղբահաւաքին կողմէ: Թող շնչէ ու անոնց «բուրմունք»էն գինովցածՙ ուշքը թող երթայ:

Կամ ստիպել որ փոխադրակառքերէն մէկուն մէջ ոտքի կանգնի, մեքենային ցնցումներէն աջ-ձախ զարնուի ու փորձէ դիտողութիւն ընել վարորդին, որ քիչ մը կանոնաւոր վարէ մեքենան, տեսնեմ թէ ինչպէս իր ծնած ըլլալուն համար պիտի չզղջայ, երբ դիտողութիւն չկլլող վարորդը իր արագահարուած հրացանի նման բերանը բանայ ու զինք զգետնէ եւ տեղը դնէ... Ծօ, դուն ո՞վ ես որ աւտոբուսի աստուածին «աչքիդ վրայ, յօնք կայ կ՛ըսես»:

Հերիք ինչքան դասական-աւանդական պատժամիջոցներու կը դիմէք, երբ ամէն ինչի նման պատիժներն ալ կարելի է արդիականացնել: Այս ձեւով երկիրն ալ կը շահի, դատապարտեալն ալ կը դաստիարակուի, առանց ոխ պահելու, քանի իր առօրեայէն տարբեր միջավայրի մէջ չի կրեր իր պատիժը:

Եթէ առաջարկներս որդեգրուին, հոնորարս չմոռնաք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #25, 30-06-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ