ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ՕՐԷՆՔԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Իսրայէլի երբեմնի վարչապետ Եէհուտ Օլմարդը իր բանտային 27 ամսուան պատիժը չամբողջացուցած, առողջական պատճառներով, 16 ամիս ետք ազատ արձակուեցաւ: Պրազիլի նախկին նախագահ Լուլա դա Սիլվան 9.5 տարուան ազատազրկման դատավճիռի ենթարկուեցաւ: Երկուքն ալ ամբաստանուած էին փտածութեամբ (կոռուպցիա): Երբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներու նախագահներ, վարչապետեր ու այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ կը դատուին եւ կը պատժուին իրենց պաշտօնները շահագործելով ապօրէն գործարքներ կատարած ըլլալու ամբաստանութեամբ եւ երկիրը փտածութեան առաջնորդելու յանցանքով, նախ կը սոսկամ ու կը ցաւիմ, որ երէկուան ամենակարող եւ անհպելի կարծուած իշխանաւորը մէկ օրէն-միւսը հսկայ անկում մը կը կրէ, շէքսփիրեան ողբերգութիւններու հերոսներուն նման, սակայն, նաեւ կ՛ուրախանամ, որ մարդ չկայ որ օրէնքէն վեր ըլլայ եւ ամէն մարդ հաւասար է օրէնքին առջեւ, կ՛ուզէ շարքային քաղաքացի ըլլայ, կ՛ուզէՙ նախագահ: Իշխանական աթոռը վտանգաւոր որոգայթ մըն է, ուր խայծը չափազանց գրաւիչ ու հմայիչ է եւ շատեր կ՛իյնան անոր մէջ, վստահելով իրենց հեղինակութեան եւ պաշտօնին զօրութեան, առանց նկատի առնելու, որ իրենցմէ բարձր կայ օրէնքը եւ օրէնքը կիրարկող վերին ատեանը: Ահա՛ այստեղ է որ երեւան կու գայ երկրի մը զարգացման մակարդակը: Ես կը կարծեմ, որ ժողովրդավարութենէ, տնտեսական բարւօք կացութենէ, նոյնիսկ բանակի հզօրութենէն աւելի կարեւոր է կիրարկուող արդարութիւնը, այսինքնՙ օրէնքի իշխանութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ, որուն հետեւանքով երկիր մը զարգացման բարձրագոյն մակարդակը նուաճած կ՛ըլլայ: Սակայն, դժբախտաբար, եթէ 10 պետական մարդ դատուի եւ պատժուի, անդին 100 նմաններ կը մնան անհպելի, երբ իրենք են երկրին ալֆան եւ օմէկան: Անոնք կրնան ոտնակոխել օրէնքները, կամ դրուած օրէնքներէն խուսանաւելու ճամբաներ կը մշակեն, որպէսզի երբ խախտումներ կատարեն եւ բռնուին, կարենան խուսափիլ պատժամիջոցներէն: Այս դարուս բոլոր տեսակի բարձրամակարդակ պաշտօնեաները դժուար թէ անկախ ըլլան, անոնք տարատեսակ կապերով ակամայ միջազգային մեծ «խաղերու» մասնակից պէտք է ըլլան, եթէ չեն փափաքիր որ իրենց աթոռը կորսնցնեն: «Կա՛մ խաղի մէջ, կա՛մ խաղէն դուրս»... այս է պայմանը: «Խաղէն դուրս» կը նշանակէ պաշտօնը կորսնցնել, իսկ ընդդիմութեան պարագայինՙ ենթարկուիլ ամենաստորնացուցիչ ու վտանգաւոր «ճակատագրի»: Աշխարհի եւ պետութեանց ճակատագրով «զբաղող» քուլիսային ուժեր կան, որոնց դէմ պայքարիլը անիմաստ է ու շատ վտանգաւոր, որովհետեւ Սեւակի բնորոշմամբՙ «Բաց ճակատով զուր չխփուել հաստ պատերին, ինչի՞ համար, էլի պատը կը մնայ պատ, կը պակասի մի լաւ ճակատ»... Օրինակներ շատ են, հետեւեցէք աշխարհի անցուդարձերուն եւ կը տեսնէք: Այնպէս որ, այս դարուն յատկապէս, ղեկավար պաշտօնները ականապատուած աթոռներ են, սակայն ասով հանդերձ, մարդկային անկշտութեան եւ իշխանատենչութեան վարակով բռնուած մարդիկ կամովին կ՛իյնան այդ սարդոստայնին մէջ: Շատեր նուազագոյն վնասով կը փրկուին, ուրիշներ իրենց կեանքով կը վճարեն: Ձրի փառաւորում չկայ: Իսկ օրէնքէն ճառելն ու անոր չենթարկուիլը երկիրը քաոսի կը վերածէ: |