RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#036, 2017-09-29 > #037, 2017-10-06 > #038, 2017-10-13 > #039, 2017-10-20 > #040, 2017-10-27

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2017-10-12 23:21:12 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 12159, Տպվել է` 1709, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՐԲ ԲՆԱԶԴԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մեր Ազգային Ժողովին մէջ պատահածը առիթ ստեղծեց որ վաղուց գրել ուզածս թուղթին յանձնեմ:

Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր խորհրդարան գոյութիւն ունի, ինչ անունով ալ կոչուի անՙ Փարլըման, Քոնկրէս, Ազգային ժողով, թէ այլ, որպէս իշխանութիւն, որ տուեալ երկրին ժողովուրդը կը ներկայացնէ, կազմուած ըլլալու է հատընտիր մարդոցմով, որոնք իրենց մասնագիտական բացառիկ յատկանիշներով, վաստակով եւ նկարագրով յարգուած ու շահած ըլլալու են ժողովուրդին վստահութիւնը, որ իրենց տուած է իր ձայնը եւ իրենք ձեւով մը դարձած են խօսափողը զիրենք ընտրողներուն:

Ընտրեալ երեսփոխանը, կամ պատգամաւորը թարգմանիչը ըլլալու է ժողովուրդի փափաքներուն, երազանքներուն, առաջարկներուն, բողոքներուն եւ պետութենէն ակնկալիքներուն, այնպէս որ ոեւէ անձի չի վստահուիր այսպիսի լուրջ առաքելութիւն, ճիշդ ատոր համար ալ ընտրեալը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ, զինք ընտրողները յուսախաբ չընելու:

Սակայն որքանո՞վ իրականութիւն կը դառնայ այս տեսութիւնը, այդ ալ ուրիշ հարց է. ոչ միայն ուրիշ հարց, այլեւ իսկական աղէտ, երբ երեսփոխանը չի յաջողիր ինքզինք ակնկալուած բարձունքին վրայ պահել եւ թոյլ կու տայ այնպիսի արարքներ, որոնք յարմար են միայն փողոցային պատանիներու...

Հեռատեսիլով յաճախ կը ցուցադրուին զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ երեսփոխաններու գզուըռտուքը, ձեռքով-ոտքով կռիւները, իրարու երեսին ջուր սրսկելը, իրարու վրայ աթոռ նետելը, որուն հետեւանքով շապիկ ու բաճկոն կը պատառոտի ու քիթ-բերան կ՛արիւնի, եւ այս բոլորըՙ խորհրդարանի նախագահին մուրճի հարուածներով կարգապահութեան հրաւիրող ի զուր արձակուած կոչերուն զուգահեռ:

Կը դիտեմ այս տեսարաններն ու կը զարմանամ, ինչպէ՞ս փողոցային աստիճանի կ՛իջնէ ժողովուրդին ներկայացուցիչը:

Երեւի մարդ որքան ալ մեծնայ եւ զարգանայ ու վկայականներու տիրանայ, իր մէջի կենդանական բնազդը կը քօղածածկուի, բայց չ՛անհետանար ու որոշ առիթներով դուրս կը ցցէ իր գլուխը, երբ իր կիրքերու սանձը ձեռքէ կ՛ելլէ եւ մարդը զայն կառավարելու ի վիճակի չ՛ըլլար: Դէպքէն ետք, երբ վերադառնայ իր նախկին վիճակին, կրնայ զղջալ ըրածին համար, սակայն արդէն ուշ կ՛ըլլայ:

Այդ կենդանական բնազդը երբեմն կրնայ գազանայինի հասնիլ, ինչպէս պատահեցաւ ու դեռ կը շարունակէ պատահիլ ԻՊ-ականներու պարագային, ուր, ինչ-ինչ ազդեցութիւններու տակ, մարդը լրիւ ձեւափոխուած էր ու դարձած անասուն:

Աշխարհը երթալով ազատ խօսքի ջատագովը կը դառնայ, առանց նկատելու որ չարաշահուած ազատ խօսքը սանձարձակութեան կը տանի ու անոր ալ հետեւանքը կրնայ շատ ողբերգական ըլլալ: Երեւի խօսքի ազատութեան զուգահեռ, որոշ մարդիկ շարժումի ալ ազատութեան կողմնակից են, մանաւանդ ձեռքերու ու ոտքերու:

Ամէն պարագայի, մեր մօտ պատահածը, բաղդատած ուրիշ տեղեր պատահածներուն, շատ չնչին է, ատով հանդերձ, մէյ մըն ալ կրկնուելու չէ: Ամօթ ըսուած բանը կայ, չէ՞: Քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը յարիր չէ այս վարուելակերպը:

Ես կը կարծեմ, որ ընտրողը եթէ կողմնակի ազդեցութիւններէ անկախ, գիտնայ ճիշդ մարդուն տալ իր ձայնը, այսպիսի տխուր միջադէպեր չեն պատահիր:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ