ՊԱՂԵՍՏԻՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Որքան կը յիշեմ, նախակրթարանի օրերէն, սա Պաղեստինի հարցը մեր ականջներուն մէջ թխմած են, անկէ կախած են որպէս օղ, մեր դիմաց դրած են որպէս կուռք, ոչ անպայման պաշտելու, այլ ընդհանրապէս տեսադաշտէն չհեռացնելու, ամէն օր անոր մասին մտածելու, անոր եղած անարդարութիւնը դատապարտելու: Մեր այդ փոքր տարիքին, անոր էութիւնը լաւ չհասկնալով հանդերձ, ամէն առիթի կրկնուելով-կրկնուելով, մեծցանք ու մեզի հետ ալ մեծցաւ Պաղեստինի հարցը, որ համաշխարհային բեմին վրայ արդէն անլուծելի, անքակտելի «Գորթեան հանգոյց»ի մը վերածուած էր եւ որ արաբական պետութեանց եւ ժողովուրդին համար «լինել-չլինելու» արժանապատուութեան հարցը դարձած էր: Ամէն օր այնքան կը հոլովուէր Պաղեստինը, որ մեր կենսաձեւին մէկ մասնիկը դարձած էր յանապազoրեայ հաց էր կարծես, մեր հաւատամքի «Երրորդութեան» մաս կազմած էր Հայրՙ (Սուրիա), Որդիՙ (Պաղեստին), Սուրբ հոգիՙ (Հայաստան)... Պաղեստինի գաղթականներուն համար դրամահաւաք, անոնց ի նպաստ պարտադիր տոմս սինեմայի, ֆութպոլի մրցումի... Տոմսերը երբեմն դպրոցներու աշակերտներուն կը վաճառէին, երբեմն ալ պետական գրասենեակներու թղթաբանութեանց ժամանակ գնել կը պարտադրէին, ապա թէ ոչ գործդ չէր քալեր: Պաղեստինի մասին գիրքեր կը տպուէին ու դռնէ դուռ կը ծախէին, կամ Պաղեստինի ազատագրական պայքարի պարբերաթերթեր շուկայ կ՛իջնէին ու վաճառատուներուն, խանութներուն, գրասենեակներուն տէրերը բաժանորդ կ՛արձանագրէին, տարեվճարը կանխիկ գանձելով: Փափուկ կացութիւն էր. մերժելը քաջութիւն կ՛ուզէր, մասնաւորաբար հայերս կը խուսափէինք դիմորդներուն «ոչ» ըսելէ եւ անոնց հակառակելէ, մինչդեռ տեղացիները շատ աւելի դիւրութեամբ կը մերժէին, ձեռնարկողներն ալ այդ գիտնալովՙ հայկական շրջաններ կը խուժէին: Անշուշտ դրամահաւաքի ձեռնարկներուն մեծ մասը պետական չէր եւ անհատներ առիթը օգտագործելով ապօրինի շահու աղբիւրի վերածած էին Պաղեստինեան հարցը: Պաղեստինեան հարցը ոչ միայն գործարքի վերածուած էր, այլեւ միջազգային դիւանագիտութեան ու միջպետական հարցերու մէջ մխրճուած էր, ծախու կամ վարձու գործիք մը, որ հոս ու հոն քաղաքական հակամարտութիւններ յարուցանելու կը ծառայեցնէին: 1948-էն ի վեր, ահա՛ շուտով իր եօթանասունամեակը կը թեւակոխէ Պաղեստինի հարցը ու անոր լուծումը դեռ չ՛երեւիր հորիզոնին վրայ: Իսրայէլ տասնեակ ու տասնեակ անգամներ մերժած է ենթարկուիլ ՄԱԿ-ի որոշումներուն ու ոչ մէկ պատիժի արժանացած, ընդհակառակը, ամէն օր քիչ մը աւելի հողատարածք իւրացնելու ետեւէ է: Իսկ պաղեստինցի խեղճ, բայց քաջարի ժողովուրդը յարատեւ նահատակներ տալով, դեռ կը պայքարի, հրազէնի դէմ քարով ու պարսատիկով, հակառակ որ անոնց ղեկավարները շատոնց շեղած են բուն նպատակէն ու ժողովուրդը կ՛օրօրեն սին յոյսերով: Ծոցի երկիրներու ղեկավարներն ու իրենց խօսափող կրօնականները, ժամանակի ընթացքին սկսան բացէ ի բաց իրենց գոյները դուրս տալ, երբ յայտնի դարձաւ, որ բոլոր այդ մունետիկները արդէն յարաբերութիւններ ունին Իսրայէլի հետ, ձեւականօրէն եւ հրապարակաւ զայն դատապարտելով հանդերձ: Անարդարութիւնը յաղթանակեց, ինչպէսՙ յաճախ: Ու այս բոլորին վրայ ԱՄՆ-ի նախագահին վերջին «քաջագործութիւնը»ՙ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը, ուրիշ բան չէր, քան տասնամեակներու անարդարութեանց հանրագումարը, որուն պատճառով աշխարհի շատ մը մայրաքաղաքներու մէջ արիւնալի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան: Ափսոս է թափուաղ արիւնը, ափսոս են անցնող եօթանասուն տարիներու պայքարն ու նահատակները, քանի որ իրականութենէն բան չի փոխուիր, 300 միլիոննոց արաբական աշխարհն ու միլիառէ աւելի իսլամական աշխարհը ափ մը Իսրայէլի դէմ դնելու անկարող են, այնքան ատեն որ անոնց ղեկավարները իրենց նահատակներու գերեզմաններուն վրայ իրարու կենաց կը պարպեն ուիսքիի բաժակներով: |