ԼԱ՞Ւ ԸՐԻՆ, ՈՐ ԳԱՑԻՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երբ «Ազգ»ի գրադարան-լսարանին մէջ Մեծ Հայրենադարձութեան 70-ամեակին նուիրուած կլոր սեղանին որպէս մասնակից մտիկ կ՛ընէի ելոյթ ունեցող պատմաբաններուն զեկոյցերը, ակամայ, միտքով վերադարձայ 1946 թուականը, երբ երեք տարեկան երեխայ էի ու Հալէպի շոգեկառքի կայարանին մէջ, շոգեշարժավար հօրս կողքին կանգնած, հետաքրքրութեամբ կը նայէի դալար ճիւղերով զարդարուած շոգեկառքին, առանց իմանալու, որ ներգաղթի շոգեկառքն էր այդ, որ շատերու հետ կը տանէր նաեւ արաբներու մէջէն գտնուած իմ հորաքրոջ ընտանիքը, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի գիւղերէն մէկէն եկած ու Հայաստան կ՛երթար: Գացին ուրախ ու խանդավառ, ցմրուր ըմպեցին հիասթափութեան լեղին, սակայն դիմացան, աճեցան, բազմացան, ճիւղաւորուեցան: Յետագային լսեցի, որ մենք ալ երթալ ծրագրած ենք եղեր, նոյնիսկ մեր նորակառոյց տունը, առանց մէջը բնակելու, հայրս ծախած է շատ չնչին գումարով, սակայն մեր «անունը չէ ելած» ու մնացած ենք Հալէպ: Այո, շատեր գացին, ներգաղթեցին, լաւ ըրին, սակայն չհայրենադարձուեցան... իրենց բուն հայրենիքը չդարձան, քանի կիլիկեցի էին ու իրենց հայրենիքը Կիլիկիան էր, ծնողքինսՙ Զէյթունը: Բայց եւ այնպէս, նոր հայրենիք մըն էր եւ օտար երկրի մը մէջ մնալու փոխարէն,-քանի Կիլիկիա ա՛լ վերադառնալու յոյսերը չքացան,- լաւագոյնն էր այս նոր Հայաստանին մէջ տեղաւորուիլ, որուն մասին ինչ սուտեր ըսես չէին փչեր Ներգաղթի կոմիտէի անդամներն ու Հայաստանէն եկած պատուիրակները: Ստեցին, լաւ ըրին ու տարին, թէ չէՙ եթէ պատերազմէն նոր ելած, 300.000 երիտասարդ կորսնցուցած թշուառ Հայաստանի իրականութիւնը բացայայտէին, երթալ փափաքողներուն քանի՞ տոկոսը կ՛երթար: Հայաստանը պէտք ունէր նոր աշխատուժի, լաւ ըրին գացին ու իրենց բազուկները միացուցին տեղացիներու բազուկներուն ու վերականգնեցին երկիրը: Հոգ չէ թէ տեղացիները զիրենք «աղբար» կոչեցին, վնաս չունի, Պարոնեանի պոլսահայ Պաղտասար Աղբարն ալ «աղբար» է, չէ՞: Վնաս չունի, սովորական երեւոյթ է, ամէն տեղ չէ որ եկուորը գրկաբաց կ՛ընդունուի, այն ալ Հայաստանի նման, հացի կարօտ, սեւազգեստաւոր, սգաւոր կիներու երկրի մը մէջ: Տոկացին, ապրեցան, աշխատեցան, ուսանեցան, լաւ մասնագիտութիւններ ձեռք ձգեցին, բարւօք կեանք ունեցան, մինչ ուրիշներ, այդ բոլորով հանդերձ, միշտ դժգոհ մնացին ու դժուար շահուածն ու նուաճումները լքեցին եւ ովկիանոսէն անդին գացին, երբ իրենց երազած անկախութիւնը դռները լայն բացաւ: Անկախութիւնը ներս մտաւ, իրենք դուրս ելան: Այսօր կը խօսուի նոր հայրենադարձութեան մը կարելիութեան մասին. կը զարմանան, որ տասնամեակներով Հայրենիք հոլովող Սփիւռքը, Հայաստանը «վերջին կայք» քարոզած Սփիւռքը Հայաստան չի հաւաքուիր: Նոյնիսկ եօթնամեայ պատերազմով տարտղնուած սուրիահայութիւնը ամբողջութեամբ Հայաստան չի փոխադրուիր, իսկ եկողներէն շատեր կը ձգեն ու կ՛երթան, իսկ սփիւռքահայ ղեկավարները, ընդհակառակը, ամէն ճիգ կը թափեն գաղութները պահելու համար: Յիսուն տարի առաջ շատ աւելի պիտի ըլլային հայրենադառնալ փափաքողները, այսօր այդպէս չէ. ամէն տարի որ կ՛անցնի, քիչ մը աւելի կ՛ամրանան սփիւռքահայերու կապերը իրենց ապրած երկրին ու անոր պայմաններուն հետ: Զարմանալու բան չկայ, այսօրուան հայը նախկինը չէ, աշխարհը փոխուած է, նախկին զգացումներով տարուողն ու շարժողը հիմա խելքով ու տրամաբանութեան կը գործէ: Մէկ ձեռքով ծափ չի տրուիր, այնպէս որ, ոչ Սփիւռքը առանձին, ոչ ալ Հայաստանը առանձին որոշումներ գոյացնելով հայրենադարձութիւն կրնան յաջողցնել, շօշափելի գրաւիչ ազդակներ ու լծակներ պէտք են, որոնք առայժմ կը բացակային: Քանի մը հանգստեան կոչուած, Հայաստանով խանդավառ հայերու Հայաստան փոխադրուիլը բան մըն է, սակայն յուսադրիչ երեւոյթի չի վերածուիր. մէկը կու գայ, սակայն հազարեւմէկը հոն կը մնայ: «Արեւմտեան» Սփիւռքը խախուտ է, սակայն երբ տեղացիին մէջ լուծուի, ալ Սփիւռք չի մնար, այլՙ «Հայկական ծագումով ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ», եւ վերջ: Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն ներկայ վիճակը տեսնելով, ո՞վ արտերկրի մէջ իր շահածն ու պահածը կը թափէ ու կու գայ: Այնպիսի գրաւիչ ազդակներ պէտք է ունենայ հայրենիքը, որուն հասնելու համար մարդիկ հերթի պիտի կանգնին, իսկ սոսկ «հայրենասիրութիւնը» այս պարագային գրաւիչ ազդակներու ցանկին մաս չի կազմեր: |