ՆԵՐՔԻՆ ՍՓԻՒՌՔ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մամուլէն կ՛իմանամ, որ ՀՀ նախագահը երկու թեմայի շուրջ կեդրոնացած առաջադրանք կատարած է, մինՙ տնտեսական (ապրանքներու գիներու թանկացումը), իսկ միւսը ընկերային (սոցիալականՙ արտագաղթը): Տնտեսականը ձգենք իր ոլորտի մասնագէտներուն եւ խօսինք արտագաղթի մասին, որ այսքան ուշ կ՛արծարծուի բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Երբ անցեալ տարի նախագահը նախատեսեց, որ 2040-ին Հայաստանի բնակչութիւնը չորս միլիոն պիտի ըլլայ, ես անձնապէս շատ չոգեւորուեցայ, քանի որ ներկայ ընթացքով երկրի բնակչութեան աճ չեմ տեսներ, ընդհակառակըՙ ամէն օր բնակչութեան նուազում կայ շարունակուող արտագաղթի պատճառով: Ի՞նչ հիման վրայ է նախագահին լաւատեսական կանխատեսումը, չեմ գիտեր: Ես թիւերու հաւատացող եմ եւ թիւերը կ՛ըսեն, թէ, բացի ամէն տարի հազարաւոր գաղթողներէն, վերջին 5 տարիներու ընթացքին ՀՀ քաղաքացիութենէ հրաժարած է 15.000 հոգի... միայն 2017-ինՙ 3823 հոգի... Ասոնք ոչ թէ սովորական թիւեր են, այլ մէկական ականներ մեր երկիրը քանդող: Մարդիկ կը գաղթեն տարիներէ ի վեր, մարդիկ քաղաքացիութենէ կը հրաժարին եւ մենք ձեռնածալ նստածՙ կը նախատեսենք որ արտահոսքը պիտի դադրի, Ռուսաստան գացողները պիտի վերադառնան եւ բազմածնութիւն պիտի ըլլայ եւ հայ ժողովուրդը ի Հայաստան աշխարհի պիտի աճի ու բազմանայ... Այս նախատեսութիւնները եթէ հաստատ հիմքեր չունին, ապա ցանկատեսութեան սահմանէն անդին չեն անցնիր: Հայաստանը որպէս Սփիւռք նկատի ունի Մեծ Եղեռնէն ետք կազմուած հայագաղութները աշխարհի տարածքին, դուրս ձգելով անոնց ամենամեծըՙ ռուսական սփիւռքը, որուն «ներքին սփիւռք» անունը կու տան: Չեմ հասկնար «ներքինը» ո՞րն է, ներքին կ՛ըսուի երկրիդ սահմաններէն ներս գտնուողին մասին. եթէ նախապէս որպէս Սովետական Միութիւն երկիրը մէկ էր բոլորին համար, հասկնալի է «ներքինին» իմաստը, սակայն այսօր այլեւս «ներքին» չէ եւ բոլոր միւս գաղութներուն նման սփիւռք է, ուրեմն, որպէս այդպիսին, ինչո՞ւ Հայաստանը միւս գաղութներուն նման չի վարուիր անոր հետ: Հայաստանը իր Սփիւռքի նախարարութեամբ մտահոգ է աւանդական Սփիւռքի մէջ հայկական դիմագիծն ու ոգին, նաեւ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու հարցով, եւ ատոր համար ալ յատուկ աշխատանքներ կը տարուին գաղութներուն զօրավիգ կանգնելու համար, Սփիւռքի նախարարը յաճախ այցելութիւններ կու տայ գաղութներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն, ժողովներ կը գումարուին, հարցեր կը քննարկուին, շքանշաններ կը բաշխուին... Սակայն, չեմ լսած որ այսօրինակ վերաբերմունք ցուցադրուած է «ներքին սփիւռքի» պարագային: Եւ ինծի համար լուրջ հարց դարձած էՙ ինչո՞ւ նախկին Սովետական հանրապետութիւններու մէջ վաղուց, կամ նոր հաստատուած հայութիւնը լուսանցքուած է, ինչո՞ւ Հայաստանը չի հոգար անոնց հայկականութիւնը անխաթար պահելու համար: Երեք միլիոնի հասնող «ներքին սփիւռքի» հայութիւնը քանի՞ հայկական դպրոց, եկեղեցի կամ միութիւն ունի: Հսկայ Ռուսաստանի 145 միլիոն բնակչութեան մէջ, առանց եկեղեցիներու, կամ դպրոցներու ցանցի, ինչպէ՞ս հնարաւոր է կանխել անոնց ձուլումը: Ես լսած եմ, որ անոնց մեծ մասը արդէն վաղուց ձուլուած ու ռուսացած է, գոնէ Հայաստանի անկախացումէն ետք գացողներուն պարագային որեւէ միջոցառում ձեռնարկա՞ծ է Հայաստանը: Եթէ պատասխանը դրական ըլլար, մենք ալ լսած կ՛ըլլայինք, սակայն երեւի այդպիսի բան չկայ, կամ ալ այնքան չնչին է, որ չի յիշուիր: Անտարբեր գտնուած ենք անոնց հանդէպ ու մեր կեդրոնացումը եղած է աշխարհատարած Սփիւռքը ի Մերձաւոր Արեւելք, յԵւրոպա, յԱմերիկաներ... ուր շատոնց արդէն կը գործեն հայկական հաստատութիւնները եւ ուր հայապահպանումի հարցը առաջնային եղած է միշտ: Հայու բեկորները հայրենիքէն դուրս, ուր ալ ըլլան, անհրաժեշտ է անոնց հանդէպ միեւնոյն հոգատարութիւնը ցուցաբերել: Չեմ հասկնար, սա «ներքին սփիւռքը» ինչո՞ւ խորթ զաւակի տեղ դրած են: |