«ՇԱՆԺԷ ԼԱ ՏԱՄ» ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ֆրանսացիներէն ժառանգուած խաղ մը կար, որ Սուրիոյ մէջ ալ կը խաղցուէր ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին. զոյգեր պարի կը հրաւիրուին ու երաժշտութեան համեմատ կշռութաւոր կը շարժին ու կը պարեն եւ, յանկարծ, մէկը, որ օրուան խաղավարն է եւ կնոջ մը փոխարէն երկար կոթով աւել մը բռնած կ՛ըլլայ, կը ձայնէ. «Շանժէ լա տամ», այսինքնՙ խաղընկերուհիդ փոխէ: Իրարանցում մը ծայր կու տայ, ամէն ոք կը վազէ նոր ընկերուհի մը գտնելու, ինք ալ աւելը կը ձգելով կը վազէ կին մը գտնելու, մինչ դանդաղաշարժին մէկը անկնիկ մնալով, ստիպուած, աւելը ձեռք կ՛առնէ ու անոր հետ կը պարէ, մինչեւ որ ինք ալ իր կարգին պոռայ «Շանժէ լա տամ» ու աւելը ձգելով փորձէ կին մը ձեռք անցընել: Ճարպիկներ պարած ատեննին աչքերնին չորս կողմՙ յաջորդ պարընկերուհին կ՛որոշեն, երբեմն նոյնիսկ իրարու աչք ընելով ու կը վազեն զիրար գրկելու: Հաճելի եւ ուրախ խաղ է, ուր մթնոլորտը կը լեցուի ուրախ բացագանչութիւններով ու ծիծաղով: Հիմա այս խաղը սկսած են խաղալ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից, կոչեալ թէ անկոչ հիւրերը: Եօթը տարիէ ի վեր խաղը կը շարունակուի եւ ատենը անգամ մը «Շանժէ լա տամ» կ՛ընեն եւ ընկեր-ընկերուհի կը փոխեն... Անցուդարձը դիտողը գլխապտոյտ կ՛ունենայ, անդադար նոր զոյգեր տեսնելով: Մասնաւորաբար, այնպիսի զոյգեր, որոնք իրար չէին տանիր, եւ յանկարծ իրար փաթթուած կը տեսնէ զիրենք, կամ հակառակըՙ երէկուայ իրար սիրով փաթթուածներ, գժտուած, իրարու կռնակ դարձուցած կը տեսնէ: Այո՛, «Շանժէ լա տամ»... Աշխարհի ամենահմուտ քաղաքական մեկնաբանն իսկ անկարող է վերաքաղը ընել եւ եօթ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ արիւնոտ թատերաբեմին վրայ երեւան եկած դաշնակիցներու ու հակառակորդներու ցուցակը կազմել: Բուն խաղին մէջ գիտեն, թէ ո՛վ է հրահանգողը, «Շանժէ լա տամ» ըսողը, սակայն այս խաղին մէջ իւրաքանչիւր զոյգ ի՛նք ընկեր, կամ ընկերուհի կը փոխէ, ըստ տուեալ ժամու պահանջքին, եւ իր ցանկացած պահուն: Եթէ բուն խաղին մէջ տղաք ու աղջիկներ են, այսինքն զոյգին մէկը տղամարդ է, իսկ միւսըՙ կին, ապա այս խաղին մէջ բոլորը «տղամարդ» են: Եթէ բուն խաղին մէջ տղամարդոց համրանքը մէկ անձով աւելի է կիներէն եւ աւելն է իր ընկերուհին, ապա այս խաղին մէջ ամէն ինչ խառն է, թէ՛ մասնակիցներուն թիւը, թէ՛ խաղի կանոնները եւ թէ՛ ալ աւելին ճակատագիրը: Այս խաղին մէջ աւելը ոչ թէ անընկերուհի մնացողին «նասիպն» է, այլ «պարասրահին», որ փոխանակ իր կարգին «Շանժէ լա տամ» պոռալու, յարմար պահուն կը սպասէ «Այստեղէն դուրս կորսուեցէք» պոռալու եւ աւելով պարասրահը մաքրելու կեղտերէն: Իսկապէս անտանելի դարձաւ այս պատմութիւնը: Բոլոր բարոյախօսական եզրերը, որ մարդ կը սորվի իր կեանքի ընթացքին, դպրոցին մէջ ու դպրոցէն դուրս, անզօր ու անպէտ դարձան. Ոչ արդարութիւն մնաց, ոչ բարոյական, ոչ մարդկայնութիւն: Յանուն խաղաղութեան պատերազմի կը ձեռնարկեն, յանուն արժանապատիւ ապրելու, միլիոնաւորներու տնանկութեան, գաղթի, հիւանդութեան ու անօթութեան պատճառ կը դառնան: Նոր սերունդ մը աչքերը կը բանայ կեանքին ու միայն ցաւատանջ աղաղակներ կը լսէ օրօրի փոխարէն, արիւն կը տեսնէ մօր կաթին փոխարէն, զէնք ու հրթիռ կը տեսնէ խաղալիքի փոխարէն... ու մենք դեռ ակնապիշ կը սպասենք բարի մարդոց օգնութեան, մեր աչքերը յառած երկինքՙ կը սպասենք խաղաղութեան սպիտակ աղաւնիին, որ պիտի գայ ձիթենիի ճիւղը կտուցին: Ու տեսանք թէ ձիթենիի ճիւղը բռնած մարդիկ ինչպէս կը սպաննեն, կ՛աւերեն գիւղեր ու կը տրորեն փարթամ այգիներ, եւ այս բոլորըՙ խաղաղութեան ջատագով աշխարհի աչքին աչջեւ: Ողբամ զքեզ, ով աշխարհ: |