RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#017, 2018-05-04 > #018, 2018-05-11 > #019, 2018-05-18 > #020, 2018-05-25 > #021, 2018-06-01

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 18-05-2018



Տեղադրվել է` 2018-05-18 00:58:18 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 6116, Տպվել է` 808, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մայիսի 2-ին աշխարհը նշեց «Մամուլի ազատութեան» օրը: Մամուլը, որ «Չորրորդ իշխանութիւն» կոչուած է ոչ պաշտօնական, սակայն իրաւացիօրէն, որպէս երկրի եւ մարդոց կեանքին վրայ ազդող կարեւորագոյն ազդակ, եւ նախագահութենէն, խորհրդարանէն եւ կառավարութենէն ետք ունի իր տօնը:

Խօսքի ազատութիւնը, որ կը մատուցուի նաեւ մամուլի միջոցաւ, սիրելի է մարդոց, սակայնՙ ոչ անպայման որոշ պետութեանց, ուր խօսքի ազատութիւնը կաշկանդուած է եւ մամուլն ալ գրաքննութեան ենթակայ:

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ խօսքի կամ մամուլի ազատութիւն, փորձենք պարզաբանել, պարզ ընթերցող եւ ունկնդիր մարդու տեսանկիւնէն դիտելով, ոչ մասնագիտական մօտեցումով:

Եթէ իսկապէս խօսքի եւ մամուլի անկաշկանդ ազատութիւն գոյութիւն ունի, կը նշանակէ՞ որ ոեւէ մարդ ուզածը կրնայ խօսիլ ու գրել, նոյնիսկ ամենագռեհիկ, ամենավիրաւորական, ամենաանբարոյական խօսքերով, թէ՞ գրաքննութեան բացակայութեան պարագային այդ ինքնազսպման մեքանիզմը վստահուած է գրողին խղճին, կամ ուղեղին: Իսկ եթէ գրողը անպիտանին մէկն է, արկածախնդիր ու հոգեկան ու մտային անհաւասարակշիռ մը, ապա անոր հսկիչ ո՞վ պէտք է ըլլայ զսպող ազդակներու բացակայութեան. ժողովո՞ւրդը:

Երկիրները, իրենց ժողովուրդներով եւ վարչակարգերով շատ տարբեր են իրարմէ, ուրե՞մն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազատ խօսքի իր ձեւաչա՞փը ունենալու է:

Արդեօք պէտք չէ՞ «գիտակից, կամ հաւասարակշիռ» պայմանները աւելցնել «ազատութիւն» բառին քով: Որքա՞ն օգտակար է հրապարակի վրայ մամուլ ունենալ, որ ոչ մէկ օգուտ տալու կողքին, միայն կրնայ վնասել մարդոց ու երկրին, մէկուն անբարոյականութեան մղելով եւ միւսին ալ վատաբանելով:

Բաց աստի, իսկապէս կա՞յ ազատ մամուլ, երբ մեծամասնութիւնը անոնց յարած կ՛ըլլայ, կամ ենթակայ կուսակցութեան մը, խմբակցութեան մը, նոյնիսկ օտար պետութեան մը եւ ֆինանսաւորուած անոնց կողմէ: Հազուագիւտ բացառութիւններ կան, յարգանքի արժանի:

Թէեւ սխալմամբ Վոլթէրին կը վերագրուի, սակայն անգլիացի գրող Էվըլին Պիաթրիս Հօլն է որ ըսած է. «Ես համաձայն չեմ քու ըսելիքիդ, սակայն ցմահ պիտի պայքարիմ զայն լսելի դարձնելու համար»: Այս հաստատումը թեւաւոր խօսքի, նոյնիսկ լոզունգի վեերածուած է խօսքի ազատութեան ջատագովներուն համար: Ըստ այս հաստատումին, իւրաքանչիւր անհատի կարծիք նուիրական է եւ պէտք է հասնի առ որ անկ է: Սակայն, կը կրկնեմ, այսպիսի ազատութիւններ կարելի չէ ընդհանրացնել եւ տարածել աշխարհով մէկ, այնքան ատեն որ կան այնպիսի ուղեղներ, որոնց արտածորումը կրնայ թունաւորել միջավայրը եւ պատուհաս դառնալ թէ՛ մարդոց եւ թէ՛ պետութեանց գլխուն:

Ի՞նչ է օգուտը, զոր օրինակ, երկրի մը նախագահը ծաղր ու ծանակի ենթարկելուն եւ գրութիւններով ու ծաղրանկարներով զինք վարկաբեկելուն, երբ, անդին, այլ երկիրներու նախագահներ ու պաշտօնական անձիք դիւանագիտօրէն յատուկ յարգանքով ու մեծարանքով կը վարուին նոյն այդ պաշտօնեային:

Առողջ քննադատութեան բնաւ դէմ չեմ, սակայն ծաղրելը տկարութեան նշան կը համարեմ: Իմ կարծիքով, երկրի մը ղեկավարը նախ եւ առաջ խորհրդանիշ է, ոչ սովորական անհատ, երկրի հիմնին, դրօշակին եւ զինանշանին նման, որոնք անխոցելի ըլլալու են, յատկապէս յաչս օտարին: Իսկ եթէ իսկապէս վնասակար ու անհանդուրժելի անձ մըն է, խորհրդարան կայ, բարձրագոյն դատարան կայ եւ վերջապէս ժողովուրդ կայ, որ կրնայ պոռթկալ, ինչպէս պատահեցաւ մեր օրերուն, մեր երկրին մէջ:

Ես կը հաւնիմ լիբանանեան օրէնքը, ուր մամուլի ազատութիւն կայ, ուր ոեւէ պետական պաշտօնեայ խոցելի է, բացի երկրի նախագահէն: Կը կարծեմ, որ միեւնոյն օրէնքն ալ կիրառելի է թագաւորական վարչակարգեր ունեցող եւրոպական երկիրներու մէջ ալ:

Խօսքի ազատութիւնը լաւ բան է, սակայն ոչ ամէն մարդու վայել:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 18-05-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ