RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#017, 2018-05-04 > #018, 2018-05-11 > #019, 2018-05-18 > #020, 2018-05-25 > #021, 2018-06-01

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 18-05-2018



ԳՐԱԽՈՍԱԿԱՆ

Տեղադրվել է` 2018-05-18 00:58:18 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 6467, Տպվել է` 824, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՐԱԶԵԼՈՎ ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԵՐՎԱՆԴ ԱԶԱՏՅԱՆ, Դետրոյթ, ԱՄՆ

Կուսակցական գրականութիւն ստեղծելը ապերախտ գործ մըն է. պէտք է ըսելՙ անհրաժեշտօրէն ապերախտ, որովհետեւ բառին բնորոշումն անգամ ինքնին եւ ինքն իր մէջ հակասութիւն մը կը կրէ. կուսակցութիւն: Կոյս: Կողմՙ կը նշանակէ իսկ պատմաբանօրէն առաջին կոչումը անկողմնակալ արձանագրութիւնն է պատմական իրողութեանց. այսինքն պատմաբանը, այս պարագային կոչուած է անկողմնակալ կառոյց մը ստեղծել պատմական ճշմարտութեանց կողմնակալ տուեալներէ մեկնելով: Այդ պատճառով ալ շատ քիչ ինքնաքննադատութիւն կարելի է գտնել կուսակցութեանց պատմութեան մէջ, ինչպէսՙ կուսակցական յուշագրողներու արձանագրութիւններուն մէջ: Սակայն, անհրաժեշտ է որ բոլոր փաստերը հաւաքուին, յուշագրութիւնները մշակուին ու պահպանուին վաղուան ամբողջական պատմութեան համար իբրեւ ատաղձ:

Դաշնակցական պատմագրութիւնը բախտաւոր եղած է բազմաթիւ իմաստներով: Նախ կուսակցութիւնը գրած ու խմբագրած է իր պաշտօնական պատմութիւնը, իբրեւ ինքզինք յարգող քաղաքական կազմակերպութիւն: Ապա ան եղած է պետական կուսակցութիւն եւ հետեւաբար անոր պատմութիւնը միահիւսուած է այդ պետութեան պատմութեան հետ: Եւ ամենէն կարեւորըՙ Դաշնակցութեան մէջ կուսակցական դէմքերը իրենց գաղափարական յանձնառութեան կողքին ուխտ նկատած են իրենց վկայութիւնները յանձնելու պատմութեան: Վրացեան, Ռուբէն, Կոմս եւ ուրիշներ շահեկան ներդրումներ կատարած են իրենց կուսակցութեան պատմութեան եւ անոր միջոցաւ ալՙ մեր ընդհանուր քաղաքական պատմութեան: Անդին, Մալխասի նման պատմողներ կուսակցական պատմութեան ատաղձը բարձրացուցած են դիւցազներգութեան մակարդակինՙ օգտապաշտ ծառայութիւն մը մատուցանելով մատղաշ սերունդներուն:

Դաշնակցութեան պատմութիւնըՙ որքան հարուստ, հիմնուած է միաձոյլ կառոյցի մը վրայ: Այսինքն կուսակցութեան հիմնադրութենէն (1890) մինչեւ այսօր կուսակցութիւնը գործած է միեւնոյն անուան տակ, եթէ ոչ անպայման միեւնոյն գաղափարականութեամբ: Սակայն միւս աւանդական կուսակցութիւններու պարագային բաւական աղօտած է պատմութեան այդ ուղիղ գիծըՙ բաժանումներով, միացումներով, հակամարտ հատուածականութեամբ եւ մասամբ նորին:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ունեցած է իր ներքին բաժանումները, մասնաւորաբար գոյառումովը Վերակազմեալ թեւին, որ ինքզինք ձերբազատած է կուսակցութեան սկզբնական ընկերվարական սկզբունքներէն, յարելով զուտ ազգայնական գաղափարաբանութեան մը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ յառաջացած է տարբեր հոսանքներու միացումով եւ երբեմնական բաժանումներով, ճշմարիտ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ պատմաբանինՙ պեղելու սկզբնաղբիւրները իւրաքանչիւր հոսանքին եւ ապա ենթարկելու վերլուծական փորձինՙ ընդհանրութիւններ պարզելու տուեալներու այդ խառնարանին մէջ: Աւելինՙ ըլլալովՙ ռամկավար, արմենական, ժողովրդական եւ այլ ղեկավարներ համեմատաբար ժլատ եղած են իրենց յուշագրութեանց մէջ ու նաեւ անտարբերՙ արխիւային հաւաքածոներու անհրաժեշտութեան նկատմամբ:

Այս բոլորը իսկական մարտահրաւէրի մը մը դիմաց կը դնեն պատմաբանըՙ համադրեալ պատմութիւն մը երկնելու գործին մէջ:

Կարլէն Դալլաքեան Հայաստանի մէջ փորձած է համադրութիւն մը կատարել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան: Ըլլալով պատրաստութեամբ պատմաբան մըՙ ան կառչած է առկայ փաստաթուղթերու, եւ քանի որ այդ փաստաթուղթերը չեն եղած բաւարարՙ ամբողջական պատմութիւն մը կերտելու, ան մշակած է առաւելագոյն պատմական ճշմարտութիւնը քամել այդ սակաւաթիւ աղբիւրներէն: Նաեւ անոր տրամադրելի չեն եղած Ռամկավար մամուլի հաւաքածոները, որոնք արդար լրացումներ կրնային մատուցել հեղինակին:

Այսօր, Յակոբ Վարդիվառեան ինք կը դիմագրաւէ այդ ահաւոր մարտահրաւէրըՙ զինուած նախորդ փորձերու պակասութիւններու գիտակցութեամբ: Ան չէ ունեցած ակադեմական գործ մը երկնելու յաւակնութիւնը. եւ արդէն, եթէ մեկնած ըլլար այդ յաւակնութենէնՙ արդէն ընկրկած պիտի ըլլար այդ մարտահրաւէրի ահաւորութեան դիմաց: Այսուհանդերձ ան յաջողած է կուսակցութեան պատմութեան համար հսկայ քանակութեան փաստագրութիւններ մակաբերել, հասնելով մինչեւ անհաւատալի անկիւններ, կարելի ամէն փաստաթուղթ ընդգրկելու համար իր գործին մէջ:

Ներկայ գրախօսութեան փորձը կը վերաբերի Վարդիվառեանի պատմաշարքին երրորդ հատորին: Սակայն կարելի չէ անցնիլ այդ հատորի քննարկումինՙ առանց նշելու առաջին երկու հատորները, որոնք օրկանական ամբողջութիւն մը կը կազմեն ներկայ հատորին հետ: Շարքը ունի երկու ընդհանուր վերնագիրներ -«Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները» եւ երկրորդըՙ «Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան»: Երրորդ գիծի վրայ կու գայ տուեալ հատորին բովանդակութիւնը ցոլացնող վերնագիրը: Օրինակ, Ա. հատորը յատկացուած է Արմենական Կուսակցութեան եւ հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան, կրելով համապատասխան վերնագիրները: Ա. Հատորը կը տարածուի 396 էջերու վրայ (2015): Բ. հատորը նուիրուած է Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան, Գաղափարակցական Միութեան, Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայ Ազգային Ազատական Կուսակցութեանՙ համապատսախան վերնագիրներով: Բ. Հատորը, իր հերթին կը տարածուի 399 էջերու վրայ (2016):

Գ. հատորն է, որ կը գերազանցէ առաջին երկու հատորները իր 932 էջերու ծաւալով (2018): Այս Գ. հատոորին մէջ ընդգրկուած են պատմութիւնները Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան, Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան, Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան եւ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան: Տարբեր հոսանքներու կնճռոտ անցեալ մըՙ զոր հեղինակը ջանացած է պարզաբանելՙ ուսումնասիրելով իւրաքանչիւր կազմակերպութեան անցեալէն մնացած սուղ տուեալներ:

Քննութեան տակ եղող կուսակցութեանց պատմութիւնները բազմաթիւ հանգոյցներ եւ ոլորապտոյտ ուղիներ ունին: Սակայն անոնք մեկուսացած օղակներու շարք մը չէ որ կը ներկայացնեն: Անոնք կը ծաւալին եւ ընթացք կ՛առնեն մեր ազգի պատմութեան մէջ. կը միջամտուին անկէ եւ ձեւ ու կերպարանք կը փոխեն անոր տուեալներով: Հետեւաբար կուսակցութեան պատմութիւնը կը ծաւալի ազգային պատմութեան մէջ: Հետեւաբար հեղինակը ուշադիր ուսումնասիրութեամբ մը սահմանած է ազգային պատմութեան այն դէպքերն ու տուեալները, որոնք կը ձեւակերպեն կուսակցութեան պատմութիւնը:

Օղակը աւելի ընդլայնելովՙ հեղինակը գիտակ է, որ ազգային պատմութիւնը, իր հերթին, չ՛ընթանար պարապութեան մը մէջ, այլ անբաժանելի մասնիկն է համաշխարհային ընդհանուր պատմութեան:

Ոմանք գուցէ անհարկի գտնեն այնքան ընդարձակ ծաւալումՙ քանի հեղինակին նպատակն է ներկայացնել կուսակցութեան, կամՙ կուսակցութեան տուեալ ճիւղին պատմութիւնը: Սակայն, դէպքերը, զարգացումներն ու համադրութիւնները հասկնալի պարունակի մը մէջ դնելու համար անհրաժեշտ կը դառնայ ուրուագծել ազգային պատմութեան քոնթեքսթը եւ զայն զետեղել համաշխարհային պատմութեան ծիրին մէջ:

Այս ձեւով կը կերտուին երեք զուգահեռ պատմութիւններ, որոնք անհրաժեշտօրէն սահմանուած են իրարու հետ եւ կ՛ամբողջացնեն զիրար:

ՌԱԿ-ի պատմութեան ուսումնասիրութեան ձեռնարկող ոեւէ պատմաբան, ինչպէս նաեւ նիւթին հարեւանցի հետաքրքրութիւն ունեցող անձ, երբեք պիտի չգտնէ հատոր մը, կամ հատորներ, որոնք համապարփակ պատկերով մը տան այդ պատմութիւնը: Այդ պատմութեան փաստաթուղթերը տարածուած են ժամանակակից մամուլին մէջ կամ գործիչներու յուշերուն մէջ -քիչ անգամ նաեւ կուսակցական շրջանակներու մօտ մնացած նամակներու եւ ատենագրութեանց մէջ:

Այսքանըՙ փաստաթուղթերու առարկայական գոյութեան շուրջ: Կան նաեւ կուսակցութեան նախաշաւիղներուն գաղափարաբանութիւնները, որոնք յաճախ կը հակադրուին իրարու -ինքնապաշտպանութիւն, հայրենիքի ազատագրում, ընկերային փիլիսոփայութիւններ, եւայլն:

Հետեւաբար Վարդիվառեանի գործը ոչ միայն կը յայտնաբերէ փաստաթուղթերը, այլ անոնց հետքերով կը հետեւի անոնց գաղափարաբանութեանց, որոնք ի վերջոյ համադրուելովՙ պիտի վերաձուլուէին միարարական գաղափարախօսութեան մը մէջ, որ քաղաքական ու ազգային դիմագիծ պիտի գար ընծայել 1921-ի հոկտեմբերին կազմուող կազմակերպութեանՙ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ԾԻՐԸ

Ըսինք թէ այս պատմագիրքը կը յենի երեք առանձին կառոյցներու -միջազգային քաղաքականութիւն, ազգային պատմութիւն եւ կուսակցութեանց պատմութիւն:

Հետեւելով այս կառոյցին, մենք կը տեսնենք, որ Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան բաժնին մէջ տեղ գտած են Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը (1908), Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, Ռուս-Թրքական համաձայնագիրը (1914), Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը (1916), Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան պայմանագիրը, Ազգերու Լիկան, քեմալական շարժումը (1919), Մուտրոսի զինադադարը (1918), Սան Ռեմոյի համաժողովը եւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը:

Պատմական այս ծիրին մէջ զետեղելով հայկական կեանքի իրադարձութիւններըՙ աւելի յստակ կերպով կը լուսաբանուի կարգ մը խնդիրներու լուծման բնոյթը: Օրինակ, երբ տակաւին Ա. Աշխարհամարտը ընթացքի մէջ էր, արդէն Անգլիա եւ Ֆրանսա կը կնքեն Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը, պատերազմի յաղթական ելքէն ետք օսմանեան հողերուն վրայ ազդեցութեան գօտիներ սահմանելով: Միւս կողմէ հայութիւնը կը հրաւիրուի Լեգէոն մը կազմելովՙ սատարելու դաշնակիցներու դատին, Կիլիկիոյ ազգային օճախին հեռանկարով: Պատերազմէն ետք, ֆրանսացիք իրենց սեփական կալուածը նկատելով Կիլիկիան, զայն «կը վաճառեն» թուրքերուն, դաւելով իրենց երբեմնի փոքր դաշնակցին:

Ուրեմն, պատմական այս տուեալներով կը բացատրուին կուսակցութեանց այս նպատակներըՙ լեգէոնը կազմելու, Պօղոս Նուպարի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան միջոցաւ բանակցութիւններ վարելու դաշնակիցներուն հետ եւ ապա Կիլիկիոյ պարպումը կազմակերպելու, գաղթականներու վերահաստատման խուճապեալ վիճակը կանոնաւորելու, եւ այլն:

Այս բոլորին մէջ կուսակցութիւնները կատարած են իրենց դերը, որովհետեւ այդ շրջաններուն անոնք կը հանդիսանային ջղային համակարգը ամբողջ ազգին:

Այս բաժնին մէջ տեղ գտած են նաեւ հակիրճ պատմութիւնները Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան: Առաջին հայեացքով կրնայ անհասկնալի թուիլ այդ կազմակերպութեանց անմիջական առնչութիւնը կուսակցութեան հետ: Սակայն, աւելի խորանալով կը նշմարենք, թէ կուսակցականներ ինչպիսի առաջնորդող դեր կատարած են այդ համազգային կազմակերպութեանց հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մէջ: Օրինակ այստեղ կը տեսնենք, որ Բարեգործականի հիմնադրութեան մէջ Պօղոս Նուպարի անմիջական գործակիցները հանդիսացած են Երուանդ Աղաթօն պէյ, Նազարէթ Տաղաւարեան եւ Վահան Մալէզեան, որոնք կուսակցական պատկանելիութեամբ եղած են անդամներ Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան: Իսկ աւելի կանուխ Բարեգործական Միութեան մը գաղափարը յղացող եւ անոր գործունէութեան ծրագիրները մշակողը հանդիսացած է տաղանդաւոր գրող եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան ղեկավարներէն Արփիար Արփիարեան:

Իսկ Վարդանանց Ասպետներու պարագային հիմնադիրներու շարքին կարեւոր դեր կատարած են Փրոֆ. Մարտիրոս Անանիկեան եւ Տիրատուր Տիքիճեան (ռամկավարներ): Յետագային իբրեւ Աւագ Սպարապետ կարեւոր ներդրում ունեցած է դարձեալ ռամկավար ղեկավար Տոքթ. Յովհաննէս Ծովիկեան:

ՌԱԿ-Ի ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐԸ

ՌԱԿ-ը ամբողջացնող տարբեր կուսակցութեանց ամենէն հին շառաւիղը Արմենական Կուսակցութիւնն է, որ կազմուած է 1885-ին Վանի մէջ եւ հնութեան կարգով արդի կուսակցութեանց պատմութեան մէջ անդրանկութեան իրաւունքը պատմականօրէն վերապահուած է անոր: Արմենականներու պատմութիւնը յատկանշուած է երկու սխրագործութիւններով, որոնց իրագործման համար կուսակցութիւնը պատրաստուած էր տարիներով: Այդ սխրագործութիւնները Վանի 1996ի եւ 1915ի ինքնապաշտպանութիւններն են: Առաջին ինքնապաշտպանութեան աւարտին աւելի քան 800 ազատամարտիկներ զոհ տալով կուսակցութեան զարգացման թափը զգալիօրէն սահմանափակուած է:

Վարդիվառեանի Գ. Հատորը կը սկսի Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան կազմութեամբ, որովհետեւ յետագային այդ շառաւիղը եւս պիտի հանդիսանար միութեան տարրերէն մէկը կամ աւելին, անոր ազգային գաղափարականութիւնը 1907-ին Արմենական կազմակերպութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական միութիւնը միանալով կազմած են Գաղափարակցական Միութիւնը:

Նկատի ունենալով վերոյիշեալ միացումըՙ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւս դիմած է մաս կազմելու այդ միութեան, որովհետեւ, նախ վերոյիշեալ շառաւիղներուն մէջ ան հաստատած էր գաղափարական նոյնութիւններ եւ ապաՙ մղուած էր «միութիւնը զօրութիւն է» սկզբունքով:

Ոեւէ պատմաբանի համար ճիշդ պիտի չըլլար կուսակցութեան բաղկացուցիչ կազմերէն իւրաքանչիւրին սկզբնաղբիւրներուն դիմել գտնել անոր կազմութեան եւ զարգացման փուլերը եւ ապա հասցնել հանգոյցը իր տրամաբանական եզրակացութեան: Այդ մարտահրաւէրն է որ դիմաւորած է Վարդիվառեան եւ անխոնջ պրպտումներով արդարութիւնը ըրած է իւրաքանչիւրին իր հատորին մէջ հաստատելով անոնց համապատասխան կշիռները: Այսպէս, ան ուրուագծած է Հայ Սահմանադրական (1908) կուսակցութեան պատմութիւնը, եւ ապա հերթականօրէն Հայ Ազգային Միութեան կազմութիւնը 1917-ին Գահիրէի մէջ: Հեղինակը լայն բաժին մը յատկացուցած է Հայ Սահմանադրական կուսակցութեան, նկատի առնելով անոր պատմական դերը եւ զայն առաջնորդող ղեկավարները, որոնք իրենց հերթին հանդիսացած են համազգային տարողութեամբ ղեկավար դէմքեր: Այս բաժնին մէջ ընդգրկուած են կուսակցութեան գործունէութիւնը պատմական Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կովկասի մէջ:

Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան ենթաբաժինին մէջ ուրուագծուած են ազգային այն իրադարձութիւնները, որոնց մէջ դեր կատարած է կուսակցութիւնը. Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Կիլիկիոյ անկախութեան շարժումը եւ ապա Կիլիկիոյ պարպումը:

Կուսակցութեան հսկայ իրականացումներու շարքին պէտք է յիշատակել անոր նուիրաբերումը նորանկախ հայրենիքին, սատարելով նիւթապէս անոր բարօրութեան: Խատիսեանի նիւթական հանգանակութիւնը Պոլսոյ եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ կը յատկանշուին ռամկավարներու առատաձեռն մասնակցութեամբ: Անոնք չեն սահմանափակուած բարեսիրական յատկացումներով, այլեւ ունեցած են ռազմագիտական մտածողութիւն: Այսպէս, 1920-ին անգամ տեսիլքը ունեցած են ռազմական օդատորմիղով մը օժտել անկախ Հայաստանը եւ հանգանակութիւն կատարելով Եգիպտոսի մէջ անգլիական բանակէն գնած են 20 ռազմական օդանաւեր: Վարդիվառեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ հանգանակութեան ու գնման պատմականները:

Սակայն, անգլիացիները նշմարելով ռուս համայնավարներու յառաջխաղացքը Կովկասի մէջՙ մերժած են հայոց յանձնել գնուած այդ օդանաւերը:

Ռամկավար մտածողութեան կերտիչներու շարքին հեղինակը կը յիշատակէ Միհրան Տամատեանը, Վահան Թէքէեանը եւ Լեւոն Մկրտիչեանը:

Պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել, որ գիրքին ամենէն աւելի աշխատանք պահանջող բաժիններէն մէկը կենսագրականներու վերականգնումն է, տուեալներ ու լուսանկարներ գտնելով ամենէն կորսուած անկիւններէն եւ արդարութիւն ընելով մոռացութեան դատապարտուած կարգ մը դէմքերու: Ուղիղ երկու հարիւր գործիչներու կենդանագրերը վերականգնուած են այստեղՙ մեծ մասամբ ենթականերու լուսանկարներով: Անոնք թէ՛ կ՛առանձնանան հատորին պատմողական հոսանքէն եւ թէ՛ կ՛ամբողջացնեն զայն:

Կարելի չէ ըսել որ կենսագրականները բոլորն ալ համարժէք են: Բացի Տամատեանէն, Թէքէեանէն եւ Մկրտիչեանէն, որոնց անունները յիշատակուեցան, այնտեղ կը տողանցեն բազմաթիւ այլ պատմական դէմքեր, ինչպէսՙ Արշակ Ալպօյաճեան, Երուանդ Աղաթօն, Մկրտիչ Անդրանիկեան (ՀԲԸՄ), Եսայի Եաղուպեան (Մուսա Լերան հերոս), Հայկակ Էկինեան, Արշակ Չոպանեան, Միքայէլ Ս. Կիւրճեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան (Անդրանիկի քարտուղար), Վահան Թոթովենց (Անդրանիկի «Հայաստան» թերթի խմբագիր), Սեդրակ Կեպէնլեան, Վահէ Հայկ, Լեւոն Բաշալեան, Ռուբէն Հերեան (որբախոյզ), Վահան Մալէզեան, Սուրէն Պարթեւեան, Մուշեղ Սերոբեան, Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Միհրան Տէր Ստեփանեան, Բիւզանդ Քէչեան, Երուանդ Օտեան եւ ուրիշներ:

Հետաքրքրականը այն է, որ վերեւը նշուած շատ մը դէմքեր գիրքերու եւ այլ հրատարակութեանց մէջ ներկայացուած են իբրեւ գրողներ. այստեղ կը պարզուի անոնց դիմանկարը իբրեւ ազգային գործիչ -Այսպէս, Վ. Թէքէեան, Ա. Ալպօյաճեան, Ս. Պարթեւեան, Մ. Կիւրճեան, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ, Վ. Թոթովենց, իրենց տեղն ունին մեր գրականութեան մէջ, սակայն այս հատորին մէջ, լուրջ պրպտումներով, Վարդիվառեան յաջողած է վերականգնել անոնց կերպարները նաեւ իբրեւ ազգային գործիչներ: Օրինակ Միհրան Տամատեանի մասնակի յուշերը հրատարակած է Պետրոս Տեփոյեան, սակայն այդ հրատարակութիւնը լիարժէք չի ներկայացներ Տամատեանը. Վ. Թէքէեանի կենսագրութիւնը շարադրած է Արշակ Ալպօյաճեան, փորձելով ամբողջական պատկերով մը հանդէս գալ: Կարլէն Դալլաքեան հիացական էջերով անդրադարձած է Արշակ Չոպանեանի կեանքին ու գործին, կաշկանդուելով սովետահայ մտաւորականի բռնաշապիկով: Եւ, այսպէս, շարունակաբար. սակայն շատեր ալ չեն արժանացած մինչեւ անգամ յիշատակուելու բախտին. պակասըՙ զոր հեղինակը եկած է ամբողջացնելու:

Պատմական տուեալներով հարուստՙ այդ կենսագրականները կ՛ընթերցուին պատումի նման սահուն շահեկանութեամբ: Այդ պատճառաւ ալ արդար պիտի ըլլար, որ այդ շարքէն ընտրեալ դէմքեր առանձին գրքոյկներով հրատարակուէին, իրենց հանրային շահեկանութիւնը արդարացնելու:

Վարդիվառեան դեռ կը ծրագրէ երեք յաջորդական հատորներով ամբողջացնել այս շարքը, վերջաւորութեան տալով իր բոլոր աղբիւրները, որոնք վստահաբար հսկայ ծաւալ մը պիտի ունենան:

Այս հատորը, ինչպէս եւ նախորդ երկու հատորները, հաւատքի եւ նուիրումի պայծառ վկայութիւններ են: Մեր պատմութեան նիւթերը, այլ ժողովուրդներու պատմութեան նման, կարելի չէ գտնել հրատարակուած հատորներէ կամՙ համացանցէն: Անոնք կը կարօտին յամառ, յարատեւ եւ գիտակից հետապնդումի եւ հետազօտութեան. բաներՙ զորս Վարդիվառեան կատարած է անմնացորդ նուիրումովՙ երախտապարտ թողելով ապագայի պատմաբանները:

Բացի իրենց պատմական արժէքէնՙ այս հատորները իւրաքանչիւր կուսակցականի համար գիտակցութեան եւ ներշնչումի աղբիւրներ են: Պէտք է ընդունիլ, թէ երկու նպատակներն ալ լիովին արդարացուած են:

Գիրքին մէջ կան կարգ մը վրիպումներ, որոնք ոչինչ կը զեղչեն անոր զանգուածային արժէքէն -օրինակՙ Սիպիլ գրական ծածկանունն է Զապէլ Ասատուրի եւ ոչ Զապէլ Եսայեանի, գրող Արտաշէս Յարութիւնեանի անունը Մալկարացի Կարօ է եւ ոչ լոկ Կարօ. Արեւ օրաթերթը հիմնուած է 1915-ի մայիսին եւ ոչ անկէ առաջ:

Այս նշումները կը կատարենք պարզապէս շեշտելու համար, որ վրիպումները անուշադրութեան արդիւնք են:

Գիրքին խմբագրութիւնը կատարած է Վաչէ Ղազարեան, որ ամենէն հմուտ անձերէն մէկն էր, որ կրնար ձեռնհասօրէն գլուխ հանել այս կոթողային գործը -թէեւ կարգ մը տեղեր, խմբագիրը, ի յարգանս հեղինակի բնագրին եւ ինքնատպութեան, կարգ մը մասերու մէջ նիւթերը թողած է իրենց հարազատ տարերայնութեան մէջ:

Հատորին հսկայ ծաւալը չի քաջալերեր ընթերցողը զայն կարդալու մէկ շունչով: Կարելի է կարդալ հատուած առ հատուած, վստահ ըլլալով, որ գործը չի կորսնցեր իր շահեկանութիւնը:

Առաջին հերթինՙ հաւատքի վկայութիւն մը կը բերէ այս վիթխարի հատորը. Հաւատքՙ որ կ՛ամբողջանայ մտաւորական հետաքրքրութեամբ եւ վաղուան սերունդներուն ժառանգ մը թողելու գիտակցութեամբ:

Տիթրոյթ, ԱՄՆ, ՅԱՏՈՒԿ «ՊԱՅՔԱՐ»ԻՆ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 18-05-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ