RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#028, 2018-07-20 > #029, 2018-07-27 > #030, 2018-08-16 > #031, 2018-08-24 > #032, 2018-08-31

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #30, 16-08-2018



Տեղադրվել է` 2018-08-16 01:31:42 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5933, Տպվել է` 733, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ՄԱՔՈՒՐ ՀԱՅԵՐԷՆ» ԵՒ ԱՅԼ ՀԱՐՑԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

«Խնդրում եմ մաքուր հայերենով գրեք, բան հասկանանք», կ՛ըսէ հայաստանցի հայ մը սփիւռքահայու մը...

«Բայց դուք ո՞նց է, որ մեզ նման մաքուր հայերեն գիտեք», կ՛ըսէ ուրիշ հայաստանցի հայ մը...

Այս երկու հարցերուն պատասխանելը դժուար չէ, քանի որ վերոյիշեալ հարցերը տուողները շատ հաւանաբար բաւական անտեղեակ են Սփիւռքէն եւ սփիւռքահայէն:

Առաջինին ըսենք, որ իր կարծիքով եթէ այսօր Հայաստանի մէջ օգտագործուող խօսակցական հայերէնը, որ գրաւոր ալ կը դառնայ յաճախ Ֆէյսպուքի մէջ, «մաքուր» է (որովհետեւի փոխարէն «որդեւ» ըսելով, կամ նախագահի փոխարէն «նախագան» ըսելով եւ նման անթիւ սխալագրութիւններով), շատ սխալած կ՛ըլլայ, քանի որ ինք լրիւ անտեղեակ է մեր լեզուէն: Նոյնիսկ ան չի գիտեր որ անտեղեակ է ու իր հաշմանդամ հայերէնը «մաքուր» կը կարծէ:

Գալով երկրորդին, որ դրական մօտեցում ունենալով հանդերձ արեւմտահայերէնինՙ չի գիտեր, թէ ինչպէս եւ ինչ զոհողութիւններու գնով Սփիւռքի մէջ հայերէնը պահպանուած է որպէս ամենակարեւոր կռուան հայկական ազգային ինքնութիւնը չկորսնցնելու համար:

Վերադառնալով առաջինին, քանի անգամներ անդրադարձած եմ այս հարցին, վեր առնելով Հայաստանի մէջ օգտագործուող խօսակցական թէ գրաւոր հայերէնի ախտավարակ վիճակն ու անյապաղ զայն մաքրելու եւ օտարամուտ բառերը հայերէնով փոխարինելու կարեւորութիւնը, սակայն «ձայն բարբառոյ յանապատի...»:

Արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնը դժուար է, սակայն իսկականն է, դասականն է, մինչդեռ արեւելահայ ուղղագրութիւնը դիւրին է, դիւրացուցած են (ինչ-ինչ կասկածելի պատճառներով), անոր համար ալ Սփիւռքի մէջ մենք կը կարծէինք, որ Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկը չի սխալիր ուղղագրութեան մէջ, սակայն, յաճախ, երբ ֆէյսպուքի մէջ հայաստանցիներու գրութիւններուն կը հանդիպիմ, կը զարմանամ որ պարզեցուած ուղղագրութեան մէջ իսկ սխալներ կը հանեն, ինչպէսՙ «այտ» «այդ»ի փոխարէն, կամ «ընգեկ» «ընկեք»ի փոխարէն, եւ այլն:

Լեզուն միայն տան եւ դպրոցին մէջ չեն սորվեցներ, ներկայ պայմաններուն ահագին միջոցներ կան երախաներուն ոչ միայն լեզու, այլեւ ուսում ջամբելու. ողջ ըլլան ֆիլմերն ու համացանցերը:

Մանկական «քարթուն» ֆիլմերը լաւագոյն միջոցներն են երախային անուղղակիօրէն լեզու սորվեցնելու (նաեւ պատմութիւն, նաեւ գիտութիւն եւ այլն): Ֆրանսայի մանկահասակները շատ բան սորված են նշանաւոր «Թէն-Թէն»ի գծանկարաշարերէն ու ֆիլմերէն: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ ուրիշ երկիրներու համար ալ: Սակայն մեր մօտ, երբ պատրաստած են երախաներու կողմէ այնքան սիրուած «Անահիտ» հեքիաթի քարթուն ֆիլմը, բնաւ ուշադրութիւն չեն դարձուցած լեզուին, ու մաքուր հայերէնի փոխարէն ֆիլմը կը վխտայ օտար կամ բարբառային բառերով, ինչպէսՙ «սյուրպրիզ, իսծերիկա, պռակատից, մենակո՞վ, հլը, արագացրա», կամ տեղ մը կ՛ըսէՙ «հեյ, ձյաձ Սերոբ, ինչի՞ց ես խաբար...», եւ նման այլանդակութիւններ, նոյնիսկ լատիներէն բառեր, որոնք դրուած են ձիուն բերանը:

Յոդուածագիր մը սուր կերպով քննադատած է եղած լեզուական աւերը, որուն ուզեցի արձագանգել ես ալ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ այսպիսի մեծ եւ կարեւոր աշխատանքի մը ընթացքին, ոեւէ մտահոգ ու սրտցաւ մարդ ֆիլմի պատրաստման մասնագէտներու խումբէն չէ միջամտած ու չէ փորձած կանխել այս վտանգը:

Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հեքիաթի հերոս Վաչագանի նման պալատական դաստիարակութիւն ստացած, կրթուած մէկը սխալ հայերէնով խօսի, նոյնիսկ խօսքին մէջ ռուսերէն խառնէ:

«Մենք առանց այն էլ քիչ բան ենք անում մեր երեխաների համար: Նրանք մեծանում են հիմնականում օտար մշակոյթից սնուելով: Գոնէ ստեղծուած հնարաւորութեան սահմաններում պիտի ջանանք մշակոյթի մաքուր ջուրը մատուցել նրանց: Աղայեանի «Անահիտ» հեքիաթը այդ մաքուր ջրի մի կաթիլն է, որ այսպէս անխնայ պղտորել են», կը գրէ «Լեզուի կոմիտէի» աշխատակից, յօդուածագիր Երազիկ Գրիգորեանը «Եթեր» շաբաթաթերթին մէջ:

Այո՛, Հայաստանի մէջ տակաւին լեզուի հանդէպ հոգատար ու մտահոգ մարդիկ կան:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #30, 16-08-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ