ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այս տարուան իսլամական ԱԼ ԱՏՀԱ (Զոհաբերութեան) տօնին առթիւ Մեքքայի ուխտաւորներուն թիւը երկուքուկէս միլիոնի մօտ եղած է, որոնց մեծամասնութիւնը եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Իրենց այս մեծ տօնը միշտ ալ բազմամարդ եղած է, քանի որ իսլամական կրօնին մէջ պատուիրան մը կը թելադրէ, որ եթէ հաւատացեալ մահմետականը կարելիութիւն ունենայ, անպայման «Հաճի» (Ուխտի) երթայ, քանի որ այդ կը նպաստէ դրախտի արժանանալուն: Այս տօնին առթիւ պայման է որ ոչխարներ զենուին ամէն կողմ, իսկ Մեքքա գացող ուխտաւորներըՙ անպայման: Ուրեմն նկատի ունենալով, որ ուխտի գացողներուն մէջ կան առանձին եւ նաեւ զոյգով գացողներ, ապա ուրեմն նուազագոյն շուրջ մէկ ու կէս միլիոն ոչխար զենուած է, որոնց մորթելու կերպն ու մարմնի զանազան մասերուն բաժանումը յատուկ օրէնքներ ունի: Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան նման հարուստ երկրի մը համար, քարիւղին կողքին, յաւելեալ հարստութիւն դիզելու անսպառ «նաֆթահոր» մըն ալ տարեկան երկու գլխաւոր իսլամական տօներուն առթիւ ուխտագնացութեանց բերած հսկայ շահն է, որովհետեւ ուխտաւորներուն կեցութեան ծախսը իւրաքանչիւր անձի համար նուազագոյնը 6000 ԱՄՆ տոլար է, որ կրնայ հասնիլ 15.000-ի, ըստ մասնակիցի փափաքած կեցութեան մակարդակինՙ վրաններու տա՞կ, թէ՞ հիւրանոցներու մէջ: Հաշուեցէք ուրեմն թէ քանի՞ միլիառ տոլարի կը հասնի անոնց բերած շահը այդ երկրին: Ասոր վրայ գումարելու է աժան գնուած եւ եռապատիկ գինով վաճառուաղ ոչխարներէն եկած շահն ու ուխտաւորներուն այլեւայլ ծախսերը, գնած յուշանուէրները եւ ուրիշ: Կ՛ըսուի թէ մեծ է թիւը այն տեղացիներուն, որոնք կարողութիւն չունին այդ ծախսերը ընելու, քանի որ աշխարհի ամենահարուստ երկրին մէջՙ մեծ է աղքատներուն թիւը: Անհաւատալի, սակայն իրա՛ւ: Շրջանցելով վերեւը յիշուածները կը մտածեմ, թէ ինչպէս այսքան գերզարգացած դարու մը մէջ, մարդիկ տակաւին չեն կրնար վազ անցնիլ հեթանոսական իրենց հաւատալիքներէն եւ աւանդոյթներէն, երբ աստուածները գոհացնելու համար զոհեր կը մատուցէին, քանի որ աստուածները միայն արեան տեսքով ու հոտով կը յագենան... Նիւթը իսլամական տօնին մասին էր եւ այդ առթիւ ոչխարներու զոհամատուցումը արծարծեցի, սակայն մեր պարագային ալ շատ տարբեր չենք, թէեւ քիչ մը աւելի մարդկային մօտեցումով շատ չենք ընդհանրացուցած, սակայն զանազան առիթներով հայերս ալ չարխափան մատաղներ կ՛ընենք, ոչխար ու աքլոր կը զենենք, կամ ողջ-ողջ վանքին կը նուիրենք (որպէսզի վանականները անուշ ընեն...): Աւանդոյթներն ու սնոտիապաշտութիւնը ինչո՞ւ այսքան զօրաւոր կերպով նստուածք տուած են մարդոց մէջ: Եթէ ըսուի, թէ անոնք տգիտութեան արդիւնք են եւ միայն տգէտները կը հաւատան այդպիսի բաներու, սակայն շատ զարգացած մարդոց մէջ ալ գոյութիւն ունին անոնք: Ոչ միայն անհատ մարդոց, այլեւ հաւաքականութիւններու, ժողովուրդներու ու պետութեանց, որոնք այդ բոլոր «հաւատալիքները» ազգային մշակոյթի անբաժան մաս կը նկատեն: Իսլամական ու ափրիկեան երկիրներու, Հնդկաստանի, Իսրայէլի եւ շատ ուրիշ երկիրներու մէջ այնքան ուժեղ է անոնց ներկայութիւնը, որ մարդ կը զարմանայ, թէ աշխարհի մէջ ինչպէս գիտական նուաճումներն ու աւանդութիւնները զուգահեռ կ՛ընթանան, նոյնիսկ կը մրցին յաճախ: Կը զարմանա՞նք տեսնելով Մեքքայի ուխտագնացներուն քարկոծելը պեթոնէ պատի մը, իբրեւ թէ սատանան կը քարկոծեն... Կը զարմանա՞նք, երբ կը տեսնենք Հնդկաստանի անհպելի, սրբազան կովերուն մատուցուած յարգանքը, երբ աղքատներ կան, որոնք միսի երես չեն տեսած, կամ իրենց սրբազան գետին նողկանք յառաջացնող կեղտոտ ջուրերուն մէջ լոգանք առնողները... Հապա՞ հրեաներուն Լացի պատին իրենց գլուխները զարնողները... Ո՞ր մէկը թուել: Ակամայ կը մտածեսՙ զենուող ոչխարները մոռցած, ոչխարներու վերածուած մարդկութեան միամտութիւնը ո՞ւր պիտի հասցնէ զիրենք: |