ՄԱՅՐ ՀԱՒՆ ՈՒ ՃՈՒՏԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Աշունը եկաւ ու արդէն երթալու վրայ է ու մենք տակաւին կը սպասենք որ ճուտերը հաշուենք, չէ՞ որ կ՛ըսուի «Ճուտերը աշնանն են հաշւում»: Երեւի տակաւին հաւկիթները չեն «հասունցած», հակառակ որ նոր կառավարութիւնը վեց ամիսէ ի վեր թուխսի նստեր է: Ես ոչ քաղաքական մեկնաբան եմ, ոչ ալ ընդդիմախօս: Ես «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ողջունողը եմ եղած ու անոր սատար կանգնելու պատրաստ: Ես Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ սովորական քաղաքացի մըն եմ, որ շուրջս դիտելու եւ տեսածներուս մասին բարձրաձայնելու տրամադրութիւն ու ներքին մղում ունիմ: Շատերու նման կ՛ակնկալէի որ յեղափոխութիւնը սկսի իր պտուղները տալ: Առաջին ամիսներուն ես էի գրողը, որ վարչապետը անմիջապէս հրաշքներ չի կրնար գործել, ժամանակ պէտք է տարիներ ամբողջ կուտակուած ժանգը մաքրելու: Այդ ժանգը կուտակողները պատասխանատուութեան կանչելը եւ արդարութեան փողը հնչեցնելը զովացուց ժողովուրդին այրած սիրտը, սակայն, այդքան միայն: Ժողովուրդին ոչ բերանը, ոչ ալ անոր գրպանը բան մտաւ: Խօսքերու ու խոստումներու տարափին չ՛ընկերակցեցաւ շօշափելին: Կարծես բան չէ փոխուած, ո՛չ մուրացկանները վերացած են փողոցներէն, ո՛չ երթեւեկութեան միջոցները բարեփոխուած, ո՛չ աղբահանութիւնը աւելի լաւ դարձած, ո՛չ կենսական սնունդը աժանացած, ոչ ալ աշխատավարձերը բարձրացած են, ո՛չ... Սահմանին վրայ դեռ հայ զինուոր կը զոհուի, հակառակ որ Փաշինեանն ու Ալիեւը համաձայնած էին թէժ վիճակը հանդարտեցնել: Հայաստանեան հեռուստաալիքները դեռ կը շարունակեն անորակ ծրագիրներով ու անհատնում գովազդներով բեռնաւորուիլ եւ դիտող հասարակութիւն կորսնցնել: Միակ գործնական խոստումը, որ եղաւ եւ նոր տարիէն սկսեալ պիտի գործադրուի, այդ ալ նուազագոյն թոշակը բարձրացնելը պիտի ըլլայ, այսինքն 16,000-ը 25,000 պիտի ըլլայ, այսինքն 50 տոլար եւ մի քանի սենթ: Այս թիւը չյայտարարելը աւելի լաւ է. վրանիս մարդ չխնդացնենք: Եթէ այսպէս պիտի շարունակուի, մարդոց խանդավառութեան ջերմաստիճանը կամաց-կամաց պիտի նուազի. երեւի ատոր համար փութացուցին Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները, որպէսզի մինչեւ յաջորդ տարի տրամադրութիւնները չսառին: Սխալ չհասկցուիմ, հոգիով- սրտով հեղափոխութեան կողմնակից եղած եմ ու եմ տակաւին: Սակայն սկսայ մտահոգուիլ, քանի որ երբեմն զսպուած, երբեմն բացայայտ բողոքի ձայները սկսած են բազմանալ: Բնաւ պիտի չուզէի յետյեղափոխութեան մարդոց դէմքերուն գծագրուած ժպիտներուն գունաթափումը տեսնել: Կ՛ըսուի որ կաշառակերութիւնը դադրած է պետական հաստատութիւններուն մէջ, սակայն պաշտօնեաները պատժուելու վախէ՞ն կ՛ընեն այդ, թէ՞ համոզումով: Ի՞նչը պիտի համոզէ զիրենք, օրէ՞նք, թէ՞ օրէնքին ընկերակցող աշխատավարձի բարելաւումը: Բոլորին ծանօթ են մեր պաշտօնեաներուն ստացած խղճալի աշխատավարձերը: Կը լսուի որ կը քննարկուի բժիշկներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերու բարձրացման հարցը, արդիւնք պիտի տա՞յ, թէ պիտի մնայ անիրագործելի խոստում: Իսկ յանցաւոր մենաշնորհեալներէն ու կալանաւորուածներու ազատ արձակման դիմաց գանձուած միլիոններով բան մը ընել հնարաւոր չէ՞ր: Ամէն օր կ՛անցնիմ Հանրապետութեան հրապարակէն ու կը տեսնեմ կառավարական շէնքին առջեւ, մայթին վրայ փռուած անկողինը, ուր հացադուլ յայտարարողներ արդարութիւն կը պահանջեն մանկատուներու սաներուն խոստացուածները իրականացնելու: Ես վատ կը զգամ, որ շաբաթներէ ի վեր այդ անկողինը հոն է, օրական հազարաւոր հայ եւ օտար անցորդներուն առջեւ, ու չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ անոնցմով զբաղող չկայ, որ այդ տգեղ երեւոյթը վերանայ: Գուցէ ատով փաստել կ՛ուզենք, որ ազատ երկի՞ր է Հայաստանը: Ամօթ չէ՞ մեզի: Թերեւս ես բնաւորութեամբ անհամբեր եմՙ վայրկեան առաջ յեղափոխութեան պտուղները քաղելու: Թող այդպէս կարծուի, սակայն բնաւ պիտի չուզէի, որ մարդիկ յանկարծ առաջուանը փնտռեն: |