ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՙ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՙ «ՍՈՒԹՈՐՕ»-Ի ԽՕՍՆԱԿ ԱՔՔԱՐ ՀԱՆՆԱՅԻ ՀԵՏ Հարցազրոյցը վարեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Գամիշլի, Հիւսիսային Սուրիա - Ի՞նչ է «Սութորօ»-ի դերը հիւսիսային Սուրիոյ անվտանգութեան պաշտպանութեան մէջ: - «Սութորօ»ի նպատակը սուրիական ճգնաժամի օրերուն ստեղծելն էր անվտանգութեան համակարգ, որ պաշտպանէր ասորիներու, աշուրիներու, հայերու, քաղդէացիներու եկեղեցական հաստատութիւնները, ֆիզիքական գոյութիւնը, Գամիշլիի նահանգին մէջ, հիւսիսային Սուրիա: Սկիզբէն կեդրոններ բացինք Տերիքի, Ղահթանիէի, Հասաքէի, Գամիշլիի, Խապուրի մէջ եւ այլուր:Այսօր մեր շարքերուն մէջ կան ասորիներ, արաբներ, հայեր, քաղդէացիներ: Նպատակն է ստեղծել ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հասարակարգ Ճեզիրէի նահանգին մէջ: - Ձեր մարտիկներուն թիւը որքա՞ն է Գամիշլիի մէջ եւ «Ժողովրդավար Սուրիա» կազմակերպութեան մէջ ի՞նչ դիրք ունին ասորի զինուորականները, մանաւանդ որ պաշտօնական խօսնակը այդ ուժերուն նոյնպէս ծագումով ասորի Քինօ Գաբրիէլն է: - Հազարաւոր մարտիկներ ունինք... Մենք անվտանգութեան կառոյց ենք: Կը մասնակցինք բազմաթիւ ռազմական գործողութիւններուՙ «Ժողովրդավար ուժերուն» եւ «Ասորական Ռազմական խորհուրդին» հետՙ Գամիշլիի նահանգին մէջ թէ անկէ դուրս: Ինչպէս Ռաքքայի ազատագրման կամ Տէր Զորի մարտերուն: - Այսօր, ինչպէս կը տեսնէք, ռազմաքաղաքական իրավիճակը շատ խառն է տարածաշրջանին մէջ, արդեօք ունի՞ք ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ միջոցները, եթէ Թուրքիան նոր արկածախնդրութեան դիմէ: - Մեր աշխատանքը անվտանգութիւնն է քաղաքներուն մէջ, զինուորական թէ ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերուն հետ: Ժողովուրդին մեծ վստահութիւն կը ներշնչենք, երբ բազմաթիւ նոր բնակավայրեր կ՛ազատագրենք «Տաէշ»-ի եւ «Ճեպհէթ Ալ-Նուսրա»-ի ահաբեկիչներէն զանոնք ազատագրելու համար: Այդ ոճրագործներէն շատեր կապուած էին Թուրքիոյ եւ անձամբ «AK» կուսակցութեան եւ նախագահ Էրտողանի հետ: Մենք կարողացանք պայքարիլ, նահատակներ տալ, յաղթել եւ ապրելու յոյս ներշնչել: Նոյնիսկ եթէ այն խօսակցութիւնները, թէ բանակցութիւններ տեղի կ ունենան Թուրքիոյ հետ զիջումներու երթալուՙ մենք պատրաստ ենք պայքարելու մեր հողին վրայ մինչեւ վերջին շունչը...: - Որո՞նք են ձեր ծրագիրները յետագայ ժամանակաշրջանին համար: - Մեր ծրագիրն է ասորի, աշուրի, քաղդէացի, հայՙ ցեղասպանութեանց ենթարկուած ժողովուրդներու քաջարի զաւակներէն կազմել ռազմական ոյժՙ պաշտպանելու համար մեր բազմահազարամեայ հայրենիքը, դաշնակիցներուն հետ, այդ ազգութիւններուն տալով քաղաքական եւ ռազմական անհրաժեշտ դաստիարակութիւնՙ իրենց պատմական առաքելութիւնը շարունակելու համար: - Ի՞նչ է ձեր պատգամը Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «ԱԶԳ» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն: - Մենք կոչով կը դիմենք մեր բոլոր քրիստոնեայ եղբայրներուն աշխարհի չորս ծագերուն, որ ամէն կերպ նեցուկ կանգնին, որպէսզի մեր դարաւոր ներկայութիւնը Ճեզիրէի տարածաշրջանին մէջ, Միջագետք, շարունակուիՙ ի փառս մարդկային քաղաքակրթութեան եւ ժողովրդավարութեան, հանուն մեր գոյատեւման պայքարին: Ձեզի ալ, Հովրօ Համօ, կը ցանկանանք լաւագոյնը հայ ժողովուրդի ծառայութեան դժուարին առաքելութեան մէջ: |