ԲԱՐԵԿԱ՞Մ, ԹԷ՞ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ «Ազգ» շաբաթաթերթի վերջին համարին մէջ Եր. Ազատեանի «Անելանելի կացութիւն Սիրիայում» վերնագրուած յօդուածը կարդալս զուգադիպեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյՙ մշտական ներկայացուցիչ դոկտ. Պաշշար Ալ Ճաաֆարիի ելոյթի ունկնդրութեան, ուր ան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէր Սուրիոյ հիւսիս - արեւմտեան կարգ մը շրջաններու մէջ Թուրքիոյ ներխուժման հետեւանքով պարզուած վտանգաւոր կացութիւնը: Դոկտ. Ճաաֆարի կ՛ըսէր, թէ Թուրքիան (որ իբր թէ ժամանակաւորապէս մտած էր այդ տարածքները, զսպելու համար քրտական նկրտումները եւ պայքարելու համար ԻՊ-ի դէմ:- Յ.Մ.) ոչ միայն գրաւած է այդ շրջանները, այլեւ թրքացումի քաղաքականութիւն կը վարէՙ սուրիական դրօշակները վար առնելով, թրքականը բարձրացուցած է ամէն կողմ. դպրոցներու մէջ դասաւանդումը կ՛ըլլայ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան ծրագրին հիման վրայ: Շուկայի վրայ օգտագործուող դրամը թրքական լիրան է սուրիականի փոխարէն: Անշուշտ, թրքացումի այս քաղաքականութիւնը կ՛ըլլայ Սուրիոյ բարեկամ Փութինի համաձայնութեամբ... Կը զարմանաս, Ռուսիան եկաւ Սուրիան պաշտպանելու եւ արդէն տարածքային որոշումները կ՛ըլլան Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ, առանց սուրիական կողմին, կամ, թերեւս, անոր լռելեայն համաձայնութեան: Ազատեանի արեւելահայերէնի թարգմանուած յօդուածին կ՛ընկերակցի խօսուն երգիծանկար մը, Toto-ի հեղինակած, ուր վերոյիշեալ պետութիւնները, առաւել ԱՄՆ, մէկական դանակ առած Սուրիոյ մարմնէն կտորներ կը փրցնեն: Այս թշնամական բզկտումը կ՛ըլլայ աշխարհի աչքին առջեւ, երբ Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ իւրաքանչիւր միջազգային ժողովէ ետք կը յայտարարուի, թէ ժողովին մասնակից բոլոր պետութիւնները դարձեալ հաստատեցին իրենց անվերապահ համաձայնութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ: Պատերազմի սկիզբէն, երբ Թուրքիան ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգայնօրէն սանձազերծուած ներխուժման, իւղոտ աւարի մըն ալ ինք տիրանալու համար, առիթը օգտագործեց ԻՊ-ի վոհմակներուն ճամբայ հարթելով աւերելու եւ քարուքանդ ընելու թէ՛ սուրիական տարածքները, թէ՛ հայկական շրջանները, ի մասնաւորի Տէր Զօրի ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Օսմանեան կայսրութեան «Հալէպի վիլայէթ»ին վերատիրանալու իր նպատակը չիրագործուեցաւ, Հալէպը զերծ մնաց Էրտողանի նենգամիտ ախորժակներէն, սակայն Հալէպի հիւսիսային կարգ մը շրջաններ ցարդ կը մնան իր արիւնոտ թաթին տակ: Սուրիան դեռ չէ մոռցած 80 տարի առաջ իրմէ փրցուած Ալեքսանտրէթի սանճաքը: Անոր պարպումով, արմատախիլ եղած հայերն ալ չեն մոռցած, ու ահա՛ այդ ցաւին վրայ կու գայ աւելնալու նոր մը, որուն ճակատագիրը անորոշ է: Ռուսիա քաղաքական ու զինուորական հսկայ շահեր ունի Սուրիոյ մէջ, Իրանը նոյնպէս, որուն անմիջական աջակցութեան պատճառով ոչ միայն սուրիական տարածքներ ատենը անգամ մը կը հրթիռակոծուին Իսրայէլի կողմէ, այլեւ սուրիական զանազան քաղաքներու մէջ իրանեան 5 համալսարաններ բացուած են... Չի բաւեր թրքացումի քաղաքականութիւնը, հիմա ալ իրանեա՞ն: Զարմանալու բան չկայ. մեր սեւ աչքերուն համար չեն մտած Սուրիա, իւրաքանչիւրը իր շահը կը հետապնդէ, յանուն «բարի կամեցողութեան», իսկ Սուրիան ալ կը վճարէ... Ութ տարիներէ ի վեր շարունակուող պատերազմը չյաջողեցաւ ընկճել Սուրիան, բզկտուեցաւ, սակայն տակաւին կանգուն է: Արդեօք մեր ապրած ու ճանչցած օրհնեալ այդ երկիրը կը վերադառնա՞յ նախկին իր փառքի օրերուն: Որքան ալ պատերազմին պատճառով տարտղնուած ըլլանք աշխարհի չորս կողմը, չենք կրնար չցաւիլ Սուրիոյ վիճակուած այս դժոխային կացութեան ի տես, չենք կրնար հաշտ աչքով նայիլ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մասնակից եղան ու ե՛ն տակաւին գիշատիչներու այս խնճոյքին, ու ձայն կը բարձրացնենք պահանջելով արդարութիւն Սուրիոյ, պահանջելով որ կանգ առնէ պատերազմը, կանգ առնեն երկրին տարանջատման բոլոր ծրագիրները, վերակառուցուի երբեմնի շենշող այս երկիրը, վերադառնան բոլոր գաղթականները եւ նոր լուսաբաց մը ողջունէ Սուրիան, |