ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ամուսնութիւններն ու ամուսնալուծումները սովորական երեւոյթներ են մարդկային-ընկերային կեանքին մէջ: Մարդիկ սովորաբար կ՛ուրախանան ամուսնութեան ու չեն ուրախանար ամուսնալուծումի առթիւ: Մարդիկ չեն սիրեր ամուսնալուծումը, պարզապէս, որովհետեւ ժխտական բան մը կը պարունակէ իր մէջ: Կաթոլիկներուն մօտ համարեա՛ արգիլուած է: Մեր մօտ, եթէ օրէնքի սահմանած կարգ մը յատուկ պարագաներէ դուրս զոյգեր ուզեն բաժնուիլ, դատավարութիւն, երթալ-գալ, հաշտեցման ջանքեր, չեմ գիտեր ինչ, երկու տարի մը կը տեւէ: Այնպէս որ թէ՛ Աստուած, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ մարդկութիւնը միշտ կողմնակից են ամուսնութեան շարունակութեան եւ դէմ են ապահարզանին: Ասիկա մարդկային-ընկերային ոլորտին մէջ ըսինք, հապա՞ քաղաքականութեան մէջ... Քաղաքականութեան մէջ ալ կ՛ըլլան «ամուսնութիւններ» երկու երկիրներու միջեւ, կ՛ըլլան նաեւ բաժանումներ, որոնք շատ ժամանակ չեն խլեր, կ՛որոշուին ու կը գործադրուին, սակայն սա Անգլիայի պարագային... Տարիներէ ի վեր սովորութիւն ըրած եմ առաւօտը նախ եւրոպական հեռուստակայաններէն համաշխարհային լուրերը առնել: Ամէն անգամ որ հեռատեսիլը կը միացնեմ, դէմս կ՛ելլէ տիկին Թերեզա Մէյը, կը փոխեմ կայանը, նորէ՛ն ինքն է, կրկին կը փոխեմ, դարձեալ ինքը իր երկար հասակով, երկար սրունքներով (ու լեզուով), որ առանց կմկմալու, արագահարուած հրազէնի նման բառերը փամփուշտի պէս կը տեղացնէ, յատկապէս իր խորհրդարանի անդամներուն գլխուն, շարունակելով պաշտպանել իր եւ իր կուսակցութեան տեսակէտը: Նիւթըՙ BREXIT-ն է, այսինքն Բրիտանիոյ «ամուսնալուծումը» Եւրոպական Միութենէն: Երկու տարիէ ի վեր գլուխնիս գնացՙ պիտի բաժնուինք, պիտի բաժնուինք... Բաժնուեցէք ալ վերջանանք: Այս ինչ սոսինձով փակած էք ԵՄ-ին, որ փրթիլը այսքան դժուար է: Սուրիոյ չա՞փ ալ չկաք: Սուրիան որ 1958-ին Եգիպտոսի հետ միացաւ, որպէս համաարաբական երազուած միութեան առաջին քայլ, երեք տարի ետք, նոր վարչակարգ մը եկաւ ու մէկ օրէն միւսը չեղեալ համարեց միութիւնը, բաժնուեցանք, ամուսնալուծուեցանք, վերջացաւ, գնաց... Ոչ թէ ձեզի պէս առտու- իրիկուն միեւնոյն յանկերգըՙ Պրեքսիթ, պիտի բաժնուինք, պիտի բաժնուինք: Եթէ Թերեզա Մէյին այս նիւթին շուրջ արտասանած ճառերը հաւաքեն եւ կազմեն, կարծեմ մի քանի հատոր կ՛ելլէ, սակայն եւ այնպէս, տակաւին չհասան բաղձալի «ամուսնալուծման»: Brexit-ի «սերեալը» գլեց-անցաւ Հոլիվուտի ամենաերկար սերեալներըՙ հարիւրաւոր հեռուստակայաններ, օրական տասնեակ անգամներ, նոյն ցուցադրումները, նոյն հերոսով, թեթեւ ժպիտով քօղարկուած ջղային ելոյթներով: Վաղը, պատմութիւնը պիտի արձանագրէ,- չեմ գիտեր ինչ տառերով,- որ աշխարհի մէջ քաղաքական «Ապահարզանի» ամենաերկար ու տանջալից գործընթացը եղած է Բրիտանականը, որուն աննկուն հերոսն էր տիկին Մէյը: Ի՞նչ են արդեօք այս որոշման դրդապատճառները, ես չեմ գիտեր, որովհետեւ հազիւ զինք տեսնեմՙ կայանը կը փոխեմ: Արդեօք Միացեալ Թագաւորութիւնը, որպէս Եւրոպայէն Լը Մանշ ծովով անջատուած կղզի, ինքզինք Եւրոպական երկիր չի՞ համարեր: Բայց, Թուրքիան, իր մարմնին ոտքի բթամատին չափ մէկ ծայրը Եւրոպայի մէջ խրուած ըլլալուն համար, ինքզինք եւրոպացի նկատելով, մեռաւ որ ԵՄ-ի անդամ ըլլայ, բայց չընդունուեցաւ: Մէկը գրկաբաց ընդունուած է ու կ՛ուզէ անջատուիլ, միւսըՙ ճիշդ հակառակը: Կարծես Անգլիան մտահոգուելիք ուրիշ հարցեր չունի, ժողով հա՛ ժողով: Վաղը յանկարծ, եթէ հակառակորդ կուսակցութիւնը յաղթէ, եւ ուզէ ետ դարձ կատարել եւ մնալ Միութեան մէջ, Մէյին այսքան աշխատանքը ջո՞ւրը պիտի թափի: Ասիկա Անգլիա է: Մարդ չի հասկնար, թէ ինչ կ՛անցնի-կը դառնայ իրենց խոհանոցներուն մէջ: Ժամանակին աշխարհի քաղաքականութեան հետ կը խաղային, այնքան մը, որ մարդիկ կ՛ըսէին «Ասոր մէջ անգլիացիին մատը կայ»: Հիմա ժամանակները փոխուեր են, նայինք այս ապահարզանի գործընթացին մէջ որո՞ւն, կամ որո՞նց մատը կայ: |