RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#047, 2018-12-14 > #048, 2018-12-21 > #049, 2018-12-28

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #49, 28-12-2018



Տեղադրվել է` 2019-01-09 22:06:49 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 4319, Տպվել է` 525, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄԵՐ ՏՕՆԱԾԱՌԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Դեկտեմբերի 21-ի երեկոյեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառին, լուսաւորելով զայն եւ շրջակայքը, ի մեծ ուրախութիւն հրապարակին մէջ խռնուած բազմութեան: 35 մեթր հասակ ունեցող ծառին վրայ փաթթուած լուսալարերուն երկայնքը, ըսին, 20 քիլօմեթր է... այսինքնՙ Երեւանէն մինչեւ Էջմիածին, իսկ ծառին վրայի զարդերուն քանակը հաւանաբարՙ բազմահարիւր:

Թէեւ «Ծառ, տօնածառ» բառերը կ՛օգտագործեմ, սակայն, անձնապէս համոզուած չեմ, որովհետեւ կոնաձեւ այս աշտարակը, բացի իր ձեւէն, ոչինչ ունի բնական ծառի մը յատկութիւններէնՙ ոչ կոճղ, ոչ ճիւղեր, ոչ սաղարթ, ոչ ալ եղեւնիի բոյր եւ անշուշտՙ ոչ ալ կեանք: Սակայն եւ այնպէս, տօնածառ է, որ պիտի տօնական մթնոլորտ հաղորդէ շրջապատին եւ մայրաքաղաքի բնակիչներուն:

Բայց, հաղորդե՞ց արդեօք բոլոր-բոլորին: Մէյ մը հարցնենք հրապարակէն ոչ շատ հեռու, մայթերուն վրայ սեղանիկներ դրած տատիկներուն, որոնք բացօթեայ այս շուկային մէջ, ցուրտը արհամարհելով, ոտքի, երկար ժամեր կ՛անցընեն յաճախորդի սպասումով ու սպասարկելով, պարզապէս իրենց չնչին թոշակին կողքին փոքր գումար մը ապահովելու համար:

Իսկ տօնածառի բացումին նախորդող եւ բացման օրը, հրապարակէն անցումը արգիլուած ըլլալուն, Զաքեան, Խորենացի եւ Մ. Մկրտիչեան փողոցներուն մէջ խցանումներու զոհ, զանազան սեփական, թէ հանրային երթեւեկի մեքենաներու վարորդները եւ մէջինները ի՞նչ վիճակներու մատնուեցան, գիտէ՞ք:

Հարիւր յիսուն հազար տոլար արժող այս ծառ-շինութիւնը արդարացո՞ւց տրամադրուած գումարը: Զահրատի կաղանդի ծառի մասին գրած բանաստեղծութիւնը շատերուն ծանօթ է, սակայն, աւելորդ չեմ նկատեր անգամ մը եւս զայն լսելի դարձնելը.

«Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար

Երկու բան պէտք է

Նախ ծառ մը, յետոյ զարդեր

Ծառին վրայ:

Կաղանդի Ծառ մը շտկելու համար

Երեք բան պէտք է

Ծառէն-զարդէն զատ

Հաւա՛տքը գալիք օրերու:

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար

Մէկ բան կը բաւէ

Ոչ ծառ, ոչ ալ զարդ

Ատիկաՙ խիճերն ադամանդ կարծող

Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է:

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար

Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ:

Բարի տարի ձեզ եւ

Բարի պատրանք:»

Ծառ չունեցանք, բայց ծառանման բան մը ունեցանք. զարդ ալ ունեցանք, իսկ պատրա՞նք... ամենաշատըՙ պատրանք ունեցաւ իւրաքանչիւր հայաստանցի, աւելի լաւ օրերու ցանկութիւն ու երազ, ինչպէս ամէն մարդ աշխարհի չորս ծագերուն կ՛ունենայ:

Եթէ երազանքները չըլլան, ապրիլը շատ դժուար կ՛ըլլայ: Կը ցանկանք, կ՛երազենք, կը յուսանք: Անցեալ տարի չեղաւ, այս տարի կ՛ըլլայ. այս տարի չեղաւ, գալ տարի կ՛ըլլայ:

Չմոռնանք բանաստեղծութեան ամենակարեւոր տողըՙ «Հաւատքը գալիք օրերու»...

Շնորհաւոր ձեր Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #49, 28-12-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ