RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#015, 2019-04-19 > #016, 2019-04-26 > #017, 2019-05-03 > #018, 2019-05-09 > #019, 2019-05-17

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #17, 03-05-2019



Տեղադրվել է` 2019-05-02 23:35:47 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2493, Տպվել է` 235, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ. 1894-1924»

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ

Ասիկա խորագիրն է վերջերս` 24 Ապրիլ 2019-ին Հարվըրտ համալսարանի հրատարակութեամբ լոյս տեսած, 672 էջ հաշուող եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական ջարդերուն անդրադարձող հատորի մը, որուն երկու հեղինակները հրեաներ են:

Այսօր արդէն բազմաթիւ են հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող հատորները եւ անոնց թիւը տարուէ տարի յաւելում կը կրէ:

Բայց երբ նման գիրքի մը հեղինակները հրեաներ են, որոշ հարցադրումներ կ՛արթնցնեն միտքիս մէջ, որոնցմէ առաջինըՙ բայց ինչո՞ւ Ողջակիզումին մասին գրելու փոխարէն հայոց ցեղասպանութեան մասին գրեր են, հարցում մը, որ յաճախ տրուած է հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող հրեայ հեղինակներուն:

Ի՛նչ ալ որ ըլլայ պատճառը, գիրքը կարեւոր ներդրում մըն է ցեղասպանական գրականութեան մէջ, մէկ կողմէ ճի՛շդ անոր համար, որ հեղինակները հրեայ են եւ երկրորդՙ որովհետեւ կը փորձէ տարբեր շրջաններու կատարուած ջարդերը ներկայացնել որպէս մէկ մեծ ծրագրի երեք տարբեր հանգրուաններըՙ 1984-1986, 1915 եւ 1919-1922: Ասիկա կարեւոր մանրամասնութիւն մըն է, որ նախապէս բացայայտուած չէր կը կարծենք:

Գիրքը կ՛անդրադառնայ նաեւ յոյներու եւ ասորիներու ջարդերուն, որոնք, բաղդատաբար հայկական ջարդերուն, նուազ ուսումնասիրուած եւ գրուած են, մանաւանդ ասորիներու պարագային, որոնք յաճախ կը բողոքեն, թէ իրենցն ալ ցեղասպանութիւն է եւ թէ ինչո՛ւ այդ մասին չի խօսուիր-գրուիր, որքան հայերուն, մոռցած, որ հայերը աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանին այդ ուղղութեամբ եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն համաշխարհային գիտակցութեան եւ համամարդկային խիղճին առջեւ դնելու ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ճանչնալու, այլեւ հատուցելու կարեւորութիւնը:

Գիրքը երեք գլխաւոր բաժիններու մէջ կ՛ուսումնասիրէ վերը յիշուած երեք ժամանակաշրջանները:

Հեղինակներըՙ Պէննի Մօրիս եւ Տրօր Զէ՛էվի Իսրայէլի յարգուած պատմաբաններէն են, առաջինըՙ ժամանակագիրը Իսրայէլի պետութեան ծնունդին, որ գրած է պաղեստինցիներուն հանդէպ կատրուած եւ շարունակուող խժդուժութիւններուն մասին եւ միշտ պնդած է, թէ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ամբողջական անջատում մը ապահովել պաղեստինցիներուն եւ հրեաներուն միջեւ: Երկրորդըՙ Տրօր Զէ՛էվի դասախօս է Նէկէվի Պէն Կուրիոն համալսարանէն ներս:

Գիրքին գլխաւոր նպատակը շեշտելն է եւ հաստատելը, որ երեք տարբեր շրջաններու մէջ գործադրուած ջարդերը մէկ մեծ ծրագրի կը պատկանէին, թէեւ այդ շրջաններուն տարբեր իշխանութիւններ եղած են երկրին մէջՙ առաջինը Օսմանեան պետութեան ա՛յն շրջանն է, երբ կայսրութիւնը մէկ կողմէ ինքզինք կը նորոգէր, միւս կողմէ փլուզումի եզրին էր արդէն: Երկրորդ շրջանին Թուրքիան պատերազմի մէջ էր երեք քրիստոնեայ պետութիւններու հետՙ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա: Երրորդ շրջանին յունական ուժերը մտած էին Իզմիր եւ կը յառաջանային դէպի երկրին խորքը, իրենց Արեւմուտքի դաշնակիցներուն քաջալերանքով:

Մեծ գլուխ մը նուիրուած է առաջին շրջանին, երբ հայերը, քրիստոնեայ փոքրամասնութենէ մը սկսեր էին վերածուիլ քաղաքական համայնքի մը, որ վախ կը պատճառէր օսմանցիներուն:

Երկու հեղինակներուն համոզումն է, որ 1915-ի դէպքերուն մանրամասն ուսումնասիրութեան կողքին անհամեմատօրէն տարտամ կը մնան զայն նախորդող եւ անոր յաջորդող երկու շրջաններուն դէպքերն ու մղոնները:

Սակայն հեղինակները կը խուսափին, հաւանաբար նաեւ որպէս պատմաբաններ, վերջնական կարծիքներ յայտնելէ, թէեւ ընթերցողին միտքին մէջ հարցադրումները ինքնաբերաբար կը ձեւաւորուին.

Ա. Հետեւելով դէպքերուն կրնա՞նք եզրակացնել, թէ իսլամութիւնը ինքնին էութենապէս բիրտ եւ ջարդարար կրօնք մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ իսլամ պետութիւնը այլ իսլամ փոքրամասնութիւններ ներքաշած էր ջարդերը իրագործելու համար, առաջ քաշեով իսլամական դաշնակցութեան մը կարեւորութիւնը:

Հեղինակները կը հերքեն ասիկա:

Բ. Ուրեմն ճի՞շդ է այն վարկածը, որ երեսուն տարի տեւող ջարդերը կանխամտածուած էին որպէս մէկ մեծ ամբոջական ծրագիր:

Այստեղ ալ հեղինակները վերջնական կարծիք չեն յայտներ, թէեւ հատորը ինք ա՛յդ կը յուշէ:

Հատորին մէջ բաղդատութիւն մը կայ Ողջակիզումի եւ հայկական ցեղասպանութեան ծրագրումներուն մասին նաեւ:

Ընթերցումի ընթացքին յաճախ մարդ կը մղուի մտածելու պատերազմներու մէջ քաղաքացիներու կացութեան մասին, որովհետեւ թրքական կողմին գլխաւոր արդարացումը ե՛ւ ջարդի օրերուն, ե՛ւ մինչեւ այսօրՙ «պատերազմ էր եւ պատերազմներու ընթացքին նման բաներ կը կատարուին»:

Հակառակ իր կարգ մը ոչ հեզասահ եւ վիճայարոյց տեսակէտներուն, հատորը նոր դիտանկիւն մը կը բանայ ցեղասպանական գրականութեան համար:

Ապրիլ 2019

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #17, 03-05-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ