ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ. ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՎՆԸ Դիւան ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի, Յուլիս 5, 2019 Ուրբաթ, յուլիս 5, 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայայի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ կաթողիկոսնիստ դահլիճին մէջ ընդունեց ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի պատուիրակութիւնըՙ գլխաւորութեամբ ընկ. Հրաչ Գույումճեանի (ատենապետ): Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ Յակոբ Վարդիվառեանը (փոխ ատենապետ), Արտաւազդ Մելքիսէթեանը եւ Երուանդ Ազատեանը: Շուրջ երկու ժամուան խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը յուզեն մեր ժողովուրդը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ: Առաջին հերթին, գնահատութիւններ տրուեցան Արամ Ա. Հայրապետին կողմէ նախաձեռնուած Մամուլի համահայկական համագումարին մասին, որ տեղի ունեցաւ յուլիս 2-4, 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Սբ. Էջմիածնի եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց ներկայ յարաբերութեանց եւ անմիջական անցեալի պատմական իրադարձութեանց: Վեհափառը, ծանօթ ըլլալով ՌԱԿ-ի տեսակէտներուն, բացարձակ անկեղծութեան պայմաններու ներքեւ տուաւ լուսաբանութիւններ, գնահատելով նոյն ատեն սրտցաւ քննարկումներու իրաւունքն ու սատարը: Լուսարձակի տակ առնուեցան Մայր հայրենիքի մէջ եկեղեցի-ժողովուրդ եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները: Նկատի առնուեցան կարգ մը մտահոգիչ զարգացումներ, որոնց շուրջ նախատեսութիւններ եղան եկեղեցական վերին իշխանութեանց ու քաղաքական կազմակերպութեանց դերին մասին: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց ՌԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդինՙ հանդիպումը կայացնելու նախաձեռնութեան համար, իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Մամուլի համագումարին մասնակցելու ՌԱԿ մամուլին տրուած հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ հանդիպման հնարաւորութեան, բովանդակութեան եւ ամբողջովին դրական մթնոլորտին համար: |