RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#030, 2019-08-02 > #031, 2019-08-23 > #032, 2019-08-30 > #033, 2019-09-06 > #034, 2019-09-13

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #32, 30-08-2019



ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Տեղադրվել է` 2019-08-29 22:36:23 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1580, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ԻՏԼԻՊԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ատենը անգամ մը սուրիական շրջան մը, քաղաք մը, գիւղաքաղաք մը, նոյնիսկ գիւղ մը կը յայտնուի լուսարձակի տակ, երբ պատերազմական դէպքերը կիզակէտ կը դարձնեն զայն: Իտլիպ նահանգը, որուն կեդրոնն է նոյնանուն Իտլիպ քաղաքը, այդպիսին էր. այսօր կրկին դարձած է թէժ կէտ:

Արեւմուտքի մէջ, որ հազիւ թէ Սուրիոյ անուան, կամ դիրքին ծանօթ էր նախապատերազմեան շրջանին, այսօր Իտլիպը լուրերու եւ քաղաքական մեկնաբանութեանց գլխաւոր նիւթը դարձած է, երբ սուրիական զօրքը սկսաւ ռմբակոծել զայն, քանի որ զինեալ ահաբեկիչներու վերջին հաւաքավայր- կեդրոնը դարձած էր ան երկար տարիներէ ի վեր, եւ յատկապէս, երբ, հարաւային Սուրիան պարպեցին զինեալ ընդդիմադիր-ահաբեկիչներէն, զանոնք ուղարկելով Իտլիպ:

Իտլիպ քաղաքը Հալէպէն դէպի հարաւ-արեւմուտք 65 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, իսկ նոյնանուն նահանգը կ՛ընդգրկէ Մաարաթ Նումանը ( Ապուլ Ալաա Ալ Մաարրիի ծննդավայրը), Ճըսըր Շղուրը*, որուն մօտ է Եագուպիէ հայկական գիւղը (նշանաւոր իր Սուրբ Աննա ուխտավայրով), որ իր կարգին սահմանակից է Թուրքիոյ, այսինքն Իտլիպի նահանգը կպած է Թուրքիոյ:

Իտլիպի նահանգը նշանաւոր է իր ձիթաստաններով. տարիներ առաջ Միջին Արեւելքի ձեթ արտադրող ամենամեծ գործարանը (Սուրիական, Սպանական, Սէուտական եռեակ ընկերութիւններու համատեղ ձեռնարկութեամբ**) բացուեցաւ Իտլիպի մէջ, որուն բարձրորակ արտադրութիւնը, բացի տեղական սպառումէ, արտահանուեցաւ նաեւ Արեւմուտք: Պատերազմը պատճառ դարձաւ որ այդ գործարանը փակուի:

Ուրեմն հասկնալի կը դառնայ այս շրջանին կարեւորութիւնը Թուրքիոյ համար, եւ անշուշտՙ Սուրիոյ, մասնաւորաբար Հալէպի, որ այս կացութեան պատճառով Համա, Հոմս, Դամասկոս եւ միւս կողմէ ալ Լաթաքիա տանող ճամբաները, որոնք կ՛անցնին Իտլիպ քաղաքէն եւ Ճըսըր Շղուրէն, անանցանելի ըլլալով, սովորականէն շատ աւելի երկար կը տեւեն կողմնակի ճամբաներ օգտագործելով:

Թուրքիա-Ռուսիա համաձայնական ծրագիրները մտահոգիչ կարգ մը իրավիճակներ ստեղծեցին, երբ Թուրքիան հիւսիսային Սուրիոյ սահմանի քրտական շրջանները առաւ իր տիրապետութեան տակ, նախՙ որպէսզի իրեն համար ապահով գօտի ստեղծէ, ապաՙ որպէսզի իր սահմաններէն ներս գտնուող աւելի քան երեք միլիոն սուրիացի փախստականները վերադարձնէ այդ շրջանները, սակայն հիմա որ անոնք սուրիական զինեալ ոյժերու կողմէ յարձակումի կ՛ենթարկուին, Թուրքիան մտահոգ է եւ կ՛ենթադրուի որ մեծաթիւ ուժեր կուտակէ ի պաշտպանութիւն Իտլիպի, մասնաւորաբար, որ նահանգի բանալի քաղաքըՙ Խան Շէյխունը վերջերս ազատագրուեցաւ սուրիական ուժերուն կողմէ, որոնք հիմա կը շարժին ազատագրելու համար նաեւ Ճսըր Շղուրը: ...Ռուս-թրքական փոխհամաձայնութիւններուն հակառակ, երբ ռուսական օժանդակութեամբ սուրիական բանակը յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրէ, Թուրքիան ի՞նչ հակազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Եթէ մտիկ ընենք Էրտողանի յոխորտանքներունՙ շատ բան, սակայն հաւատալով, որ այդ յայտարարութիւնները ներքին սպառման համար են, մասնաւորաբար երբ Էրտողանի կը փորձէ վերականգնել նուազած իր ժողովրդականութիւնը, շատ ալ մտահոգուելու պատճառ չկայ, առաւել եւս որ իր երազած ապահովական գօտին ընթացքի մէջ է,- ըստ իրեն եւ ըստ երեւոյթին:

Սուրիան համբերութեամբ, սակայն ի գին մեծաքանակ զոհերու եւ մեծ զոհողութիւններու, կամաց-կամաց կը փորձէ մաքրել երկիրը ամէն տեսակի ահաբեկիչներէ ու թշնամի ուժերէ եւ վերատիրանալ իր ամբողջական սահմաններուն:

Ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը:

*Ճըսըր Շղուրը (Շղուրի կամուրջ) Որոնդէս (Ասի) գետին վրայ գտնուող ավան մըն է: Հետաքրքրական է, որ Զէյթունի մէջ ալ եղած է նոյնանուն նշանաւոր կամուրջ մը «Շուղրի Կամուրջ»... Ի՞նչ կապ կայ երկուքին միջեւ, չենք գիտեր, սակայն կ՛ըսուի որ Ճըսըր Շղուրի առաջին բնակիչները եղած են Զէյթունէն գաղթածներ:

**Ձէթի գործարանին սուրիական բաժնին տէրերը հայ ձեռնարկատէրեր էին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #32, 30-08-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ