ՀԱՆԵԼՈՒԿ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թէեւ ժամանակին գրած եմ այս մասին, սակայն անգամ մը եւս կ՛ուզեմ արձանագրել եւ փորձել ներկայ պայմաններու լոյսին տակ խորհրդածել: Երեւանի «Թոխմախ կէօլ» ի գերեզմանատան մէջ հանդիպած եմ շիրմաքարի մը, որուն վրայի գրութիւնը երկար ատեն զբաղեցուցած է միտքս: Քարին վրայ փորագրուած էր հետեւեալը. «Հեղափոխությունները նախապատրաստում են ռոմանտիկները , Կատարում են ֆանատիկները Իսկ արդյունքից օգտվում են սրիկաները» : Մի խելոք մարդ ժուար է հիմա մտաբերել տարբեր երկիրներու մէջ պատահած ու պատահող զանազան տեսակի յեղափոխութիւններն ու փորձել վերծանել զանոնք նախապատրաստողները, կատարողներն ու արդիւնքէն օգտուողները եւ ճշմարտութեան եզր մը գտնել յիշեալ շիրմաքարի վրայի արձանագրութեան հետ: Վերջ ի վերջոյ այս «խելօք մարդը» երեւի հաւատացած է իր ըսածին եւ որպէս մնայուն պատգամ զայն փորագրել տուած է շիրմաքարին վրայ: Իսկապէ՞ս յեղափոխութիւնները կը պատրաստեն ռոմանթիկ մարդիկ, արկածախնդի՛ր, հինը մերժելով զայն նորով փոխարինելու տեսլականով: Ռոմանթի՞կ, թէ՞ իրատես, զգացակա՞ն, թէ՞ գործնական ենթահողի վրայ: Իսկապէ՞ս կատարողները ֆանաթիկներ են: Այսինքն ցուցարարները, անզէն կամ զինուած բախումներու պատրաստ մարդիկ մոլեռա՞նդ մարդիկ են, թէ՞ իրենց առաքելութեան հաւատացողներ եւ յանուն նպատակին զոհուելու պատրաստ կամաւորներ: Իսկ որ ամենակարեւորն էՙ Ճի՞շդ է, որ յեղափոխութենէն օգտուողները սրիկաներ են: Այստեղ, անհրաժեշտ է ճշդելՙ յեղափոխութեան ընթացքի՞ն, թէ՞ աւարտէն, այսինքն յաջողութենէն յետոյ: Յեղափոխութիւնները երբեմն երկար կը տեւենՙ օրեր, շաբաթներ, նոյնիսկ ամիսներ, եւ այդ ընթացքին իսկապէս կացութիւնը շահագործողներ կ՛ըլլան, որոնք յեղափոխութեան ստեղծած պղտոր վիճակին մէջ գիտեն անբնական շահեր կուտակել եւ հարստութիւն դիզել ապօրինի գործարքներով: Բայց յեղափոխութեան յաջողութենէն ետք, երբ կացութիւնը հանդարտի եւ յեղափոխականները աթոռներ գրաւեն, անոնք սրիկանե՞ր կ՛ըլլան, թէ՞ նոր շրջանի մը կերտիչ-նուիրեալ մարդիկ, որոնք նախկին սխալները ուղղելու կ՛աշխատին ու եղած թերութիւնները կը վերացնեն: Շատ չտարածուինք եւ մութ փաւիղներու մէջ չխարխափենք, առնենք մեր նոր յեղափոխութիւնը եւ փորձենք համեմատել «Մի խելօք մարդ»ուն խօսքերուն հետ: Երբ Փաշինեանը սկսաւ բարձրաձայնել «Մերժենք Սերժին» իր ետեւէն բազմահազար ցուցարարներ տանելով, ինք ռոմանթի՞կ էր: Եթէ լուսարձակի տակ առնենք իր հագուածքը, քալուածքը, կանչերը, շարժումները, յուզախառն ելոյթները, անսանձ ինքնավստահութիւնը, ապաՙ պատճառ ունինք զինք ռոմանթիկ դասելու, քանի որ տրամաբանութենէն աւելի զգացումն էր որ կ՛առաջնորդէր զինք,- ըստ երեւոյթին: Այսՙ մէկ: Գալով կատարողներուն, այսինքն իրեն համախորհուրդ հետեւողներուն, անոնք ի՞նչ աստիճանի ֆանաթիք, մոլեռանդ մարդիկ էին: Սովորական, շարքային մարդիկ, որոնք հինը մերժեցին, փողոցներ փակեցին, բայց արիւն չթափեցին: Զօրաւոր հաւատք ունէին ղեկավարին հանդէպ, անոր հետեւող, անոր ըսածները գործադրող... ասիկա մոլեռանդութի՞ւն է, չեմ կրնար հաստատել: Գալով վերջին եզրակացութեանՙ այս յեղափոխութենէն օգտուողներ եղա՞ն, եթէ այո՛, սրիկա՞յ են անոնք: Երկիրը թալանողները բացայայտուեցան, Խնայողութեան սիրոյն կրճատումներ եղան, թոշակներն ու աշխատավարձերը բարձրացան, կաշառքը արգիլուեցաւ, նոր յոյսերով լեցուեցան մարդիկ, ժողովուրդը ազատ շունչ քաշեց, սփիւռքահայերուն հոսքը դէպի Հայաստան աննախադէպ էր այս ամառ: Այո՛, օգտուեցան մարդիկ, բայց անոնք սրիկանե՞ր են: Թեր ու դէմ կարծիքներու բախում կայ. ո՞րն է ճիշդը: Յստա՞կ է, թէ՞ հանելուկ. դո՛ւք ըսէք: |