ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հայաստանի երկրաշարժին յաջորդող շաբաթներուն եւ ամիսներուն, ամբողջ աշխարհի հայութիւնն ու նաեւ օտարներՙ պետութիւն, կազմակերպութիւն թէ անհատ, մարդասիրական այնպիսի գործի լծուեցան օգնութիւն փութացնելու համար վիրաւոր Հայաստանին, որ համատարած ցաւին մէջ կատարուածը, գոնէ պահ մը, ցաւած սրտերուն բալասան դարձաւ: Սակայն եւ այնպէս, նոյն շրջանին պատահեցան նաեւ այնպիսի արարքներ, զորս չարագործութիւն անուանելը մեղմագոյն որակումն է: Տուժած շրջաններուն հասած զանազան տեսակի օգնութիւններըՙ հագուստ, սնունդ, դեղօրայք եւ այլն, թալանի ենթարկուեցան մարդանման տմարդիներու կողմէ, որոնք ընչաքաղցութեան իրենց ունակութիւնները չկարողացան զսպել: Շատ մը բաներ իրենց հասցէին չհասան: Ընդհակառակըՙ գողցուած ապրանքները «չարչիներու» կողմէ վաճառքի հանուեցան նոյնիսկ արտերկրի որոշ քաղաքներու մէջ: Պատկերը պարզ է եւ յստակ: Բնութեան պատճառած աղէտներու ընթացքին, մարդկային դժբախտութիւններուն ի տես, անոնք որ օգնութեան ձեռք կը մեկնեն վիրաւոր մը բուժելու, անօթի մը կերակրելու, կամ լացողի մը արցունքը սրբելու, Մա՛րդ կոչուելու արժանի են, իսկ անոնք, որ այդպիսի առիթներ կ՛օգտագործեն տուժածները թալանելու, զանոնք կոխկռտելով անցնելու, այդպիսիները մարդ կոչուելու արժանի չեն. այդպիսիները դատուելու եւ կրելու են ամենածանր պատիժները: Նոյնն է պարագան մի՛շտ եւ նաեւ այս օրերուն, ուր երկիրը պատերազմի մէջ է, եւ մէկ կողմ դրած ամէն տեսակի տարակարծութիւն եւ թշնամանք, մարդիկ միասնական ճիգերով ներքին ճակատը ամրակուռ պէտք է պահեն, իսկ ասոր հակառակ, եթէ շարունակեն իրենց տարակարծութիւնները թմբկահարել, քննադատել իշխանութիւնը իրա՛ւ կամ չափազանցեալ մեղադրանքներով, անոնք, ոչ միայն ներքին ճակատը կը տկարացնեն, այլեւ թշնամիին ջաղացքին ջուր կը լեցնեն: Իսկական հայրենասէրը պէտք է գիտնայ ամէն ինչին ճիշդ ժամանակը որոշել: Պատեհապաշտ ըլլալու չէ: Դժբախտաբար, երբեմն մարդկային բնազդը կը յաղթէ տրամաբանութեան եւ եսամոլութիւնը աւերներ կը գործէ: Կը հետեւիմ մեր լրատուական ցանցերունՙ հեռատեսիլ, լրագիր, համացանց, ուր կը հանդիպիմ անհատ քաղաքացիներու տարատեսակ արտայայտութիւններունՙ դրական եւ բացասական: Անշուշտ թիրախը միշտ կառավարութիւնն է իր զանազան կառոյցներով, որոնց պատասխանատու ու ղեկավար նախարարութիւնները անընդհատ գործի մէջ են, ծրագիրներ կը կազմեն, առաջադրանքներ կը հրապարակեն եւ որոշումներ կ՛առնեն սա կամ նա ոլորտին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու եւ, ըստ իրենց, աւանդականը փոփոխութեան ենթարկելու եւ արդիականացնելու: Ժողովուրդը ոչխարի հօտ չէ, որ հլու-հնազանդ ենթարկուի եւ կուլ տայ հրամցուածը: Ընդդիմութիւններ ու տարակարծութիւններ անպակաս են, ինչ որ առողջութեան նշան է, սակայն այդ տարակարծութիւնները երբեմն այնպիսի սուր եւ թշնամական ոճով կ՛ըլլան, որ կը վնասեն մեր միասնական ճիգերուն երկիրը անվնաս պահելու եւ զայն դէպի բարօրութիւն առաջնորդելու: Սրտցաւ քաղաքացին, մեր երկրին կայունութեան, մեր ազգային արժէքներուն, մեր մշակոյթին անաղարտ պահպանման սիրոյն պէ՛տք է իր խօսքը ունենայ, իր շինիչ քննադատութիւնն ու կարծիքը ունենայ, սակայն այդ ամէնը հայրենասիրական, ազգասիրական, մարդասիրական ճամբով ու ոգիով, ո՛չ ճակատելու պատրաստ, ձեռնոց նետելու ոճով, ու ցարդ ձեռք բերուած դրականն ալ զոհելու գնով: Գիտնանք մենք մեր արժանիքները. մենք պատերազմի դաշտին վրայ մեզի սպառնացողին դաս տալ գիտցանք, զիրենք ետ մղելով եւ անոր բաւական ծանր վնասներ պատճառելով: Հայրենիքին միացան արտերկրի մեր հայերը իրենց խաղաղ ցոյցերով: Իսկ միւսները, չմարսելով իրենց պարտութիւնը, ի՞նչ ըրին, զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ հայերու վրայ յարձակումներ գործեցին, կոտրեցին, այրեցին, պատերը կեղտոտեցին իրենց հայհոյանքներով: Յստակ տեսնենք մեր եւ անոնց տարբերութիւնները, լաւ ճանչնանք մենք զմեզ եւ ըստ այնմ գործենք, հայո՛ւ վայել վարքով: |