ԴԱՍԱԼԻՔՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Դասալքութիւնը բանակէն դաւաճանութիւն է եւ ենթական պատիժի կ՛ենթարկուի, իսկ եթէ այդ դասալքութիւնը պատահի երբ երկիրը պատերազմի մէջ է, այն ատեն պատիժը կ՛ըլլայ շատ աւելի ծանր, նայած հանգամանքներունՙ դասալքողի զինուորական աստիճանը, անոր վստահուած պաշտօնը, պատերազմական կացութիւն եւ այլն: Այս բոլորը կ՛ըսեմ առանց զինուորական եղած ըլլալու, կամ բանակային ու պատերազմական օրէնքները սերտած ըլլալու: Սակայն կը կարծեմ, որ որոշ տրամաբանութեամբ մը ոեւէ մէկը կրնայ այսքանը հասկնալ: Սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն, բանակէն անջատուողներ եղան, անոնց թիւը արհամարհելի չէր, այնպէս որ անհատական կամ խմբային դասալքութենէ աւելի բան մըն էր անոնց անջատումը: Անոնք ի սկզբանէ գաղտնի ընդդիմադիրներ էին, եւ պատերազմը առիթ տուաւ անոնց, որ անջատուին եւ կազմեն «Ազատ բանակ» անունով կազմակերպութիւն մը, որ շուտով անցաւ Սուրիոյ դէմ թշնամական յարձակումներ գործող օտար պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմը, մասնաւորաբար երբ դասալիքներու հակապետական կեցուածքին հետ միացաւ առատ վարձատրութիւնը: Պատերազմը այդ դասալիքներուն համար երերացող աւազուտքի վերածուեցաւ, որուն մէջ երբ ինկան, երթալով աւելի թաղուեցան անոր մէջ: «Ազատ բանակը» անկախ չեղաւ, անմիջապէս որդեգրուեցաւ օտարներու կողմէ, որպէս լաւագոյն գործակալներ իրենց իսկ երկրին դէմ, իրենց իսկ երէկուան բանակային ընկերներուն դէմ կռուելու եւ արիւն թափելու: Գլխաւոր որդեգրող «մայրը» եղաւ սահմանակից Թուրքիան: Ան իր դրօշին տակ առաւ դասալիքները, զինեց, խնամեց, կաշառեց բարձր ամսականներով, որոնք թուրքին գրպանը կը հոսեցնէին Ծոցի արաբական երկիրները: Պատերազմի ամբողջ ինը տարիներու երկայնքին, սուրիական բանակը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ դնելուն զուգահեռ նաեւ դէմ կը դնէր իր բանակէն անջատուած այդ դասալիքներուն, որոնք երեւոյթով մը ենթակայ էին Սուրիայէն դուրս ապաստանած քաղաքական ընդդիմադիր կազմակերպութեան, սակայն անոնք, իրականին մէջ, ազատ կը գործէին եւ իրենց հասած օտար օժանդակութիւններուն կողքին արեւանգումներով ու դրամաշորթութեամբ կը զբաղէին: Թուրքիոյ համար սուրիացի երկու միլիոնի հասնող գաղթականներուն եւ այս բանակին ու անոնց ընտանիքներուն կարիքները հոգալը բաւական ծանր էր, մասնաւորաբար որ տարիները կ՛անցնէին, սակայն իրավիճակը կը մնար նոյնը, Սուրիան կը դիմադրէր: Ու եկաւ լուծումըՙ Լիպիոյ պատերազմին Թուրքիան ոսկի առիթը գտաւ սուրիացի դասալիքները, որոնք արդէն որպէս վարձկան կը կռուէին թրքական դրօշին տակ, հազարներով ղրկեց Լիպիա, իւրաքանչիւրին ամսական 2.500 ԱՄՆ տոլար վճարելով, անշուշտ Լիպիոյ հաշւոյն: Ըսին, որ արդէն 17000 հաշուող բանակ մը ուղարկած է կռուելու Ժեներալ Հաֆթարի ուժերուն դէմ: Իսկ քանի մը օր առաջ ալ յայտնի դարձաւ, որ 1000 մըն ալ այդ վարձկաններէն ուղարկած է Ատրպէյճան, Հայաստանի դէմ կռուելու համար, անոնց յատկացնելով 600 տոլար ամսական: Ֆէյսպուքեան ձայնագրութեան մը մէջ Ազատ բանակի զինուորներէն մէկը կ՛ըսէր, թէ Թուրքիան խաբեր է զիրենք, ըսելով որ ձեզ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը պիտի ուղարկենք, սակայն զիրենք Ատրպէյճան ուղարկած են: Մարդը կ՛ըսէր, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը շիա դաւանանքին կը պատկանին, անոնք հրեաներէն եւ քրիստոնեաներէն աւելի վատ թշնամիներ են, ինչպէ՞ս կռուին անոնց կողքին,- կ՛ըսէր,- արդէն 40 հոգինոց գումարտակ մը ուղարկած են Ղարաբաղի սահման, ուր 30-ը արդէն սպանուած են եւ մէկն ալ հիւանդանոց փոխադրուած է: Թէեւ ֆէյսպուքի գրառումներն ու լրատուութիւնները յաճախ շինծու կ՛ըլլան, սակայն մեր դատողութեամբ ալ այս մէկը շատ հեռու չէ իրական ըլլալէ: Խմբ. կողմից.- Ոչ միայն հեռու չէ, այլեւ մօտիկ եւ իրական է: Ապացույցը այն պատկերն է եւ հենց ա՛յն վարձկանը, որը կոչ է արել մյուս վարձկաններին Ադրբեջանում չծառայելու, քանզի ադրբեջանցիք «քցող» են: |