ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ՀԱՒԱՏԱԼ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Չեմ կրնար հաւատալ, որ մենք Արտաշէս Աշխարհակալ ունեցած ենք. «Աշխարհակա՛լ», կը լսէ՞ք... Որ մենք Արքայից արքայ Մեծն Տիգրան ունեցած ենք, որուն քովէն չորս թագաւորներ թիկնապահներու նման հետիոտն քալած են, երբ ան իր ձիուն վրայ բազմած անցած է ժողովուրդին մէջէն: Վարդան Մամիկոնեան ունեցած ենք, որ 60.000 զինուորներով Պարսկական 300.000 հաշուող բանակին դէմ կռուեցաւ, զոհուեցաւ, սակայն ո՛չ հայրենի հող կորսնցուց, ոչ ալ կրօնափոխ եղաւ: Դաւիթ Բէկ ու Անդրանիկ ունեցած ենք, Ֆէտայիներ, Սասուն, Զէյթուն ունեցած ենք...Դեռ կարելի է շարքը երկարել ու թուել նոր անուններ մեր նախնիներէն, որոնք հայու փառքը կերտած են: Ի՜նչ դիւրին է անցեալով հպարտանալ ու ներկային դէմ աչք փակել: «Էինք... եղած ենք...» անցեալ կատարեա՛լ, իսկ ներկա՞ն: Տիգրանը մինչեւ Սուրիա ու Պաղեստին հասած է, իսկ այսօրուան իր զարմերը ափ մը հող իսկ պահելու անկարող եղան ու անցեալ ամիս Արցախի կէսին հետ Տիգրանակերտն ալ յանձնեցին: Ամօթ մեզի: Մենք մեզ կը մխիթարենք ըսելով, որ անցեալի աշխարհակալ կայսրութիւններէնՙ հրոմէական, բիւզանդական, ասորական, խազարական... բան չէ մնացած, սակայն մե՛նք դեռ կը գոյատեւենք.... Ի՜նչ գոյատեւել է այս, երբ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր մասին վրայ իսկ ապահովութիւն չունինք, շրջապատուած ենք թշնամիներով ու կ՛անգիտանանք մեր կացութեան լրջութիւնն ու վտանգը, զբաղած ենք մէյ մը զմեզ գովելով ու յաջորդ վայրկեանին իրար բզկտելով: Վախնամ ապագայ սերունդներն ալ մեզի համար նոյնը պիտի ըսենՙ «Անցեալին Հայաստան մը եղած է, որ անհետ չքացած է»: Անդադար կը խօսինք թշնամիներու մասին ու զանոնք մեր ամբողջ պատմութեան մեր ուղեկիցները կը նկատենք: Ընդունած ենք թշնամի ունենալու իրականութիւնը ու զայն վերածած առաւելութեան, նոյնիսկ հպարտութեան առարկայ, քանի որ թշնամի ունենալը ուժի նշան է: Անդադար տուժած ենք թշնամիներուն հետ բախումներէն, սակայն բախումներն իսկ առաւելութիւն նկատած ենք: Բնաւ չենք մտածած թշնամի չունենալու մասին, թշնամին բարեկամի վերածելու մասին: Այսինքն, քաղաքագէտ ու դիւանագէտ չենք եղած: Նախընտրած ենք բարոյական մնալ ու թշնամի ունենալ, քան դիւանագիտական աչքբացութիւններով ու քաղաքական խաղերով թշնամին չեզոքացնել: Բարոյականութիւնը քաղաքականութեան մէջ կեղծ դրամ է, անարժէք ու վնասաբեր: Ուրիշներէն դաս առնել ալ չենք գիտցած. ինչքան ազգեր թշնամացած են ու յետոյ դարձեալ բարեկամացած: Եթէ երկրին ու ժողովուրդին շահը այդ կ՛ենթադրէ, կարեւոր է երբեմն ալ հրաժարիլ բարոյականութենէ, գուցէ ժամանակաւոր, գուցէ ձեւական: Միմիայն անցեալով հպարտանալը կը նշանակէ, որ ներկայի մէջ հպարտանալիք բան չունենալ: Շատ կը խօսինք, բայց չենք գործեր: Ամենափոքր յաջողութիւններով կը պարծենանք ու կը գոռոզանանք. աղմուկ հանել շատ կը սիրենք, անաղմուկ գործել չենք գիտեր. անաղմուկ եւ գաղտնի: Անկարելի է, պիտի բացայայտենք ամէն ինչ ու աղմկենք, նոյնիսկ պետական գաղտնիքներ: Փոխանակ թշնամիին գաղտնիքները որսալու եւ լուռ գործելու, փոխանակ ծրագիրներ մշակելու ու միջոցներ ձեռք բերելու թշնամիին ծրագիրները ձախողցնելու համար, մենք մեր «անպարտելի» ուժին վստահելով նոյնիսկ չենք տագնապիր, քանի որ «ամենապրոֆեսիոնալ բանակը ունինք, ամենաարդիական զէնքերով. հսկայ սփիւռք մը ունինք, որ դիւրաւ կրնայ թէ օգնութեան հասնիլ, նաեւ մեծ պետութիւններու վրայ ազդելՙ մեզ սատարելու համար: Այս բոլորէն վեր, Ռուսիան ունինք մեզի զինակից, շատ լաւ չեն մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները, սակայն վստա՛հ օգնութեան կը փութայ, եթէ մեր շահուն համար չէ, գոնէ ի՛ր շահուն համար պիտի պաշտպանէ մեզ... եւ այլն: Այս եղաւ մեր անտեղի աղմուկին վերջը: Բոլոր վերը ըսուածները չիրականացան, պատրանք էին ու մենք պատրանաթափ եղանք եւ հիմա յանցաւոր կը փնտռենք, որ վիզը ոլորենք: Ափսոս, մենք նոյնիսկ մենք զմեզ չենք ճանչցած ու կը շարունակենք չճանչնալ: |