ՈՍԿԻԻ ՇՈՒԿԱՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Կ՛ապրիմ Երեւանի ամենաբանուկ փողոցներէն մէկուն հարեւանութեամբ: Բանուկ է փողոցը, քանի որ Երեւանի ամենամեծ ոսկիի գործատեղին եւ շուկան այստեղ է: Այդ իսկ պատճառով, փողոցը խճողուած է սեփական մեքենաներով եւ թաքսիներով, զանազան վաճառատուներով, գլխաւորաբար ոսկերչատուներով եւ սնունդի կեդրոններովՙ ճաշատուներ եւ մթերքի խանութներ: Հաշուած եմ, հազիւ 300 մեթր երկարութեամբ փողոցի այս հատուածին մէկ ծայրէն միւսըՙ 12 սնունդի կէտ կայ, որոնք կը սպասարկեն ոսկերչական այս հսկայ կեդրոնին քանի մը հազար հաշուող «բնակիչներուն» կէսօրուան ընդմիջման, «լանչ» օտարանուն կէսօրուան ճաշին, կամ երկրորդ նախաճաշին, թեթեւ կերակրատեսակով, կամ սենտուիչով, կամ ալ թխուածքով: Յիշեալ12 սննդակէտերուն կէսը տարիներու հնութեամբ դիմացկուն են եւ ունին իրենց յաճախորդները, իսկ միւս կէսը բացուող-փակուող տեսակէն են: Մէկ տարուան ընթացքին նկատած եմ, որ տասը անգամ ճաշատուն փակուած ու բացուած է, ապա կրկին փակուած ու բացուած նոր գործատէրերու կողմէ: Նորըՙ միշտ ալ հինը ջնջելու եւ նոր տեսքով ներկայանալու եւ յաճախորդ գրաւելու յոյսերով խանդավառՙ նախկին տարածքին դիմագիծը կը փոխէ անպայման, տարբեր գոյնով ներկելով, յարդարելով, սեղան ու աթոռ փոխելով, ճաշատեսակներ առաջարկելով եւ այլն: Ամիս մը ետք յանկարծ տեսար, որ պարպուած է ու ճակատին «Տրվում է վարձով» յայտարարութիւնը փակցուած: Կը նայիմ, զարմացած եւ ցաւով. դեռ երէկ էրՙ ինչ խանդավառութեամբ կը պատրաստէին վայրը... Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ է պատճառը: Պատճառը մէկ էՙ վարձքը մեծ է... Ըսենք որ Երեւանի մէջ, յատկապէս կեդրոնն ու անոր մօտիկ տարածքներուն մէջ գտնուող բնակարաններուն եւ խանութներուն վարձքերը իսկապէ՛ս շատ բարձր են: Շատ բարի, կը մտածեմ, այս մարդիկը երբ կը ձեռնարկէին գործատեղի հիմնել, չմտածեցի՞ն վարձքին մասին, թէ՞ ակնկալեցին, որ գործերը այնքան մը յաջող կ՛ընթանան, որ վարձքն ու յարակից ծախսերը կը վճարեն, իրենց ալ բաւարար շահ մը կը մնայ: Երբ կը կրկնուին այսօրինակ դէպքերը, վստահ կ՛ըլլամ, որ այս մարդիկը անհաշիվ կերպով նետուեր են գործի ու մեծ վնասներով կը քաշուին գործէն: Մարդ նախօրօք չուսումնասիրե՞ր փողոցը, այդտեղ գործող սնունդի կէտերը, յաճախորդութեան մօտաւոր քանակը: Ապա հաշուելով վարձքը, աշխատակիցներուն աշխատավարձերը, պետական տուրքերը, հոսանքի, կազի, ջուրի վարձքերը: Իսկ այս բոլորէն ետքՙ իր շահը: Պարզ հաշիւով մը յայտնի կ՛ըլլայ, թէ օրական որքա՞ն ծախս ունի եւ որքա՞ն եկամուտ ունենալու է, որ արդարացնէ իր ակնկալիքը: Կ՛ակնկալեն որ օրական 50 հոգիի սպասարկեն, մինչդեռ 5-10 յաճախորդ կ՛ունենան ու ամէն ինչ գլխիվար կը շրջի: Վե՛րջ, փակելՙ «այս ամսուան վարձքն իսկ կարելի չեղաւ ապահովել»... Իրենց փոխարէն կամ իրենց չափ ալ ես կը ցաւիմ: Երեւանցին ձեռներէց է, դրամին արժէքը գիտէ, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ այս ասպարէզին մէջ ձախողի: Փողոցին վրայ երկու փուռ կար, բաւական ճոխ իրենց հացի ու խմորեղէններու տեսականիներով ու խուռներամ գնորդներով, մին միւսին ետեւէն փակուեցան, տարածքին տէրը վարձքը բարձրացուցած է, չեն համաձայնած, փակեցին: Մէկուն տեղը ճաշարան մը բացուեցաւ, նոր յարդարում, նոր կահոյք, տարի մը ետք փակեց, դեռ փակ է: Միւսին տեղը դարձեալ արագ սնունդի կէտ բացուեցաւ, դեռ ամիս մը չեղաւ, հեռուէն կը տեսնես, որ ներսը աշխատողներուն թիւը աւելի մեծ է, քան ճաշողներունը. նայինք: Խոշոր, երկյարկանի կառոյց մը վերածուեցաւ քաղաքին մէջ անուն ունեցող ինքնասպասարկման ճաշարանի, հազիւ երկու ամիս, եւ փակուեցաւ: Հիմա անոր տեղը սուփըրմարքէթ բացուեցաւ, նայինք: Խորովածանոց մը երկար տարիներ կը գործէր, փակուեցաւ, տեղը միրգ-բանջարեղէնի խանութ բացուեցաւ, ամիս մը ետք ան ալ փակուեցաւ: Եւ այսպէս... Տարածքներուն տէրերը վարձքերը չեն պակսեցներ, նոյնիսկ եթէ ամիսներով նոր վարձակալ չգտնեն: Կը նախընտրեն ամիսներ ամբողջ եկամուտ չունենալ, քանՙ քիչ մը նուազ վարձքով գոհանալ: Աս ալ տարօրինակ է, եւ բնաւ առեւտուրի վարպետութեան հետ կապ չունի: Մէկ խօսքով, հաշուենկատ հայաստանցիին համար սեւ կէտ մըն է ասիկա, որ անպայման փոխուելու է: Մեծ ձեռարկատէրեր, վստահ եմ, խորհրդատուներ ունին եւ յաջողելու օրինաւոր եւ ապօրէն ձեւերը գիտեն, զոհ գացողները փոքրներն են, խորհրդատու չունին, թուղթ-մատի՞տ ալ չունին, որ հաշուեն, հաշուարկեն: |