RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#004, 2021-02-05 > #005, 2021-02-13 > #006, 2021-02-19 > #007, 2021-02-26 > #008, 2021-03-05

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 19-02-2021



Տեղադրվել է` 2021-02-18 23:00:13 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2520, Տպվել է` 67, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՆՇԵԼՈՎ «ԱԶԳ» ԹԵՐԹԻ ԵՐԵՍՆԱՄԵԱԿԸ

Խմբագրական «Պայքար»ի, 14 փետր. 2021 թ.

«Ազգ» թերթը սովորական լրատու հրատարակութիւն մը չէ եղած: Ան հանդիսացած է ռահվիրայ մը հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Երբ փուլ եկաւ Սովետական Միութիւնը, այդ փլուզումով յառաջացած ազատութեան մէջ մարդիկ շուարած էին ի՞նչ ընել այդ նոր ազատութեամբ. ինչպէ՞ս զայն գործածել պատասխանատու կերպով հանրութեան բարօրութեան համար:

Մինչ այդ սովետական մամուլը ամէնէն անհետաքրքրական մարզն էր մարդոց կեանքին: Հայաստանի մէջ մանաւանդ հայ ընթերցողը կը սնուէր Շամշատինի ծխախոտի բերքի աճման վերջին թիւերով, որոնք իբրեւ անհամբեր սպասուած աշխարհացունց տեղեկութիւններ կը հրամցուէին սովետահայ թերթերու առաջին էջերուն վրայ:

«Ազգ» օրաթերթը, լոյս տեսնելով փետրուար 16, 1991-ին ամբողջութեամբ յեղաշրջեց ոչ միայն մամուլին դիմագիծը, այլ նաեւ` անոր խորքն ու էութիւնը, եւ առաջին անգամ ըլլալով ներմուծեց արեւմտեան ազատ մամուլի չափանիշներն ու սկզբունքները:

«Ազգ»ով` նախ մամուլը ստացաւ ազգային դիմագիծ. առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ընթերցողը Շամշատինի ծխախոտէն ու Բասարգեչարի ճակնդեղէն անդին սկսաւ տեղեկացուիլ իր կեանքը պայմանաւորող, իր ճակատագիրը ճշդող հարցերով:

Այն շրջանին, երբ տակաւին էլեկտրոնային լրատուութեան հնարաւորութիւնները նախնական վիճակի մէջ էին, «Ազգ» յաջողեցաւ իր ընթերցողները իրազեկ պահել միջազգային լուրերով եւ աշխարհի իրադարձութիւններով:

Հայաստանի հասարակ ժողովուրդը, որ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Եկեղեցին աքլոր մատաղ ընելու վայրէն անդին չէր ճանչնար` սկսաւ «Ազգ»ի միջոցով ծանօթանալ անոր պատմութեան, ծէսերուն, խնդիրներուն եւ համազգային տարողութեամբ անոր կենդանի գործունէութեան:

Ինչպէս անցեալին իբրեւ օրաթերթ եւ այսօր` իբրեւ շաբաթաթերթ, «Ազգ» հանդիսացաւ այն օճախը, այն մագնիսը, որ յաջողեցաւ մտաւորական ընտրանին համախմբել իր շուրջ: Թերթը սկզբնական շրջանին սկսաւ հրատարակուիլ օրական 30-40,000 օրինակով. հայկական տպագիր մամուլի պատմութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ:

Յակոբ Աւետիքեան, «Զարթօնք»ի մէջ Գերսամ Ահարոնեաններու շունչին տակ աճած հրապարակագիր եւ բնականէն օժտուած մտաւորական խմբագիր, որ յաջողեցաւ իւրայատուկ դիմագիծ մը տալ թերթին, եւ ինչ որ աւելի էական է` զայն վերածեց մամուլի դաստիարակութեան դպրոցի մը: Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ զինք որակել Հայաստանի նոր մամուլի նահապետը: Այսօր մեծ է թիւը անուանի լրագրողներուն եւ հմուտ դիւանագէտներուն, որոնք անցած են «Ազգ»ի դպրոցէն, զայն կենսաւորելով եւ մամուլի տարբեր օրկաններուն մղիչ ոյժը դառնալով:

Հայաստանի մտածող ընտրանին կա՛մ անդամակցած է «Ազգ»ի ընտանիքին եւ կամ առնուազն` ներշնչուած է անոր որակէն եւ ազգային ջիղի զգայուն զարկէն: Այսօրուան վարչապետն անգամ, եթէ անցած ըլլար «Ազգ»ի դպրոցէն` իր լրագրական ասպարէզը աւելի տարբեր գունաւորում մը ունեցած կ՛ըլլար, առնուազն` որակի մակարդակով:

«Ազգ»ի յաջողութիւնը եւ մանաւանդ, անոր սկզբունքային կեցուածքները միշտ հաճոյ չեն եղած օրուան իշխանութեանց, այդ պատճառաւ ալ թերթին խմբագրին բաժին հանած են լրագրողներու աւանդական ճակատագրէն` խոշտանգումի ենթարկում:

Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ամէնէն մտաւորական ղեկավարը Հայաստանին, իր կատարած ան-մտաւորական գործերու շարքին, իր իշխանութեան օրերուն, ջանացած է խափանել «Ազգ»ի հրատարակութիւնը` օրինական թէ կողմնակի հնարքներով: Իր հերթին դատաւոր Ջհանգիրեան իր ասպարէզին ոչ յարիր անօրինութեամբ փորձած է թերթը «նուիրաբերել» կարգ մը պատեհապաշտներու: Այս իրողութիւնները մաս կը կազմեն թերթին կենսագրութեան եւ պէտք է յիշատակուին այս հանգրուանին, ճիշդ անոր համար, որ այս հրատարակութիւնը արիօրէն դիմագրաւած է այդ խարդաւանքները եւ յառաջ տարած է իր առաքելութիւնը:

«Ազգ»ի ընթերցողը միշտ լաւ իրազեկուած է լայն աշխարհի իրադարձութիւններով, որովհետեւ, բացի տեղական տաղանդներու հոյլին աշխատակցութենէն, թերթը աշխարհի գլխաւոր ոստաններու մէջ ունեցած է աշխատակիցներ, որոնք յաջողած են հարազատօրէն վերլուծել ու մեկնաբանել միջազգային իրադարձութիւնները:

Վերջին երեսուն տարիներուն մեծ յառաջխաղացք ապրած է Հայաստանի մամուլը ընդհանրապէս, եւ հրապարակ ելած են բազմաթիւ տաղանդաւոր լրագրողներ: Սակայն, հայաստանեան մամուլը, իր ընդհանրութեան մէջ առած` տակաւին չէ կրցած ազատագրուիլ իր տեղայնութենէն, շարունակելով աշխարհի իրադարձութիւնները արժեւորել տնավարի չափանիշերով: Այդ պատճառով ալ այդ մամուլը կը շարունակէ կաշկանդուած մնալ ներհայեցողութեամբ:

Դժուար է մամուլի առաքելութիւնը եւ դերը մամուլի աշխատողներուն, մանաւանդ երբ այդ մամուլը պալատական դիրքի վրայ չէ, եւ ընդհակառակնՙ մամուլի սկզբունմային կամքով կը հետեւի պետութեան գործունէութեան, զայն գնահատելու եւ, ի պահանջել հարկին` քննադատելու:

Պայմաններու բերումով «Ազգ»ը հարկադրուեցաւ վերածուելու շաբաթաթերթի, առանց որակային կորուստի. պիտի ըսենք նոյնիսկ` որակի առաւել խտացումով: Շաբաթաթերթի կողքին սկսաւ գործել «Ազգօնլայն»ը, թերթին պատգամի հասանելիութիւնը ընդարձակելով ու բարձրացնելով համաշխարհային հարթակի:

Այսօր, երբ թերթը հասած է իր երեսնամեակին` ան կը դիմաւորէ նոր մարտահրաւէր մը եւս: Ինչպէս «Ազգ»ի խմբագրականը կը նշէ` թերթը կը հեռացուի իր բնօրրանէն, բաւական անհասկնալի պատճառներով եւ իր երեսնամեակը պիտի նշէ իր նոր «աքսորա վայր»ին մէջ:

Ինչպէս կը տեսնուի` ազատ մամուլը չի կրնար իր դերը կատարել առանց խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու: Մամուլին համար այս անբնականն է որ աւելի բնական է: Եւ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները, գուցէ մամուլը իր աւանդական ուղիին վրայ պահելու համար իսկ, ցուցաբերած են իրենց հոգածութիւնը «Ազգ»ին: Պարզ է որ վարչապետը եղած է արհեստով լրագրող եւ ոչ անպայման` կոչումով. այլապէս տարբեր կ՛ըլլար «Ազգ»ի ճակատագիրը այսօր:

Իր բնօրրանին մէջ թէ իր աքսորավայրին` մենք կը միանանք «Ազգ»ի նուիրեալ, հերոսական կազմինՙ շնորհաւորելու եւ նշելու համար հարուստ եւ նախանձելի վաստակով բեռնաւոր երեսնամեակը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 19-02-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ