ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ ԱՅՍՏԵՂ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ամերիկայէն Հայաստան կու գան, հայրենիքին կարօտը առնելու եւ իրենց ակռաները դարմանելու: Ամերիկայի հետ բաղդատածՙ Հայաստանի մէջ ատամնաբուժութիւնը շատ աժան է: Անշուշտ, երբ տոլար կը շահիս եւ այստեղ դրամով կը վճարես, նոյնիսկ ճամբու ծախսդ կ՛արդարանայ: -Կ՛երթամ Երեւան, թէ՛ կը պտտիմ, ազգականներս կը տեսնեմ, թէ՛ ալ ակռաներս շինել կու տամ: Իսկապէս, Հայաստանի մէջ ատամնաբուժութիւնը եւ ընդհանրապէս բժշկութիւնը թէ՛ մակարդակով բարձր է, թէ՛ ալ մատչելի է: Նոյնիսկ առաջարկներ եղան, որ Հայաստանը վերածեն առողջապահական զբօսաշրջութեան ցանկալի կեդրոնի մը: Ինչո՞ւ չէ, գոնէ քոնիաքին ու Վերնիսաժի կողքին, հպարտութեան նոր բանով մը կը գրաւենք աշխարհի ուշադրութիւնը եւ երկիրը ահագին եկամուտ կ՛ունենայ: Այո՛, արտասահման տոլար շահողին համար Հայաստանը իսկապէս աժան զբօսաշրջութեան երկիր է, սակայնՙ միա՛յն արտասահմանէն եկողին համար, իսկ տեղացիին համար այդպէս չէ: Դուրսը ամիսը 2000 տոլար շահողն ու Հայաստանի մէջ ամիսը 200 տոլար շահողը միեւնոյն վճարումը պիտի ընեն. ըսենքՙ որեւէ բժշկական միջոցառում 100 տոլարի հաւասար դրամ պիտի արժէ, ամերիկացիին համար իր շահածին 5% է, իակ տեղացիին համարՙ շահածին 50% է, ուրեմն կրնաք պատկերացնել, թէ ինչքան ծանր է: Անշուշտ Հայաստանի մէջ կան անվճար բժշկական ծառայութիւններՙ փոլիքլինիքներ, շտապօգնութիւն, նոյնիսկ, որոշ պարագաներու, նաեւ հիւանդանոցային միջամտութիւն, սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, տեղացին յաճախ ստիպուած կ՛ըլլայ վճարովի բժշկութեան դիմելու: Հայաստանցի միջակ դասուն համար վճարովի բժշկութիւնը բաւական ծանր է: Մի բաղդատէք Ամերիկայի կամ Եւրոպայի հետ. բաղդատեցէք, օրինակի համար, Սուրիոյ հետ, կամ այլ արաբական, կամ արեւելեան երկիրներու հետ, ուր մարդոց աշխատավարձերը ոչ Ամերիկայի, ոչ ալ Եւրոպայի նման են: Ամերիկա բարձր աշխատավարձ կը ստանան, ատոր հետ ալ զուգահեռՙ բարձր են բժշկութեան սակերը, Սուրիա, կամ նման համեստ եկամուտով աշխատողներու երկիրներու մէջ համեստ են նաեւ բժշկութեան սակերը, սակայն Հայաստանի մէջ, զարմանալիօրէն, թէ՛ աշխատավարձերը շատ համեստ են, թէ՛ ալ բժշկական սակերը անհամեստ են, որոնք լրիւ խոտոր կը համեմատին իրարու հետ: Սխալ բան մը կայ այստեղ, որ սրբագրուելու է անյապաղ: Պատկերացուցէք, ամսական 90, կամ 100, կամ 120 հազար աշխատավարձ ստացող միջին խաւը, որ երկրին մեծամասնութիւնը կը կազմէ, թժշկական քննութեան համար պէտք է վճարէ 15-25 հազար բժիշկի այցեգին, այսինքն իր շահածին մօտ 20% -ը... Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Դեռ ասիկա բոլորը չէ. բժշկութիւն առանց դեղօրայքի չ՛ըլլար, իսկ ներածուած շատ մը դեղեր անբնական կերպով սուղ են Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր դեղատուն տարբեր գինով կը վաճառէ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ Հայաստանի մէջ պետական հսկողութիւն չկայ գիներուն վրայ: Տասնամեայ պատերազմէն առաջ եւ մինչեւ այսօր, Սուրիոյ մէջ որոշ անհրաժեշտ բաներ, յատկապէս հացը եւ դեղերը պետական հակակշռի տակ են, քանի որ մարդու մը համար ամէնաէականներն են: Պետութիւնը իր վրայ կը վերցնէ ծախսին մեծ մասը եւ չի ձգեր, որ ժողովուրդը զրկուի այդ երկու էական բաներէն: Հայաստանի պարագային, չեմ խօսիր զանազան այլ սննդանիւթերու կամ իրերու մասին, սակայն դեղերու պարագան զգալի է, որ չարաշահումի կ՛ենթարկուի վաճառականէ-վաճառական, ձեռքէ-ձեռք անցնելով, եւ մինչեւ հասնի սպառողինՙ գինը կը բազմապատկուի: Սուրիական արտադրութիւն եղող քանի մը տեսակ դեղ Սուրիայէն կը հասնէին ինծի բարեկամներու միջոցաւ: Երբ համավարակին պատճառով դադրեցաւ երթեւեկութիւնը, դեղերս սպառեցան, եւ ես ստիպուած անոնց նմանները գնեցի դեղատուներէն. Մի՛ զարմանաք եթէ ըսեմ, որ կարգ մը դեղերու համար սուրիականին հինգապատիկ, նոյնիսկ տասնապատիկը վճարեցի: Ահաւոր բան է. ես մարդիկ գիտեմ, որոնք իրենց թոշակը ամբողջութեամբ դեղերու կը յատկացնեն ամէն ամիս: Սխալ բան մը կայ այստեղ, եւ սխալը դարմանելու է: |