ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑԱՆԷ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ 5ՐԴ ԵՎ ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդ Հրաւէր Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն Լրագրողներու Համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդը հիմնուելով 29 փետրուար - 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակմիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները: Այս հանգրուանի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 15 մարտ 2021ին, Երեւանի ժամով 18:00-ին: Իբրեւ թեմա նկատի առնուած էՙ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. Դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ: Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէինՙ panarmenian.media@gmail.com Ծանօթ. Հայկական լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի այս ազդը հրապարակել: |