ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Եւրոպայի մէջ երկար տարիներ ուսանած, մասնագիտացած եւ յաջող աշխատանք ունեցող հայ երիտասարդ մը ամիսներ առաջ որոշեց վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ: Գիտական մասնագիտութեամբ եւ արուեստասէր այս երիտասարդին համար Հայաստանը իտէալական երկիր էր, ուր սեփական տան նման կարելի է հանգիստ ապրիլ, գործել եւ նախասիրութիւններուն յագուրդ տալ: Անշուշտ ասոր մէջ դեր ունեցած է արուեստասէր ու գրասէր հօր մը եւ մօր մը ծնողական դաստիարակութիւնը: Եւ անձամբ ճանչնալով ենթական, ըսեմ, որ նաեւ դեր ունեցած է իր անձնական մտայնութիւնն ու խառնուածքը, որպէս գիտակից մարդ: Իր գրառումներն ու լուսանկարները դիմատետրի (facebook) էջերուն ցոյց կու տան, որ ան իր «յաղթանակը» կը տօնէ, Հայաստանի առաւելութիւնները թուելով ու վայելելով, ձեւով մը պատասխանելով այն օտար ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք զարմացած էին իր առած որոշումին համար ու չէին հասկնար, թէ ինչպէս եւրոպական միջավայրին մէջ ապրած, ձեւաւորուած եւ կենցաղը իւրացուցած մէկը հսկայ երկիր մը կը լքէ ու կ՛երթայ հազիւ ծանօթ, կասկածելի իրավիճակով, պզտիկ երկիր մը, որը իսկութեան մէջ ո՛չ իր ծննդավայրն է, ո՛չ ալ իր քաղաքացիական հայրենիքը: Եկած օրէն որոշեց ճանչնալ Հայաստանը եւ հեռակայ իր աշխատանքին առընթերՙ ժամանակ տրամադրեց ճամբորդութիւններ կատարելու, մօտէն ծանօթանալու երկրին պատմամշակութային հարստութիւններուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, խաչքարերուն, լեռներուն ու ձորերուն, դաշտերուն ու անտառներուն, մարդոց, յատկապէս գիւղացիներուն, անոնց կենցաղին, ժողովրդային ձեռարուեստին, նոյնիսկ ճաշերուն ու սեղանի բարիքներուն: Միով բանիւ, իր տարերքին մէջ էր եւ ուրախ իր որոշումին համար: Իր խանդավառութեամբ ուրախ էի նաեւ ես: Ամէն օր անգլերէնով գրառումներ կատարելով հայաստանեան գեղեցիկ բան մը կը ներկայացնէր իր օտար բարեկամներուն եւ կ՛ուրախանար անոնց գովասանական անդրադարձները կարդալով: Կը զգար, որ տէրն էր այս երկրին եւ հպարտ էր, որ իր սեփական գանձերը կը զարմացնեն օտարները եւ գնահատանքի կ՛արժանանան, ձեւով մը հակադարձած ըլլալով անոնց ունեցածներուն հանդէպ ժամանակին իր ցուցադրած հիացումներուն: Հոնՙ անոնք էին յոխորտացողները, հիմաՙ դերերը փոխուած էին: Կը վախնայի որ առաջին տպաւորութիւններէն ետք յանկարծ ժխտական բաներ ալ սկսի նկատել եւ անոր խանդավառութեան ջերմաստիճանը ակամայ վար սահի: Ու պատահեցաւ անկանխատեսելինՙ արցախեան պատերազմն ու Հայաստանի ամօթալի պարտութիւնը: Ի՞նչ գրէր, ի՞նչ բացատրութիւն տար, ինչպէ՞ս համոզէր իր բարեկամները, թէ երկիրը դաւադրութեան մը զոհ գացած էր, թէ Թուրքիոյ գործնական միջամտութիւնն էր պատճառը, կամ Իսրայէլի ռազմական օժանդակութիւնը եւ այլն, եւ այլն: Հպարտ երիտասարդը յուսալքուած էր, չէր հասցներ իր բարեկամներուն տեղատարափ հարցումներուն պատասխանել: Վրայ հասաւ Զատիկը: Չվարանեցաւ ու երկու օր առաջ դիմատետրին մէջ երկտողով մը իր զարմանքը կը յայտնէր, թէ ինչպէ՞ս աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը Զատկուան առթիւ պաշտօնական արձակուրդ չէ յայտարարած, նոյնիսկ երկուշաբթի Մեռելոցի օրը չէ յարգուած... Գիտէի որ Հալէպի մէջ իր պատանեկութիւնը անցուցած այս տղուն մտքին մէջ, դեռ թարմ են դպրոցական յուշերը, ուր զատկական արձակուրդները կը սկսէին չորեքշաբթի օր, երբ դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնը եկեղեցի կը տանէին խոստովանանքի եւ հաղորդութեան, սկիզբը դնելով միշաբաթեայ արձակուրդին: Յաջորդ օրՙ հինգշաբթինՙ Ոտնլուայի օրն էր, ուրբաթըՙ Խաչելութեան, շաբաթըՙ Խթման, կիրակինՙ Յարութեան, երկուշաբթինՙ Մեռելոցի, երեքշաբթին Զատկուան երրորդ օրը հանգիստ ու չորեքշաբթին վերադարձ դպրոց: Ատիկա աւանդապահ Հալէպն էր, այստեղ շատ մը բաներ տարբեր են: «Սփիւռքի մէջ ամէն ինչ ըրինք, որպէսզի պահպանենք մեր հայկական դիմագիծը, հոս ատոր կարիքը չկայ» պիտի գրէի, պատասխանելով իր զարմանքին, սակայն պահ մը մտածեցիՙ գրե՞մ, թէ չգրեմ. իսկապէ՞ս կարիք չկայ... |