RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#019, 2021-05-21 > #020, 2021-05-28 > #021, 2021-06-04 > #022, 2021-06-11 > #023, 2021-06-18

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #21, 04-06-2021



Տեղադրվել է` 2021-06-06 15:02:58 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1233, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՕԹԸ ՏԱՐԻ ԵՏՔ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Եօթը տարի առաջ, ճիշտ այս շաբաթ, ամառնային արձակուրդս անցընելու համար եկայ Հայաստան ու մէկ ամառը եղաւ երկու, ապաՙ երեք, չորս... եւ արդէն եօթը տարիներէ ի վեր կ՛ապրիմ Հայաստնի մէջ: Եկայ ուրախ, Սուրիական պատերազմին մթագնութիւնը ջնջել փորձելով հայրենի լուսաւորութեամբ: Այս եօթը տարիներու ընթացքին եօթն անգամ եօթանասուն լաւ ու վատ բաներու ականատես եղայ, ոմանք ժամանակաւոր կեցութեամբ, անցան գացին, ոմանք յամեցան ու հետք ձգեցին, ոմանք ալ սիրտս ու հոգիս դեռ կը մաշեցնեն:

Սակայն, ինչ որ տեսայ, զգացի ու ապրեցայ, ատաղձ ծառայեցուցի իմ շաբաթական ակնարկներս գրելու համար, որոնց մէջ փորձեցի երկրին լաւը գովերգել ու քաջալերել, իսկ վատըՙ քննադատել ու բարելաւման մղել: Ես, որ ամբողջ կեանքս անցուցած եմ Սուրիոյ մէջ ու թրծուած եմ իմ հայկականի կողքինՙ տեղականով, անոր կենցաղով, մշակոյթով, ըմբռնումներով ու համոզումներով, այստեղ, այս եօթը տարիներու ընթացքին ամբարածս չէր կրնար այնտեղի եօթանասուն տարիներու ամբարածս հակակշռել, հակառակըՙ ունեցած դրամագլուխիս վրայ յաւելում մը եղաւ, հարստացնելով իմ հոգեմտաւոր աշխարհս:

Բախումներ արաբականի ու հայկականի միջե՞ւ, իրարամերժ երեւոյթնե՞ր... անպայմա՛ն, անխուսափելի են, սակայն փորձեցի հասարակաց եզր մը գտնել, մասնաւորաբար կեդրոնանալով մարդկային հոգեմտաւոր արժանիքներուն վրայ, որոնցմով հարուստ են թէ՛ արաբները, թէ՛ հայերը:

Ես կը հաւատամ, որ Հայաստանն ու Սփիւռքը մէկ են, միեւնոյն արմատէն ու բունէն ճիւղաւորուած: Հայաստանեանը մնացած է անփոփոխ, մինչ միւս ճիւղը վերածուած է բազմաճիւղի, եւ իւրաքանչիւր ճիւղ ալ իր սաղարթով, ծաղիկներով ու պտուղներով տարբեր եղած է միւսներէն: Ասով հանդերձ, բոլորն ալ կը գիտակցին, որ միեւնոյն արմատէն եւ բունէն սերած են: Անոնց բոլորին կենցաղային, լեզուական, մշակութային, հոգեկան եւ այլ մանր-մունր տարբերութիւնները յաճախ աննկատ անցած են, երբեմն ալ որոշ խոչընդոտներ ստեղծած ու հարցեր ծագած են: Երբ երկկողմանի գիտակցութիւնը եղած է իրաւարարը, այն ատեն հարցերը գտած են իրենց հաշտարար լուծումը:

Մինչեւ այստեղ ամէն ինչ բնական է, սակայն արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, շատերու մօտ, նախկին ըմբռնումներու պարագային, խախտումներ եղան: Մեր բանակին կրած պարտութեան պատճառով ստեղծուած մթնոլորտը իրավիճակներու այնպիսի բացայայտումներ կատարեց, որոնց առջեւ ակամայ բարկութեան ալիքներ բարձրացան:

Նահատակ, վիրավոր թէ գերեվարուած բազմահազար զոհերու պատճառած ցաւը սգալու եւ պարտութեան հոգեկան վէրքերը դարմանել փորձելու փոխարէն, իշխանամոլութեան եւ աթոռամոլութեան արշաւը, զինուած աննկարագրելի գռեհկութեամբ, միջոցը գրաւեց իր ամէնօրեայ կռուազանութեամբ, հայհոյանքի ու անէծքի թունալից նետերով:

Այսօր, եօթը տարի ետք, շատ բան փոխուած է բոլորիս մէջ ալ, դառնացած ենք բոլորս: Դառնութիւն մըՙ որ սկսած է մեզ տանիլ հիասթափութեան: Արցախը մեծաւ մասամբ ոտնակոխուած ու գրաւուած է թշնամիին կողմէ (այստեղ «վերահսկողութեան տակ անցած է» վարկաբեկիչ անուանումը կու տան): Հայաստանի սահմաններէն ներս ոտնձգութիւններ կը կատարեն հարիւրաւոր թշնամի զինուորներ (այստեղ թշնամիին ալ «հակառակորդ» կ՛ըսեն...): Հազարաւորներ սուգի մէջ են, անդին անտարբեր մասսա մը իր խրախճանքի սեղաններէն վազ չ՛անցնիր: Անհետ կորսուած զինծառայողներուն հարազատները կը շարունակեն ցոյցեր կազմակերպել: Կուսակցականներ խելայեղօրէն զիրար կը քարկոծեն: Թրքական ապրանքները նախկինին նման ողողած են շուկաները: Սննդամթերքի գիները սրարշաւ կը բարձրանան... Անուանի մտաւորականներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ կը շարունակեն լուռ մնալ: Այս կացութեան մէջ, այն թերութիւններն ու սխալները, որոնք անտեսանելի էին, կամ չտեսնելու կը զարնէինք, այսօր լուսարձակի տակ են: Ընդհանուր դժգոհութիւն մը ծայր տուած է, որուն վերջը չ՛երեւիր:

Եօթը տարի ետք նախկին խանդավառութիւննիս սկսած է տեղի տալ: Այս բոլորով հանդերձ, յուսալքուելով երկրէն հեռանալ ուզող սփիւռքահայու չհանդիպեցայ: Բոլորն ալ յոյս կը փայփայեն, որ այս ալ կ՛անցնի: Տա՛յ Աստուած:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #21, 04-06-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ