RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#027, 2021-07-16 > #028, 2021-07-23 > #029, 2021-08-12 > #030, 2021-08-19 > #031, 2021-08-26

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 12-08-2021



Տեղադրվել է` 2021-08-12 02:43:32 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3759, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱԶԳԱԳՐԱԳԵՏ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹՅԱՆ ՄՂՈՒՄՈՎ

Հարցազրոյցը վարեց` ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հարցազրոյց դոկտ. ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆԻ հետ

Յ. Չոլաքեան ծնած է 1947-ին Քեսապի շրջանի Գարատուրան գիւղը: Բանասէր է եւ ազգագրագէտ: 2016-ին ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկէն կը ստանայ պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: 1968-2014 եղած է հայերէնի ուսուցիչ Այնճարի, Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ: 2014-ին կը հաստատուի Հայաստան: Այժմ առաջատար գիտաշխատող է ՀՀ ԳԱԱ-ի եւ արեւմտահայերէնի դասախօս ԵՊՀ-ի մէջ: Հեղինակ է շուրջ 50 հատոր աշխատութիւններու: 2010-ին Արժանացած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալին, իսկ 2011-ինՙ ՀՀ նախագահի Մովսէս Խորենացի շքանշանին:

Յ. Մ.

- Ազգագրագէտ էք, այդ ուղղութեամբ տասնեակ գիրքեր հեղինակած էք: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ ազգագրութիւնը. ազգային դիմագիծը անաղարտ պահելո՞ւ, մեր պատմական, ազգային, մշակութային, կենցաղային, ընկերային եւ այլ հարստութիւնները մոռացութենէ փրկելո՞ւ, որպէս գիտելի՞ք, տեղեկա՞նք: Ի՞նչ բանի:

- Ես երբեք չեմ մտածած հայագիտութեան այս կամ այն ճիւղին առանձնապէս նուիրուելու ու միայն այդ բնագաւառին մէջ գիտական աշխատանքներ կատարելու մասին: Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտութիւնը զիս մղած է այս կամ այն երեւոյթի մասին նիւթ հաւաքելու, տեսական գրականութեան եւ կատարուած փորձերուն ծանօթանալու, ապա ձեռնամուխ ըլլալու համապատասխան աշխատանքի մը: Օրինակՙ այս կամ այն բարբառը չէ ուսումնասիրուած կամ բաւարար ծաւալով չէ ուսումնասիրուած, ուրեմնՙ բաց մը կայ հայ բարբառագիտութեան մէջ. հաւաքագրած ու նկարագրած եմ բարբառը. բարբառագիտական աշխատանք կատարած եմ («Քեսապի բարբառը», Հալէպ, 1986, Երեւան, 2009): Նկատած եմ, որ հայ պատմագրութեան համար անծանօթ միջավայրեր մնացած են պատմական Անտիոքի տարածքին մէջ գտնուող մեր քանի մը գաւառակները, ինչպէս Քեսապի շրջանը, Ռուճի հովիտը եւ տակաւին այնտեղ գոյատեւող հայաբնակ գիւղերը, որոնք Թ.-ԺԲ. դարերու հայ հոծ գաղթականութեան մը մնացորդացն են. պրպտած եմ հնարաւոր բոլոր լեզուներով այդ շրջանին մասին խօսք ընող սկզբնաղբիւրները, ուսումնասիրութիւնները եւ փորձած եմ դարերու խորքէն ուրուագծել անոնց պատմութիւնը: Աւելինՙ նկատած եմ մեր այդ ազգակիցներուն նիստ ու կացի, հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթներու առանձնայատկութիւնները, հաւաքած եմ այդ նիւթերը, գիտական դասակարգումի ենթարկած ու հոն կատարած եմ այն, զոր ազգագրագէտը պիտի ընէր: Նկատած եմ նաեւ, որ սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ բանահաւաքչական աշխատանքը անյետաձգելի գործ մը պէտք է ըլլար, մեր ժողովրդական բառն ու բանը, երգն ու պարը գիրով անմահացնելու ժամանակը արդէն անցնելու վրայ է, ուրեմնՙ կատարած եմ բանահաւաքչական ու բանագիտական աշխատանք ու փրկած բազում երգեր, խաղիկներ, հեքիաթներ ու զրոյցներ, առածներ ու ասացուածքներ, անեքթոտներ, խաղեր ու պարեր («Քեսապ» եռահատորը, Հալէպ, 1995, 1998, 2004. «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը», 2006, Անթիլիաս. «Ցամքած աղբիւրը նորէն կը բխի», Հալէպ, 1981. «Միջգաւառական անեքթոտներ», Հալէպ, 1988 եւ 2005 եւ այլն):

Հիմա հարց է, թէ ինչո՛ւ ես չեմ սահմանափակուած միայն մէկ բնագաւառով, ինչ որ, օրինակ, Հայաստանի մէջ կ ընեն: Հոս կան լեզուի, պատմութեան, ազգագրութեան ու հնագիտութեան յատուկ հիմնարկներ, որոնք ունին նաեւ իրենց ենթաբաժանումները: Անոնց հետ գործակցող գիտնականները բնականաբար պիտի աշխատին նեղ մասնագիտական ուղեգիծերով, իսկ մենք սփիւռքի մէջ չունինք նման հաստատութիւններ, այլ գլխաւորաբար անհատներ են, որ կը փորձեն հասնիլ հայագիտական այս կամ այն բնագաւառին մէջ բաց մը ծածկելու աշխատանքին:

Անշուշտ, լեզուաբանական, պատմագիտական , ազգագրական ու բանագիտական որեւէ աշխատանք ունի իր տեսական եւ գործնական նպատակները: Շրջանի մը պատմական իրադարձութիւնները, այնտեղ ապրող հայութեան նիստն ու կացը, բառն ու բանը, երգն ու պարը արժէքներ են ոչ միայն տեղական իմաստով. անկասկած, զանոնք փրկելու գործը կարեւոր է, անոնք նաեւ ատաղձ են գրականութեան եւ տարբեր արուեստներու կողմէ մշակման ենթարկուելու համար. հետեւաբար գիրի անցընելով այդ բոլորըՙ դուն փրկութեան գործ կը կատարես, ապա կը մղես ուրիշները, որ արժեւորեն իրենց նախահայրերու ապրած կեանքը, օգնես բացատրելու մեր կեանքին մէջ գոյատեւող շատ երեւոյթներ, կամուրջ ստեղծես երէկուան ու այսօրուան միջեւ: Ես ուրախ եմ, որ իմ հաւաքագրած երգերն ու պարերը ուշադրութեան արժանացած են, բեմ բարձրացած ու կատարուած տարբեր խումբերու եւ երգիչներու կողմէ:

- Ձեր ծննդավայրինՙ Քեսապին այնքան էջեր նուիրած էք: Պա՞րտք մըն էր, որ հատուցեցիք, թէ՞ անոր վերապրումը ապահովելու ճիգ մըն էր: Ի՞նչ կը կարծէք, Ի՞նչ պահած է ապագան Քեսապ հայաբոյր աւանին:

- Քեսապի շրջանը իր պատմութեամբ եւ հայութեամբ մեր իրականութեան մէջ պատմա-ազգագրական ուրոյն շրջանակ մըն է, որ ունի իր բարբառը եւ հարուստ բանահիւսութիւնը, որոնց կրողն եմ ես, ու հետեւաբար իմ պարտականութիւնս նկատած եմ գրի առնել, կորուստէ փրկել, հայագիտութեան սեփականութիւնը դարձնել այդ բոլորը: Այս գիրքերուս թիւը կարծեմ տասի կը հասնիՙ առանց հաշուելու տարբեր բնոյթի գիտական յօդուածներս: Անշուշտ ուզած եմ Քեսապի նկատմամբ մեր հոգածութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը սրել: Կը յիշէք, 2014-ին Քեսապ մտած ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ ստեղծուած հակազդեցութիւնը համայն հայութեան եւ աշխարհի կողմէ (SAVE KESSAB): Այդ օրերուն գրեցի «Քեսապի երեք օրերը (21-23 մարտ 2014)» գիրքը, որ նաեւ անգլերէն հրատարակուեցաւ Երուանդ Գոչունեանի թարգմանութեամբ: Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ շարքի թիւ 8-ով վերահրատարակուեցաւ իմ «Քեսապ» առաջին երկու հատորներս մէկ կողքի տակ (Անթիլիաս, 2015, 1348 էջ). այնտեղ ես աւելցուցի այդ մասին փաստագրական գլուխ մըՙ «Քեսապի 2014-ի Աղէտը»: Ներկայիս հայ կեանքը կը շարունակուի այնտեղ, մեր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային կառոյցները մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն: Քեսապի գոյատեւումը ոչ միայն բարիք է այնտեղ ապրող, այլեւ քեսապցիներու աշխարհով մէկ ցրուած մեծ սփիւռքին եւ համայն սուրիահայութեան համար: Այդ «պատառ մը Հայաստան»ը պէտք է ապրեցնել:

- Երկար տարիներու հայոց լեզուի դասաւանդ եղած էք Սփիւռքի մէջ, հաւատալով որ լեզուն պահպանելը ազգային դիմագիծը պահպանելու գլխաւոր գրաւականն է: Արդարացած կը նկատէ՞ք ձեր նպատակը:

- 1968-էն ի վեր եղած եմ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ եւ լեզուի դասախօս հայագիտական տարբեր ամպիոններու եւ հիմնարկներու մէջ: Սա ըսել էՙ աւելի քան կէս դար: Ու խոստովանութիւն մը ընելու պէս ըսեմ, որ մինչեւ օրս չեմ կրցած ես ինձմէ գոհանալ, ես միշտ փորձած եմ ուսուցիչ ըլլալ եւ աշակերտ մնալ միաժամանակ, տալ բան մը, բայց աւելին սորվելու պահանջք ունենալ. ասիկա միայն նիւթի հմտութեան հետ կապ չունի, նիւթի մատուցման մեթոտաբանութեան հետ կապ չունի, անկէ անդին ու անկէ վերՙ աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութեան հետ կապ ունի երեւի: Հիմա կ՛անդրադանամ, որ իմ կեանքիս մեծ մասը անցուցած եմ իմ աշակերտներուս, անոնց գրաւոր աշխատանքներուն ու շարադրութիւններու սրբագրութեան հետ ու մեծագոյն բաւարարութիւն ունեցած եմ պարբերաբար: Փորձած եմ աշակերտներուս լծակից դառնալ հայոց լեզուի պահպանման ու զարգացման սերունդներու առաքելութեան մէջ: Հաւատացած եմ, որ նոր սերունդին պահանջքը աւելի մեծ է ու արժէքաւոր, քան այն ինչ որ մենք կը հրամցնենք անոր:

Անշուշտ ինծի համար միշտ ալ քննութեան առարկայ եղած են մեր դասագիրքերը, ուսուցման մեթոտները, արեւմտահայերէնի կանոնակարգման հարցերը, մասնակցած եմ գիտաժողովներու, կարդացած եմ զեկոյցներ, հրատարակած յօդուածներ եւ շարք մը գիրքեր: Առանձնապէս նշեմ, որ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ լոյս տեսած նախակրթարանի «Հայերէնի դասագիրքս» եւ միջնակարգ-երկրորդականի «Անդաստան» դասագիրքերուս շարքերը կը գործածուին շատ դպրոցներու կողմէ նաեւ Սուրիայէն դուրս:

Հաւատացած եմ, որ դպրոցը հիմնական ու անփոխարինելի դերակատարութիւն ունի մեր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու եւ հայերէնի իմացութեան խթան հանդիսանալու տեսակէտէն: Այդ պատճառով ալ իմ դպրոցս, գաղութի բոլոր դպրոցները, սփիւռքի բոլոր դպրոցները փորձած եմ պահել իմ տեսադաշտիս մէջ: Սփիւռքահայ դպրոցին նուիրուած բաւական յօդուածներ եւ մենագրութիւններ հրատարակած եմ: Ահա այդ շրջագիծին մէջ պէտք է դնել նաեւ իմ վերջին երկհատոր աշխատասիրութիւնսՙ «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն»ը (Երեւան, 2021);

- Գրողի մը գլխաւոր վարձատրութիւնը ընթերցող ունենալն է, ապաՙ անոնց արձագանգն ու վերաբերմունքը: Այդպէս եղա՞ծ է, գո՞հ էք:

- Հայագիտական աշխատասիրութիւններս սփիւռքի մէջ գնահատուած են հրատարակչական աջակցութեամբ ու շատ-շատ մէկ-երկու գրախօսականներով: Հասկնալի է: Երբ հերթական գիրքերէս մէկը նուիրած եմ բարեկամներուՙ յաճախ արգահատանք մը տեսած եմ անոնց վերաբերմունքին մէջ եւ երբեմնՙ ցաւոտ արտայայտութիւն մը. «որո՞ւն համար կը գրես այս տեսակ գիրքերը»: Գլուխ շարժելով անցած եմ յաջորդին: Բայց համապատասխան գիտական շրջանակներու կողմէ ընդունած եմ գնահատանքի եւ արժեւորումի լուրջ վկայութիւններ: Շատ անգամ կը նկատեմ լեզուական, բարբառագիտական, բանագիտական, ազգագրական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ, որոնք աշխատասիրութիւններէս մեծ քաղուածքներ եւ անոնց մասին յղումներ կատարած են:

Հարցը կը փոխուի գեղարուեստական գործի պարագային՚ «Քեսապի երեք օրերը» գիրքս 2 հազար տպաքանակ ունեցաւ: Դիմատետրի վրայ ունիմ ակնարկներու շարքերՙ «Լեզուական հնհնուքներ», «Փլող դպրոցներ », «Ես ինծի հետ», որոնք, կը տեսնեմ, ընթերցողներ ունին, կ՛արտատպուին ու կը տարածուին, եւ ատիկա ինքնաբերաբար ինծի համար պարտաւորեցնող երեւոյթ մըն է:

- Հիմա որ Հայաստան հաստատուած էք, վստահ եմ յանուն անոր խաղաղ ու բարգաւաճ ապագային համար ոչինչ կը խնայէք: Ձեր գրիչը որքանո՞վ կ՛օգնէ որ ձեր երազները իրականանան:

- 2014-ին ընտանեօք փոխադրուեցանք մայր հայրենիք: Մենք հոս մեր տան մէջ ենք, Հայաստանը մեր տունն է: Կ՛աշխատինք ու կ՛ապրինք մեր տան յաջողութիւններով, հոգերով, ցաւերովՙ շատերու պէս, շատերու հետ:

- Պայքար տարիք յանուն արեւմտահայերէնի պահպանման Հայաստանի մէջ Ի՞նչ արդիւնքի հասաւ ձեր պայքարը:

- Նախ պէտք է գնահատել այն, ինչ որ եղած է արեւմտահայերէնի գծով: Միջնակարգ դպրոցին մէջ կան արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ հեղինակներ, կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ այսօր կայ արեւմտահայերէն դասանիւթ, գիտական հանդէսներու մէջ կը թոյլատրուի արեւմտահայերէնով ու աւանդական ուղղագրութեամբ յօդուածներ տպել, թէզեր պաշտպանել, հրատարակչական մեծ գործ կայ: Այո, երբեք անտարբեր չեղայ. ուղղագրութեան հարցը, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման, փոխընկալման եզրերը չկորսնցնելու հարցերը ինծի համար շատ կարեւոր են. բայց երկուստեք կարծրատիպեր կան: Ես հաւատացած եմ, որ շատ բան կը փոխուի սերունդի ընկալումներուն մէջ, եթէ արեւմտահայերէնը տեղ գտնէ նախակրթարանի դասագիրքերուն մէջ, որոշ պարբերականութեամբ, կարճ ծաւալով, հակիճ բացատրութեամբ, որպէսզի դպրոցականը այդ տարիքէն կարենայ կարդալ ու հասկնալ արեւմտահայերէնը, ընկալել զայն, ինչպէս որ մենք կ ընենք արեւելահայերէնի պարագային Սփիւռքի մեր կրթարաններուն մէջ: Աշխատինք որ մեր գրական երկու տարբերակները հասկնալիութեան սահմանները չխորտակեն: Աղէտ է օտար բառերու ներխուժումը արեւելահայերէնի մէջ, աղէտ է լրագրութեան լեզուն:

- Հայաստանն այսօր «լինել-չլինել»ու անդունդի եզրին է: Ի՞նչ կը կարծէք, կը փրկուի՞, թէ՞... Եթէՙ «այո՛», ապա ինչպէ՞ս:

- Պատասխանն ալ երկու չի կրնար ըլլալ: Եթէ գոյատեւել կ ուզենքՙ պիտի յաղթենք: Ես կը հաւատամ, որ ժողովուրդներ ու ազգեր չեն բնաջնջուիր, ինքնասպան կ ըլլան: Այո՛, Փանթուրքիզմը մեզ կը խեղդէ երկու կողմէն, նոյնիսկ վտանգ կը մօտենայ հիւսիսէն ու հարաւէն: Հայաթափութիւնը վերջնական է Նախիջեւանի մէջ, Պարսկահայքի մէջ, Ջաւախքի մէջ կը նօսրանանք, Հիմա Արցախն է սեղմուած օղակի մէջ: Ի՞նչ կ ընենք մենք իրարու կոկորդը սեղմելով:

- Մտաւորականներէն կ ակնկալուի որ ըլլան ուղեցոյց եւ առաջնորդ ժողովուրդին: Հայաստանի մէջ այս երեւոյթը որքանո՞վ իրական է:

- Ես չեմ կրցած սահմանել, ինծի համար, թէ ո՛վ է մտաւորականը, ի՛նչ է մտաւորականութիւնը: Սովորական ժխոր է շուրջս, մարդը բժիշկ է, ուսուցիչ, դերասան, երգիչ, փաստաբան, գրող, վերլուծաբան, լրագրող, միւսը գործարար է, ձեռնարկատէր, բանուոր, մեքենագէտ...: Հիմա բոլորը մէկ, մտաւորականութիւն համարուելով, կը խօսին ազգային գործերու մասին: Այս բազմաձայնութիւնը շփոթ ստեղծեց, մտաւորական կոչուածը չկրցաւ համոզել մեզ, որ ինք խօսափող չէ, սադրիչ չէ, կեղծարար ու ստախօս չէ: Գիտէ՞ք ինչ, ես կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդի լուռ ու քաղաքական խաժամուժէն հեռու զանգուածը աւելի մտացի է, խոհուն, իրատես...: Ես կը ցաւիմ բոլոր անոնց համար, որ մտաւորականի քղամիդով հանդէս եկան եւ իրենց գրիչն ու լեզուն պղծեցին չարախօսութեամբ, նզովքներովՙ ու լուտանքներով: Ինծի համար ան է մտաւորականը (եթէ կ ուզէք, որ գործածեմ այդ բառը), որ դիմատետրի իր անհատական էջէն մինչեւ մամուլ ու եթեր մէկ հրամայականի մասին կը խօսիՙ համերաշխութեան, եղբայրութեան ու համագործակցութեան մասին կը խօսի, անոր կը ձգտի, մնացեալը անկէ ետք կու գայ:

- Կը հաւատա՞ք, որ օրին մէկը ափիւռքի հայերը կը հայրենադարձուին:

- Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետքՙ հայրենադարձութիւն եւ հայրենադարձութիւն: Ատրպէյճանէն փախստականներուն քանի՞ տոկոսը մնաց հայրենիք, ի՞նչ եղան իրաքահայերը, լիբանանահայերը, սուրիահայերը...Ինչո՞ւ կ՛արտագաղթեն հարիւր հազարաւոր հայաստանցիները... Ի՞նչ եղան հայրենադարձներու համար կառուցուած «Դից մայրի»ներն ու «Դէպի երկիր» կոչերը... Ատոր համար ի՞նչ ըրին իշխանութիւնները, ի՞նչ ըրին մեր կուսակցութիւնները, ի՞նչ եղան ձեռք բերուած միջոցները...: Ամէն կողմէ հայրենադարձութեան կոչերը արդէն անիմաստ կը հնչեն: Թէ՛ հեռացողներուն եւ թէ մնացողաց տեսիլքին մէջ կայ հայրենադարձութեան մեծ գաղափարը, բայց ներկայիս զանգուածային հայրենադարձութիւն ակնկալելը անիրատեսական է... Հայաստանի իշխանութիւնները, մեր եկեղեցին, հասարակական կազմակերպութիւնները, բոլորը, սփիւռքէն «կրանդ»ներ ու «մի քիչ փող» կ՛ակնկալեն բարձրաձայն... կ՛ուզե՞ն որ պարպուի Սփիւռքը: Այս երեւոյթը մէկը կը դարձնէ յոյլ ու մուրացիկ, իսկ միւսըՙ սնապարծ ու մեծամիտ: Հայրենադարձութիւնը կայ ու միշտ պիտի մնայ որոշ համոզումներ ու հնարաւորութիւններ ունեցող ընտանիքներուն համար: Ասոնք պիտի գան, պիտի մաքառին հողին կառչած մնալու համար, պիտի ընկրկին, ի վերջոյ յաղթեն մնալով կամ հեռանան ցաւելով... Յետոյՙ այսօր մարդկութիւնը մաղի վրայ դրուած ցորենի կը նմանի, մարդիկ ամեն օր տեղ կը փոխեն, քաղաքացիութիւն կը փոխեն, երկիր կը փոխեն, օր մը հոս են, օր մը հոն, բայց կը մնան ԵՐԿՐԱՑԻ: Այդ ալ բան մըն է, որ ԵՐԿԻՐԸ մեզ տեսնէ, ու մենք ԵՐԿԻՐը չպարպենք երբեւէ ու զայն չպարպենք մեր հոգիներէն: Մեր այսօրը այսպէս է:

Սիրելի Յակոբ, աւարտին յայտնեմ, որ ինծի համար պատիւ է ձեր հարցումներուն պատասխանելը: Ծանօթ եմ ձեր մանկավարժական, թատերական, գրական-հրապարագրական գործունէութեան: Վարձքդ կատար: Շնորհակալութիւն եւ քաջառողջութիւն քեզի:

- Մեծ շնորհակալութիւն ձեզի, Հայի ու Հայերէնի նորօրեայ մարտիկ, դուք որ կը հաւատաք բարի նպատակին նուիրուած գործին, ու այդպէս ալ գրած էք ու դաստիարակած սերունդներ, վստահ եմ անպայման հետեւողներ պիտի ունենաք, յատկապէս նոր սերունդին մէջ: Բարին ընդ ձեզ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 12-08-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ