RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#030, 2021-08-19 > #031, 2021-08-26 > #032, 2021-09-03 > #033, 2021-09-10 > #034, 2021-09-17

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #32, 03-09-2021



Տեղադրվել է` 2021-09-02 23:06:43 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2772, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԳՈՐԾ ԿԱՅ, ԳՈՐԾՈՂ ՉԿԱՅ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Առաջ մարդիկ գործ կը փնտռէին, հիմաՙ գործը մարդ կը փնտռէ: Ամէն կողմՙ վաճառատուներու, ճաշարաններու եւ այլ ցուցափեղկերու վրայ յայտարարութիւններ կը տեսնես, ուր աշխատանքի հրաւէր կայ, մասնաւորաբար վաճառողի, հաշուապահի, հաւաքարարի, մատուցողի:

Հարցը այն է, որ այդ յայտարարութիւնները շաբաթներով կը մնան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աշխատող գտնելը այս օրերուն այնքան ալ դիւրին չէ: Գործ կայ եւ աշխատող չկայ: Ճիշդ է, որ առաջարկուած գործերուն մեծամասնութիւնը մասնագիտական չեն, սակայն վերջապէս անոր ետեւ աշխատավարձ մը կայ, որուն կարիքը ունի ամէն ոք:

Աշխատանքի հրաւէրը ընդհանրապէս իգական սեռին համար է, ինչ որ ընդհանուր երեւոյթ է, որուն յաճախ կցուած կ՛ըլլայՙ «Երիտասարդ, բարետես, նախընտրաբար փորձառու» եւ այլն պայմանները: Երբ հետաքրքրուեցայ, թէ ինչո՞ւ աշխատող գտնելը դժուար դարձած է, ըսողներ եղան, որ աղջիկներուն շատերուն եղբայրները կամ հայրերը դուրսն են, մասնաւորաբար Ռուսաստան, ուրիշներ ազգականներ ունին ԱՄՆ կամ Եւրոպա, ուրկէ ամէն ամիս դրամական օգնութիւն կու գայ, աղջիկները երբ նիւթապէս բաւարարուած են, չեն ուզեր աշխատիլ, յատկապէս, որ այստեղ աշխատանքի օրէնքները լրիւ տարբեր ենՙ ընդհանրապէս վաճառողուհի մը օրը 10-12 ժամ կ՛աշխատի, ամսուան վերջաւորութեան 80 կամ 100 հազար դրամ աշխատավարձ ստանալու համար: Այլ երկիրներու մէջ աշխատանքային պետական օրէնքի ենթակայՙ 8 ժամ կ՛աշխատին եւ վճարումն ալ շատ աւելի է:

Այնպէս որ, ինքնաբաւ աղջիկները իրենց հագուածքին ու արդուզարդին հոգ տանելովՙ կը նախընտրեն կեանքը վայելել իրենց նման պայմաններու մէջ գտնուող անգործ երիտասարդներու հետ ժամանակ անցընելով:

Ես ամէն օր տանս մօտակայ այգիները կ՛այցելեմ, եւ յաճախ կը նկատեմ ցերեկույ աշխատանքային ժամերուն, նստարաններուն վրայ իրար փաթթուած զոյգեր, որոնք, ըստ իմ պատկերացումիս, այդ ժամերուն աշխատանքի կամ դասի ըլլալու էին:

Ահաւասիկ արտագնայ աշխատանքի գացողներուն նիւթական օգնութեան ժխտական երեսներէն մէկըՙ անգործ զուարճանալը, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ ծուլութեան բոյն դնելուն երիտասարդներուն մէջ:

Աշխատանքը միմիայն դրամի համար պէտք չէ ըլլայ, աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդը, ան նաեւ մարզանք է մարմնի, մտքի եւ հոգիի: Իսկ անոր արդիւնքէն կ՛օգտուի ենթական, եւ անշուշտ երկիրն ալ:

Աղջիկները կը պտտին, անդին տարիքոտ կիներՙ մայր, կամ մեծ մայր, կը տեսնես որ մէջք ծռելով փողոցները զանազան ապրանքներու սեղանիկներու ետին առեւտուր կ՛ընեն, կամ աւելն ու լաթը բռնած մաքրութեամբ ու հաւաքարարութեամբ կը զբաղին, երբեմն ալ ձեռք բացածՙ անցորդներէն ողորմութիւն կը խնդրեն:

Հիմա Սովետի ժամանակը չէ այլեւս, առանց աշխատանքի ռոճիկ ստանալ չկայ, այնպէս որ չաշխատողին հաց չկայ: Անշուշտ անաշխատ դրամ ստացողները զանց ըրած:

Անգամ մը գրեցի Հայաստանի կիներուն մասին, որոնք երկրի հիմնական աշխատանքային մեքենան ենՙ հազարաւոր դպրոցներուն, պետական հաստատութիւններուն, գրադարաններուն եւ այլ կեդրոններու մէջ աշխատողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կիներ են, առանց կիներու աշխատանքին, այս երկիրը կ՛անդամալուծուի:

Աշխատող կինը, կամ աղջիկը սովորական դիմայարդարումով, առանց ծայրայեղ շպարի ըլլալու է, լաւ տպաւորութիւն գործելու համար, սակայն բոլորը այսպէս չեն: Գունաւորուած մազերէն սկսեալ մինչեւ կեղծ թարթիչներն ու «սաւառնող» յօնքերը, մինչեւ գունազարդ մագիլանման եղունգներն ու ուռեցուած շրթունքները եթէ գործատիրոջ մը հաճելի թուելով աշխատանքի պիտի ընդունուին, վստահ ըլլալու է, որ այդ հրաւէրին ետին ուրիշ նպատակներ ալ կան:

Չտարածուիմ: Երկրին մէջ տղամարդոց քանակը գերազանցող իգական սեռին վրայ լուրջ պարտաւորութիւններ կ՛իյնան, անոնցմէ լուրջ ակնկալութիւններ կան, թէ՛ ծնողքէն, թէ՛ գործի ասպարէզէն, թէ՛ ալ հայրենիքէն: Արտաքին գեղեցկութիւնը ժամանակաւոր է, մնայունը ներքինն է: Ներքինը զարգացուցէք, սիրելի կանայք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #32, 03-09-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ