ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ, ԳՐՈՂ ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՀԵՏ - «Ազգ» շաբաթաթերթի ընթերցողները ձեր անձին ծանօթացան, երբ ձեր «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքին մասին անդրադարձած էի կարճ գրախօսականով մը: Մեր հարցազրոյցը սկսելու համար պիտի փափաքէի, որ նախ ձեր զգացումները յայտնէիք առջինեկ գիրքի լոյսընծայման առթիւ, ապա ձեր տպաւորութիւններըՙ Թէքէեան կեդրոնին մէջ ԹՄՄիութեան օրերս կազմակերպած շնորհանդէսին մասին: - Նախՙ խորին շնորհակալութիւնս «Ազգ»ի մէջ երեւցած ձեր սրտաբուխ ու սրտախօսիկ գրախօսականին համար, որ յուշերով զիս Հալէպի դպրոցական տարիներուն տարաւ: Ամէն մէկ գրութիւն, որ լոյս կը տեսնէ, ինծի համար կարծես զաւկի մը ծնունդն է որ կ՛աւետէ: Առաջին լուրջ գրութիւնս, ժամանակին լոյս տեսաւ Պէյրութի «Շիրակ» ամսագրին մէջ (1973)ին), զգացած եմ այդ: Իրականութեան մէջ ձեռագիրս Կրթասիրաց Միութեան մեր օրերու ատենապետ Եղիա Ատուրեանին ղրկած էի որպէս թղթակցութիւնՙ «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ տպուելու խնդրանքով (այդ օրերուն ո՛չ համակարգիչ, ո՛չ ալ հեռատիպ ունէինք) զուգադիպութեամբ մը այդ օրերու «Շիրակի» խմբագիր եւ մեծ ուսուցիչ Օննիկ Սարգիսեանը կը գտնուի Պրն. Ատուրեանին հագուստեղէնի վաճառատան մէջ նիւթեր հաւաքելու: Երբ իմ գրութիւնս աչքէ կ՛անցընէ, կ՛ըսէ. «Ասիկա գրական գործ է, եւ «Շիրակ»ին պատշաճ»: Այդ օրէն քչիկ մը ինքնավստահութիւն եկաւ վրաս, որ գրածներս հաւնուելիք բաներ են... Իսկ երբ բոլոր գրածներս այս օրերուն հատորի մը վերածուեցան Քնարիկ Աբրահամեանին նման բծախնդիր խմբագրական աշխատանքով, որ իսկական հաւաքողը դարձաւ տասնամեակներու ընթացքին իմ որոշ չափի ցիրուցան դարձած գրածներուս ) ալ արդէն իսկական բաւարարութեան զգացումով գրկեցի այդ հատորը: «Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ» ըսելու պէս բան մը... Իսկ ինչ կը վերաբերի Երեւանի ԹՄՄ)ի սրահին մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսին, խոստովանիմ որ երախտապարտօրէն շնորհակալութիւնս բաւարար չէ թարգմանելու այն զգացումս, որ ունեցայ, երբ սրահը լեցնող ներկաներու տեսարանը բացուեցաւ աչքիս առջեւ: Համավարակի այս օրերուն չէի ակնկալեր, որ այսքան գրասէր անհատներ պիտի անպայման ներկայ ըլլային: Ես նոյնիսկ յաւելեալ դիմակներ բերած էի զգուշութեան համար: Բնական է նաեւ, որ շարք մը անձնաւորութիւններ կը խորհէի որ Երեւան կը գտնուէին, չէին կրցած ներկայ ըլլալ այս կամ այն պատճառով: Յամենայնդէպս, այդ օր մեծ բաւարարութեամբ ու երախտագիտութեամբ լի էր սիրտս, որ մերՙ Միսաքին եւ իմ) տասնամեակներու նուիրումը ազգային կեանքէն ներս պսակուած էր նման ձեռնարկով: Կրկին շնորհակալութիւն ԹՄՄ)ին այս անմոռանալի երեկոյթին համար: - Որպէս ամերիկահայ գրող... - Պէտք է խոստովանիմ նախ, որ ինքզինքս աւելի շուտ կրթական մշակ կը համարեմ, քան ամերիկահայ գրող: Ընթերցասէր եմ, մոլեռանդ ըլլալու չափ, եւ գիրք գնելու)ստանալու մոլի... - Ի՞նչ է ամերիկահայ գրականութեան վիճակը այսօր: - Մինչեւ հիմա Ամերիկայի մէջ հայերէն «գրողներու» փաղանգը կամ մեծամասնութիւնը «անդիի կողմէն եկած» հեղինակներ են: Ես գոնէ չեմ յիշեր ստացած ըլլալ գիրք մը, որուն հեղինակը Ամերիկա ծնած հայ է եւ գրածՙ ՀԱՅԵՐԷՆ: - Ժամանակին Ամերիկահայ գրողներու միութիւն մը կար, դեռ գոյութիւն ունի՞: Եթէ այո, ո՞վ է նախագահը, որո՞նք են վարչութեան անդամները: - Գիտեմ, որ Լոս Անճելոսի մէջ գոյութիւն ունէր Գրողներու միութիւն մը, որ մի քանի անգամ ալ վերակազմուեցաւ... «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթէն կը հետեւէի, որ արդէն «ոչ եւս է» հիմա: - Ի՞նչ գործունէութիւն ունի: - Կը ցաւիմ ըսելու, որ տեղեակ չեմ: - Որպէս երկարամեայ վաստակաւոր կրթական մշակ, ի՞նչ է հայ դպրոցի ներկան ԱՄՆ-ի մէջ եւ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսէք: - 1978)էն ի վեր կը գտնուիմ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափին: Տասը տարի միօրեայ վարժարանի մէջ դասաւանդած եմ, ծանօթ եմ Նիւ Եորք) Նիւ Ճըրզի նահանգներու միօրեայ եւ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններու գործունէութեան: Որքան որ ալ խանդավառուելիք առիթներ կ՛ունենանք, խոստովանիմՙ շատ բան փոխուած է նախկին օրերէն ի վեր, ոչ շատ յուսադրիչ: Խառն ամուսնութիւններու թիւը եւ հեռաւորութիւններուն պատճառած դժուարութիւնները մեծ քաղաքներու մէջՙ լուրջ պատճառներ են հայ դպրոցներու աշակերտութեան թիւի նուազումին: Մէկ ուրիշ ցաւալի իրականութիւն էՙ պատրաստութիւն ունեցող մանկավարժներու չգոյութիւնը: Ես կ՛ըսեմՙ հայերէն լեզուի որակեալ ուսուցիչներու թիւը արիւնաքամ ըլլալու վրայ է... Եթէ լսող կամ լուրջ մտահոգուող կայ: Ապագան այս երկու հանգամանքները միմիայն կրնան գուշակել... Անցնող երկու տասնամեակի ընթացքին. Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի երկայնքին երկու ամէնօրեայ վարժարան, երկու ակումբ կամ մշակութային կեդրոն փակուեցաւ, տարեցներու համար երկու ՀԱՅ ՏՈՒՆեր ծախուեցան բաւական բարձր գումարներով, որո՞ւն հոգն է... Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը (ՍՆԱՎ) շուտով իր 55)րդ տարեդարձը պրտի դիմաւորէ, որուն 30 տարիներուն մօտէն ծանօթ եմ (ես ծառայած եմ) եկեղեցւոյ շրջաբակին մէկ կողմը ծուարած փոքրիկ շէնքի մէջ իր գոյութիւնը կը պահպանէ մեծ զոհողութիւններով: Ո՞վ կը մտածէ մեծ տարածութիւն մը լուսաւոր դասարաններով, համակարգիչներով եւ այլ յարմարութիւններով օժտուածՙ տրամադրել մեր ապագայ սերունդին... - Ձեր Հայաստան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի համար շատ մտահոգիչ իրավիճակներու. ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, եւ ընդհանրապէս ի՞նչ պատգամ ունիք հաղորդելիք: - Հաւատացէք, իւրաքանչիւր որդեկորոյս մօր հետ արցունք թափած եմ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ յետոյ... Դժուար է դիմանալ, մոռնալ, բայց դարերու ընթացքին միշտ ալ զոհեր տուած ենք եւ կը շարունակենք երգել «Հողը արիւնով է գնւում...»: Հերոսացած մեր զաւակներուն արիւնին պարտական ենք աւելի՛ եւս լաւատես ըլլալ ու յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, պահպանել ինչ որ ունինք, բայցՙ խելքով, զիրար պաշտպանելով, միասնակամ ըլլալով: Հեռու վանենք մեզմէ իրարու ուղղուած հայհոյանքն ու անվայել որակումները, զօրանանք մեր դիւանագիտութեամբ, եւ ո՛չ ուրիշները կամ նոյնիսկ զիրար մեղադրելով: «Պատգամ» բառը շատ խոշոր բառ է, կը խուսափիմ գործածելէ: Բայց հաւատք եւ յոյս ունիմ, որ մեր ժողովուրդը, ի հեճուկս ամէն տեսակի թշնամիներու, ծլիլ ու ծլարձակիլ գիտէ: ճիշդ այն ծառին պէս, որ իմ աչքիս առաջ պարզուեցաւ, երբ մեր հայրենիք ոտք կոխելուն յաջորդ օրն իսկ Գիւմրի էինք եւ կ՛այցելէինք Ասլամազեան քոյրերու թանգարանը: Հոն բակին մէջ «չորցած» ծառ մը ուշադրութիւնս գրաւեց: Աչքս դէպի վեր սահեցնելով ի՜նչ տեսնեմՙ կանաչ ծլարձակումը այդ նոյն ծառին բարձունքէն... Կը հաւատամ մեր ժողովուրդի ծլարձակումին,- ծաղկումին: Ցեխն ալ կ՛ըսեմ, զայն աղտոտել չի՛ կրնար, կը գոչեմ ամբողջ սրտով, Վահան Թէքէեանի բառերով: |