ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԼՈՒՐՋ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ, Մոնրեալ, Կանադա Մեր ամբողջ ժողովուրդին սիրտըՙ Հայաստան-Արցախ հայրենիքը, այսօր ենթարկուած է գոյութենական այնպիսի ճակատագրական տագնապի մը, որուն հետեւանքով անվիճելի անհրաժեշտութիւն դարձած է ամբողջ ժողովուրդին անունով պահանջներ դնելու հայրենիքի պատասխանատուներուն դիմաց: Որոշ է նաեւ, որ Հայաստանը օրինական ոչ մէկ կառոյց գոյութիւն ունի, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ օրինաւոր կերպով արտայայտել իր մեծամասնութեան պահանջները: Ահա այս իրականութեան գիտակից ըլլալով է որ այս յօդուածին որպէս հեղինակ ազատ կը զգամ թարգմանը ըլլալու նուազագոյնը մեր ժողովուրդի գիտակից խոշոր եւ լուռ մեծամասնութեան մտածումներուն, մտահոգութիւններուն եւ անոնցմէ բխած խիստ եւ լուրջ պահանջներուն: Այս գրութիւնը ուղղուած է, լայն առումով, մեր հայրենիքի բոլոր պատասխանատուներուն, հին թե նոր, եւ իր մէջ կը պարփակէ բնականաբար առաջին հերթինՙ այսօրուան իշխանութիւնները: Արդարեւ, անխուսափելիօրէն պատասխանատուներուն շարքին են նաեւ շատ ուրիշներ: Անոնց շարքին են նոյն ինքն Հայաստանի նախագահը, խորհրդարանական ընդդիմադիրները, արտախորհրդարանական բազմաթիւ եւ բազմերանգ հասարակական ու քաղաքական կազմակերպութիւնները, յատկապէս անթիւ եւ անհամար կուսակցութիւնները, մտաւորական ամբողջ վերնախաւը, եւ ի վերջոյ, ի հոգեւորս, նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր աւագ հոգեւորականներով, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Մեր մայր երկրին այսօրուան տագնապը գոյութենական է: Վտանգը մեր բազմադարեան հայրենիքը կորսնցնելու հեռանկարն է: Ճգնաժամային ահազանգը հնչեցնելու ժամը հիմա է, եթէ արդէն իսկ ուշ չէ: Երբ անխուսափելին պատահի, այլեւս անօգուտ է այպանումներ եւ դատապարտումներ արձակելը տարբեր հասցէներու: Ահա այս փոթորկայոյզ խորհրդածութիւններով է, որ վերեւը բնորոշուած պատասխանատուներէնՙ մեր ժողովուրդը կը պահանջէ առնել առարկայական քայլեր երեք ուղղութիւններով: Առաջին պահանջը ուղղակիօրէն հասցէագրուած է այսօրուան իշխանութիւններուն: Անոնք իրենց կառավարման աշխատանքներուն մէջ տակաւին կարճատեսօրէն կը շարունակեն սահմանափակուիլ առանձնապէս իրենց «հաւատարիմ» նկատած բարեկամ ուժերով, որոնք ակնյայտօրէն անբաւարար, յաճախ անփորձ, եւ անկարող են դիմագրաւելու այսօր Հայաստան-Արցախի դիմագրաւածՙ քաղաքական, պաշտպանական, դիւանագիտական, տնտեսական մարտահրաւէրները: Իշխանութիւններէն կը պահանջուի օգտագործել հայութեան տրամադրելի բոլո՛ր կարող ուժերը: Առաւել եւս սկսած է պարզուիլ, որ իշխանութիւնները, անկարողութենէ եւ յուսախաբութիւններէ մղուած, ճնշման տակ, սկսած են հակաժողովրդավարական քայլերու դիմել, ինչպէս, օրինակի համար ոստիկանական ուժ գործածելով արգիլել, որ օրինաւորապէս ընտրուած քաղաքապետն ու համայնքապետը մուտք գործէ իր պաշտօնավայրէն ներս: Հայ ժողովուրդը բոլորովին անընդունելի կը գտնէ վերեւը նշուած այս վարքագիծը եւ կը պահանջէ իշխանութիւններէնՙ անյապաղ վերջ դնել այս գործելակերպին: Երկրորդ պահանջը ուղղուած է վերեւը բնորոշուած լայն առումով հայրենիքի բոլոր «պատասխանատուներուն»: Արդարեւ, մինչ իշխանութիւններէն կը պահանջուի ներգրաւել իրենց նեղ շրջանակէն դուրս գտնուող կարող բոլոր ոյժերը, նոյնպէս ալ կը պահանջուի այս վերջիններէն իրենց պատրաստակամութիւնը եւ տրամադրելիութիւնը հրապարակաւ յայտարարել եւ ցուցադրել: Անոնք պարտին, ներկայ տագնապալի կացութեան մէջ իրենց տրամադրութիւնը հրապարակաւ յայտնել, թէ պատրաստ են կառուցողական ու գործնական միջոցներով սատարելու օրուան իշխանութեանց: Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն ճնշման տակ ակնկալուածը ստեղծելն է համաձայնական համախմբուած ոյժերով կառավարման արտակարգ կառոյց մը, ուր իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ, Հայաստան թէ Արցախ, կարենան օգտուիլ երկրի լաւագոյն ոյժերէն, առանց որ արծարծուին արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկներ: Ակնյայտ է, որ երկրին այսօրուան քաղաքական ներքին մթնոլորտին մէջ , նոր ընտրութիւններու դիմելը կրնայ միայն աւելի եւս բաժանարար եւ քանդիչ հետեւանքներ ունենալ: Այս կապակցութեամբ, հայրենիքի մտաւորական եւ հոգեւորական վերնախաւէն կը պահանջուի իրենց խօսքերով, կոչերով եւ վերլուծական գրութիւններով, ընդհանուր կառուցողական այս մօտեցումը քաջալերել, դիւրացնել եւ ի վերջոյ բացայայտ գործադրութիւնը պահանջել: Ահա այս երկրորդ պահանջն է հայ ժողովուրդինՙ որ ուղղուած է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ հայրենիքի ամբողջ վերնախաւին: Վերջապէս, հայ ժողովուրդի երրորդ ակնկալութիւնը եւ պահանջը կը վերաբերի ազգային հիմնական այն խոշոր բացթողումին, որ կը կայանայ, այսօրուան գոյութենական ազգային մեծ տագնապին օժանդակելու գործինՙ չկարենալ մասնակից դարձնելը հսկայական տարողութիւն ունեցող Հայկական Սփիւռքը: Ընդհակառակ, այսօրուան դրուածքով, Սփիւռքի բազմակողմանի կարողականութիւնը (potential) նուազագոյն չափով միայն մասնակից է հայրենիքի փրկութեան գործին, հակառակ իր ունեցած նիւթական, մտաւորական եւ մարդկային հսկայական միջոցներուն: Կ՛ընդունինք, թէ Սփիւռքը իր այսօրուան ձեւաւորումով չունի միակտուր ընդհանուր կազմակերպուածութիւն: Սակայն ան անկասկածօրէն ունի փաստուած եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ցուցաբերած բազմաշերտ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ արտակարգ յաջողութիւններու հասած անհատներ, որոնց խոշոր մեծամասնութիւնը տրամադիր է օժանդակելու իր մայր հայրենիքին: Այս հսկայական ոյժը օգտագործելը ի նպաստ մայր երկրին դիւրին գործ չէ, անկասկած: Սակայն այդ աշխատանքը գոնէ մասամբ յաջողութեամբ յառաջ տանիլը պարտականութիւնն է պետութեան:Մինչեւ այսօր կարեւորագոյն այս խնդրինՙ անցեալի եւ ներկայի իշխանութեանց մօտեցումը բոլորովին մակերեսային, անկատար եւ հետեւաբար անընդունելի եղած է: Մենքՙ սփիւռքահայերս, պատրաստ ենք լրջութեամբ օժանդակելու կազմակերպչական այդ աշխատանքներուն: Հայ ժողովուրդին պահանջն է հայրենիքի պատասխանատուներէն այս կապակցութեամբ եւս առաջնահերթութեան գծին վրայ դնել, իրատես եւ գործնական քայլեր առնելու պարտաւորութիւնը: Եզրակացնելով կը կրկնեմ նախաբանին մէջ արտայայտած վստահութիւնս, թէ վերոյիշեալ երեք պահանջները արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդին լուռ մեծամասնութեան կամքինՙ ուղղուած մայր հայրենիքի բոլո՛ր պատասխանատուներուն: Կը խորհիմ, թէ պատմութիւնը բարձր գնահատանքով կամ խստութեամբ պիտի արժեւորէ կամ դատէ անոնց իրագործման օժանդակող կամ արգելք եղող ուժերն եւ անհատները: |