ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՅՑ Ի՞ՆՉ ԳԻՆՈՎ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այս անգամ առանց ֆութպոլի, առանց միջազգային միջնորդներու եւ դէտերու ներկայութեան, պարտուողի խոնարհութեամբ համաձայնեցանք թուրքերուն հետ երկխօսութեան նստիլ: Ուրիշ բան է, երբ երկու հակառակորդ պետութիւններ թշնամանքին վերջ տալու համար հաշտութիւն կը կնքեն, իսկ երբ կը պարտուի մէկ կողմը եւ ակամայ կը ստիպուի որ նստի ու թշնամիին հետ համաձայնութիւն կնքէ, այսինքն ընդունի իր պարտութիւնն ու հակառակորդին բոլոր պայմանները, ինչ ալ ըլլան անոնք, որպէսզի այլեւս զերծ մնայ թշնամիին զարկերէն, այդ ալ բոլորովին ուրիշ բան է: Հայաստանը յաղթողի, կամ նոյնիսկ չպարտուողի հանգամանքով չէ որ կ՛երթայ երկխօսութեան: Կ՛երթայ, որովհետեւ իրեն գնա՛ ըսուեցաւ: Ի՞նչ կ՛ակնկալենք այս երկխօսութենէն, շա՞հ, ապահովութի՞ւն, տարածքներու ամբողջականութի՞ւն... Այս տեսակի զիջողական համաձայնութիւնը թունաւոր է: Ես վստահ եմ, որ նախապէս քուլիսներու ետին բաներ մը ծրագրուած են, ու հիմա այդ գաղտնի համաձայնութիւնը պիտի բացայայտուի եւ հրապարակուի պաշտօնապէս: Թուրքիան ղրկեց իր ծանր հրետանինՙ փորձառու քաղաքագէտ, դիւանագէտ ԱՄՆ-ի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան, միջին տարիքի ներկայացուցիչ մըՙ Սերտար Քլըճ , իսկ Հայաստանը անոր դէմ ղրկեց երիտասարդ, անփորձ մէկըՙ Ռուբէն Ռուբինեան , որուն Ազգային Ժողովի փոխնախագահ ըլլալը ինչքա՞ն վարկ կու տայ անոր, չեմ գիտեր: Թուրքիոյ ներկայացուցիչը վիրաւորուած չէ՞ արդեօք, որ Հայաստան իր հետ խօսելու կ՛ուղարկէ իրեն ոչ հաւասար, իր կէս տարիքի մէկը, որուն հետ ինք կրնայ «խաղալ» ինչպէս որ ուզէ: Թէ՞ մենք անակնկալի մը առջեւ պիտի գտնուինք: Նայինք, սպասենք ու տեսնենք: Ի՞նչ անակնկալ, ամէն ինչ ի սկզբանէ դասաւորուեր-վերջացեր է, հիմա եղածն ու ըլլալիքն ալ պարզապէս ներկայացում է: Ամէն մարդ անպայման անդրադարձ մը ունի, ահա՛ օրինակ մը. - Աս ի՞նչ Ճակատագիր է,- կ՛ըսէր Հալէպէն, Երեւան կայք հաստատած տիկին մը,- Հայերուս համար հանգիստ չկա՞յ, պատերազմները մեզի կը հալածեն կարծես, Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան փրկութեան երեք լաստերն ալՙ Սուրիան, Լիբանանն ու Հայաստանը, երեքն ալ խաղաղ չեն, պատերազմներու, ներքին իրարանցումներու ու տնտեսական ճգնաժամի պատճառով, անապահով քամիներու բերանն ինկած ենք ու չորցած տերեւներու պէս մահուան շուրջպարի մէջ կը դառնանք ու կը դառնանք, առանց ելք մը գտնելու: - Միակ լուծումը Գանատան է,- կը միջամտէր երկրորդ տիկին մը,- գացողները այնքան ուրախ են, որ կ՛ըսենՙ երանի շատոնց գայինք: - Շատ մի՛ հաւատար այդ փչոցներուն, անոնք իրենց գաղթելը արդարացնելու համար այդպէս կը գրեն: - Ճանս, ալ հոս չ ապրցուիր, չես գիտեր վաղը ի՞նչ կը պատահի: Պարտուած երկրի մէջ ապրիլը դժուար է, մասնաւորաբար, երբ վաղը ճամբաները բացուին ու Երեւանը թուրքերով ու ազերիներով լեցուի: - Ատանկ բան կ՛ըլլա՞յ մը քա՜... Է, ո՞ւր մնաց մեր հայութիւնը, մեր հայկականութիւնը: - Ետ պիտի վերյիշենք Սովետի շրջանին բեմերէն երգուած երգերը, կը յիշե՞սՙ «Եղբայր դարձան Հայաստան- Ատրպէյճան...»: - Մենք եղբայր- մեղբայր չենք կրնար դառնալ, մոռցա՞ր մեր սպան կացինահարողին ազգային հերոսի պատուին արժանացուց այդ զզուելի մարդը, չէ՞: - Հապա Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը, Ամերիկայի ընդունելէն ետք, չէ՞ որ կ՛ակնկալուէր որ Թուրքիան ուզէ-չուզէ պիտի ընդունի... Ասկէ ետք ընդունի՞լ մնաց: - Ես գիտեմ նէ, Պայտընի յայտարարութենէն հարցը շրջուած էր: Վրանիս խնդաց, տակից թուրքին հետ համաձայնած էին, եւ ահա՛ պտուղը: Աստուած, օգնէ Հայաստանին: - Աստուած ինքզինք օգնողի՛ն կ օգնէ: |