ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#20, 2008-10-25 | #21, 2008-11-08 | #22, 2008-11-22


...ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՀԵՏ...

Սարգիս Խաչենց - Փրինթինֆո հրատարակչութիւնները համատեղ լոյս են ընծայել Փարիզի Արեւելեան լեզուների համալսարանի պրոֆեսոր, գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ» աշխատութիւնը (,Իմացություն, գրադարան - էսթետիկա, արվեստի տեսություն մատենաշար, 527 էջ, Երեւան, 2008թ.), որը հրատարակուել է Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան (հայկական բաժանմունքի տնօրենՙ դոկտ. Զաւէն Եկաւեան) հովանաւորութեամբ:

Մեր զրոյցը Գրիգոր Պըլտեանի հետ վերաբերում է այդ գրքին:


...Ոչ մի ուրիշ երկ, Աստուածաշնչից զատ, նման լայն տարածում չի գտել: Նարեկի մի էջի ընթերցանութիւնը աւելի մեծ սփոփանք էր բերում, քան Դաւթի բոլոր սաղմոսները:

Մատթէոս Ջուղայեցի

...Գրիգորի ստեղծագործութիւնը` հայ քնարերգութեան եւ հոգեւոր արուեստի կիզակէտը, շատ երկար է մնում մեկուսիՙ անգերազանցելի իր հռչակով, որպէս հայ միջնադարեան պատմութեան վերջին շիկացումներից մէկի ժամանակ անսպասելի փայլատակած մի գիսաստղ: Այս գլուխգործոցի ուժն ու կարողութիւնը իր նմանը չունի դարի եկեղեցական Վերածննդի խստաճաշակ շողարձակման մէջ...

Ժան-Փիէռ Մահէ


- Շնորհաւորում ենք Ձեզ գրքի լոյս ընծայման առթիւ: Հետաքրքրական է, որքա՞ն ժամանակ էք տրամադրել գրքին, չէ՞ որ առաջին անգամը չէ, որ անդրադառնում էք Նարեկացիին:

- Նարեկացիի մասին գրելը, իմ մօտ, հին, շատ հին ցանկութիւն եղած է, ըսենք անցեալ դարու 70ականներուն: Գրքի յառաջաբանին մէջ այս մասին ակնարկներ կան: Այդ ժամանակ արդէն, կարծեմ իմ Տրամ հատորի սկիզբը նշած էի, որ Նարեկացին անշրջանցելի է: Ուստիՙ առաջին անգամ գրած եմ Գր. Նարեկացիի լեզուի սահմաններուն մէջ (1985, Վենետիկ), Մխիթարեան հայրերու ստեղծած շարքով:

Յաջորդ գիրքը գրած եմ շատ աւելի ուշ, 2000 թուականին, երբ արդէն ամբողջ տասնամեակ մը Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանի հայկական «Գ. Կիւլպենկեան» ամբիոնի վարիչն էի: Այդ շրջանէն Նարեկացիի գործը տեսակ մը խաչմերուկ էր, բազմաթիւ թեմաներու առթիւ կ՚անդրադառնայի, ինչպէս օրինակ արուեստի, երկի, գեղեցկութեան խնդիրներու առթիւ: Որով երկրորդ գիրքըՙ Ի գործ արկանել (2004, Մոնթրէալ) արդիւնքն է այս աշխատանքին: Ի հարկէ ուրիշ առիթներով ալ գրած էի յօդուածներ, Նարեկացիի գործերըՙ Մատեանը, Ճառերը, մա՛նաւանդ Երգ երգոցի մեկնութիւնը զիս միշտ կը հետաքրքրէին, իմ մէջ կը պահէին իրենց տարօրինակ հմայքը: Այնքան ալ դիւրին չէ նման հմայքէ ազատագրուիլ, զայն չէզոքացնել:

Այս հատորին մէջ խմբուած են առաջին երկու գրքերս եւ բոլորովին անտիպ երրորդ մը: Հատորը ինքը պատուէր մըն էր Խաչենց l Փրինթինֆո հրատարակիչներէն, որոնք այսպէս ինծի առիթը կու տային ընթերցող հասարակութեան ներկայացնելու աշխատանքներս:

- Ինձ համար անակնկալ էր Արթօ Չաքմաքճեանի գծանկարները. ինչպէ՞ս յայտնուեցին գրքում:

- Ես տեսած էի Արթոյի քանդակները Մոթրէալի արուեստանոցին մէջ, մանաւանդ Նարեկացիի «դիմանկար» մը, որ զիս շատ տպաւորած էր: Արդէն Ի գործ արկանել հատորի կողքին կար իր մէկ գծանկարը, յատուկ այդ գրքին համար: Արթոյի համար ալ Գրիգոր Նարեկացին մեր մշակոյթի եւ գրականութեան համար էական անձնաւորութիւն մըն է: Եւ քանի որ երկուքս ալ նոյն «պաշտամունք-հիացումը» ունինքՙ ոչինչ կ՚արգիլէր որ նոյն հատորին մէջ գիր ու գիծ, գրութիւն եւ նկար հանդիպին իրարու: Անձնապէս նման ընկերակցութիւնը կը սիրեմ եւ կարծեմ նկարիչները իրենք ալ կը սիրեն իրենց գործերը տեսնել բանաստեղծներու էջերուն դիմաց: Անշուշտ աշխատանքներու միջեւ ո՛չ այնքան նոյնութիւն է պէտք, որքան տարբեր միջոցներով ոլորտի մը, իմացական կամ բանաստեղծական ոլորտի մը ձգտում: Պարզ է, Արթոյի գծանկարները իմ գրութիւններս չեն պատկերազարդեր, առանձին, լիարժէք գործեր են, քանդակագործի տեսանկիւնէ տեսնուած Նարեկացի մը տուող:

- Արդեօ՞ք տարօրինակ չէ, որ երկխօսութիւն էք սկսել մի մարդու հետ, որ ձայն չունի, որ չի խօսում, լուռ է, հազարամեակից աւելի:

- Ի հարկէ, «երկխօսութիւն» եզրը գրքի խորագրին մէջ յարակարծիք կը թուի, պարադոքս: Եւ սակայն անիկա կը կազմէ գրքի թեմաներուն ամենէն կարեւորներէն մէկը: Նարեկացի ինք արդէն իր խօսքը կը բնորոշէ իբրեւ «խօսք ընդ Աստուծոյ», նոյն ատեն «յաղագս Աստուծոյ», այսինքնՙ երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, Անոր մասին, ի հարկէ նաեւ մարդու, իմ մասին: Գրքին մէջ կը խօսիմ երկխօսական կառուածքէ, ինչ որ չի նշանակեր, թէ Աստուած, բացարձակ Ուրիշը կը խօսի: Ան խօսած է արդէն Աստուածաշունչ մատեանին մէջ: Ուստիՙ Աստուած կը լռէ, անիկա մեծ լռութիւնն է: Ասոր համար իր խօսքը Աստուծոյ ուղղող մարդը երբեք վստահ չէ, որ խօսքը կը հասնի իր տեղը: Տարակոյսը մաս կը կազմէ հաւատքին: Իսկ Խօսող մարդը, Եսը, մարդկային հոգին է, որ իր մէջ ունի համայն մարդկութիւնը: Նարեկացին կ՚ըսէ. իմ մէջս է ինչ որ կայ բոլորին մօտ. բոլորինը իմն է: Հասկնալի է թէ ինչո՞ւ բոլոր մեղքերն ու յանցանքները Գրիգոր Վանականի Նարեկայ վանքի քահանայ վարդապետի մեղանչումի արդիւնքը չեն: Խօսողը նոյն ատեն կը խօսի ինքն իր հետ, ներքին եսին հետ: Ահա երկրորդ բեւեռ: Նոյն ատեն այս երկխօսութեան մէջ կայ ընթերցողը, որուն համար գիրքը կը գրուի: Ուստիՙ երկխօսութիւն կը բանի ամէն տեղ Մատեան ողբերգութեան մէջ: Այլ հարց. Նարեկացի չի դադրիր իր Մատեանը ներկայացնելէ իբրեւ իր իսկ ձայնը, իրմէ մնացող յետին նշանը: Ինքն է ըսողը. պիտի մեռնիմ բայց ասով (Մատեանով) թող նկատուիմ (գրեցոյց) կենդանի: Մատեանով թող կենդանի ըլլամ եւ մշտապէս Աստուծոյ առջեւ, մինչեւ երկրորդ գալստեան օրը, շարունակ թուեմ մեղքերս եւ յայտարարեմ Աստուծոյ մեծութիւնն ու փառքը: Հետեւաբար, եթէ խօսողը մեռած է, Մատեանը կը շարունակէ ձայնել, բացագանչել, խօսիլ: Եթէ ձայնը կայ, հնարաւոր է անոր հետ խօսիլ: Այլեւս այդ ձայնը գիրքի մը մէջ է, այդ գրքին կշռութիւն կու տայ, կը կազմէ անոր ներքին շունչը: Ուստիՙ այդ ձայնը-գիրքը կարելի է լսել, կարդալ, մէջբերել, վերլուծել ու մեկնաբանել, քանի որ անոր թելադրածները ո՛չ յստակ են, ոչ ալ իմանալի: Կարդալ կը նշանակէ այլեւս մտնել երկխօսական կապի մը մէջ, այսինքնՙ գրուածը ընդունիլ իբրեւ երկրորդ մը, ուրիշ մը, որուն տարբերութիւնը հարկ է պահպանել: Հարկ է յարգել զայն, չպարտադրել անոր սա կամ նա գաղափարախօսութիւնը: Որով չիք երկխօսութիւն առանց այն նոյնին, որուն շուրջ կը կազմակերպուի գրուածքին եւ ընթերցողին յարաբերութիւնը: Ամէն մարդ գիտէ որ Նարեկի լեզուն թէ՛ դժուար գրաբար է, թէ ալ չափազանց անհատական, իւրայատուկ իմացական գործիք: Որ ունի հոգեւոր հրահանգի դեր: Որովհետեւ-եւ ասիկա երբեք պէտք չէ մոռնալ-ճգնողական գրականութիւնը, ինչպէս ճարտասանական մարզանքները, կարեւոր տեղ կը գրաւեն Մատեան ողբերգութեան մէջ:

- Նարեկը միջնադարեան գիրք է... սակայն նոր է նաեւ... ինչպէ՞ս հասկանալ...

- Անկասկած, ինչպէս հին է Աստուածային կատակերգութիւնը (Դանթէ): Հին, նոր, նոյն ատեն օժտուած ժամանակէն վեր ըլլալու գերազանց յատկութեամբ: Ամէն սերունդ իր Նարեկը կը ստեղծէ, երբ կը կարդայ: Որով եթէ կան ընթերցման բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, կայ նաեւ անոր ընթերցման, ազդումի շրջանակի պատմութիւնը, այսինքնՙ անոր ընկալման պատմութիւնը: Այս հարցին նուիրած եմ կարճ գլուխ մը: Գուցէ կարելի է զայն ընդլայնել: Բայց նման պատմութիւն մը գրելու համարՙ հարկ է ուսումնասիրել մեր ամբողջ հին ու նոր գրականութիւնները, չբաւարարուիլ Նարեկի իբր թէ յայտնագործութեամբ, ԺԹ դարուն:

- Ո՞վ է Նարեկացին, արդեօք գուշակ, բժիշկ, ի վերջոյ հազարամեակի ընթացքում գիտենք օգտագործուել է որպէս բուժման միջոց, մինչեւ այսօր էլ բազմաթիւ ընտանիքներում Նարեկը սրբութիւն է եւ պահպանւում է իբրեւ Աղօթամատեան:

- Գուշա՞կ. չգիտեմ, բայց դեղ, բուժիչ յատկութիւններ ունեցող մատեանՙ անկասկած, գոնէ Ձեր յիշած կերպով: Մատեանի մէջ դեղի թեման անդադար ներկայ է եւ առնչուած է փրկութեան հարցին: Նարեկի խօսողը Մատեանի խօսքը կը վերընծայէ Աստուծոյ, որպէսզի Ան այդ խօսքը վերածէ մաքրող, սրբող բանի: Սրբելէն կու գայ սրբութիւնը: Ինչ որ կը սրբուի` կ՚անջատուի կեղտէն, եւ Մատեանը կարդացողը կը մտնէ հաղորդումի ծիրին մէջ: Նարեկացի խորապէս կը հաւատայ խօսքի զօրութեան, ոչ թէ խօսքի կախարդական ուժին, այլ անոր բանական կարողութեան ազդելու մարդոց մտքին, հոգիին եւ մարմնին: Մարմին եւ հոգի, թող ներուի ինծի եթէ ըսեմ, որ նոյնն են, ո՛չ թէ մէկ են, այլ նոյնը: Խօսքը, Նարեկացի անդադար կը կրկնէ ասիկա, ազդում է, կարող մեզ փոխելու, վերափոխելու: Գիտէք, հոգեվերլուծութեան մէջ, խօսքը նոյն հանգամանքը ունի: Մեղաւորը երբ Նարեկի մէջ կը խոստովանի, կը յիշէ ու կը վերյիշէ իր մեղքերը` հետզհետէ կ՚ազատագրուի ատոնցմէ: Նարեկի ամբողջ վերջաւորութիւնը ճիգ մըն է հասնելու այդ ազատագրումին, բայց ինչպէս ջանացած եմ ցոյց տալ` Մատեան ողբերգութեանը կը սկսի ու կը վերջանայ ամէն գլուխի, գրեթէ ամէն մէկ բանի աւարտին: Երբեք հարկը չկայ ամբողջը կարդալու, վէպի մը պէս: Մատեանը վէպ մը չէ: Այնքա՜ն տարբեր գիրք մըն է անիկա, որ կարծէք չի նմանիր ոչ իսկ Նարեկացիի միւս երկերուն, ներբողներուն, Երգ երգոցի մեկնութեան կամ տաղերուն: Եթէ ներբողները կը թելադրեն մարդուն գեղեցկութիւնը, Մատեան ողբերգութեանը կը պատմէ անոնց գեղատխուր գոյութիւնը:

- Շնորհակալութիւն զրոյցի համար, մինչ նոր հանդիպում, բարի ճանապարհ Ձեզ:

Զրուցեց ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆԸ


Նկար 1.Գրիգոր Նարեկացի: գործՙ Արտո Չաքմաքչյանի

Նկար 3. Գրիգոր Պըլտյան եւ Գոհար Աճեմյան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4