ԵՐՎԱՆԴ ԱԶԱՏՅԱՆ
Այս տարուան ապրիլի 14-ին բացումը կատարուեցաւ Իրինա Բրուքի բեմադրած «Տեղ մը... Լամանչա» թատերախաղինՙ Փիթըր Բրուքի հիմնած նշանաւոր թատերասրահին մէջ, որ կը կոչուի Թէաթրը դէ բուֆ դիւ նոր (Theatre des Bouffes du Nord):
Այս թատերախաղը հիմնուած է Սերվանտէսի Դոն Քիշոթին վրայ: Բեմադրիչըՙ Իրինա Բրուք Եւրոպայի մէջ անուն եւ հեղինակութիւն շահած է դասական գործերու նիւթը վերցնելով եւ տալով անոնց նոր եւ ժամանակակից մեկնաբանութիւն մը: Վերջին քանի մը տարիներուն ան բեմադրած է երեք յայտնի գործեր, ամբողջ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածքով: Մէկըՙ Բերթոլտ Բրեխթի «Սեզուանի բարի հոգին» փիեսն էր, յաջորդըՙ Շէքսփիրի «Միջամառնային երազ մը» եւ հիմաՙ Սերվանտէսի «Դոն Քիշոթը»:
Բեմադրիչը կը պահէ կառոյցը տուեալ գործին, ինչպէս նաեւ գլխաւոր տիպարները եւ միեւնոյն գործին կառոյցով ու յաւիտենական պատգամով կը մտնէ արդի հասարակութեան կեանքին մէջՙ ցոյց տալու համար, որ մարդկային բնաւորութեան մէջ շատ քիչ բան կը փոխուի. ժամանակները կանցնին, երկրագունդի վրայ նոր պատմութիւն կարձանագրուի, սակայն մարդուն էութեան գլխաւոր գիծերըՙ ցանկութիւնները, փառքի համար վազքը, չարութիւնն ու բարութիւնը կը մնան մարդուն հետ:
Սերվանտէսի այս գործի բեմադրութեան բացման ներկայ էին եւրոպական թատրոնի առասպելըՙ նոյնինքն Փիթըր Բրուքը, իր նոյնքան անուանի կնոջՙ դերասանուհի Նաթաշա Փերրիի հետ, ողջունելու եւ շնորհաւորելու համար իրենց դստերՙ Իրինա Բրուքի գործին արտակարգ յաջողութիւնը:
Թէ ինչո՛ւ հայ ընթերցողը կամ հայ թատերասէրը պէտք է հետաքրքրուին Իրինա Բրուքի թատերական գործունէութեամբՙ պատճառները բազում են: Նախ Իրինա Բրուք մօտ 11 տարիներ առաջ նուաճեց ֆրանսական թատրոնի բոլոր «Մոլիէր» մրցանակները (Օսկարի համապատասխան)ՙ բեմադրելով Ռիչըրդ Քալինոսքիի «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղովՙ հայկական ցեղասպանութեան թեմայով բեմադրութիւն, խաղարկութիւն եւ թատերախաղի կատարելութիւն: Արամի գլխաւոր դերով հանդէս եկաւ Սիմոն Աբգարեան:
Աւելի վերջ երբ մնայուն կազմ մը ունեցաւ նշանաւոր ռեժիսորի թատերախումբը այնտեղ ընդգրկուեցաւ դերասան-բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեան բոլոր թատերախաղերու մէջ, ստանձնելով գլխաւոր դերերը: Օրինակՙ Սերվանտէսի գործին մէջ ան ստանձնած էր Սանչօ Պանչայի դերը լեցնելով ամբողջ բեմը եւ արժանանալով Ֆրանսայի դժուարահաճ թատերասէրներու անվերապահ գնահատանքին:
Ներկայիս Իրինա Բրուքի թատերախումբին մաս կը կազմեն նաեւ երկու երիտասարդ հայ տաղանդներՙ դերասանուհի եւ պարուհի Լոռի Պաղտասարեան եւ Յովնաթան Աւետիքեան, որդին ֆրանսահայ ֆիլմի ռեժիսոր Սերժ Աւետիքեանին: Միւս պատճառը, որ Հայաստանի թատերասէր հասարակութիւնը կը հետաքրքրէ այն է, որ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուն այս նշանաւոր թատերախումբը պիտի այցելէ Երեւանՙ ներկայացնելու համար Շեքսփիրի եւ Սերվանտէսի գործերը, երեք հայ դերասաններու մասնակցութեամբ: Ի դէպ, վերջերս Ժիրայր Բաբազեան արժանացաւ Հայաստանի նախագահին «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:
Փիթըր Բրուքի թատերական տոհմը
«Լա Մանչո»յի բացման առիթով փարիզեան «Ֆիգարօ» թերթը իր 11 ապրիլ 2009 թուականի համարին մէջ նուիրած է յօդուած մը Փիթըր Բրուքի թատերական տոհմին, յօդուածին գլխաւոր նկարին մէջ ներկայացնելով Ժիրայր Բաբազեանն ու Լոռի Պաղտասարեանը:
«Ֆիկարոյի» թատերական քննադատըՙ Նաթալի Սիմոն, հետեւեալը կը գրէ այս նշանաւոր գերդաստանի գործունէութեան մասին.-
Բրուք անունը ոսկիէ գիրերով արձանագրուած է համաշխարհային թատրոնի պատմութեան մէջ:
Գարնան այս եղանակին Բրուք ընտանիքը դարձեալ գործի վրայ էՙ սատարելու թատերական բեմին: Անոնք դարձեալ իրենց նախախնամական դերը կը կատարեն «Լէ Բուֆ դիւ նոր» թատերասրահին մէջ, որուն ղեկավարներըՙ Միշըլին Ռոզէն եւ Փիթր Բրուք երկրորդ կեանքի կը բերեն 1974ին իրագործուած շէքսփիրեան իրենց մէկ բեմադրութիւնըՙ «Թիմոն Աթենացին»:
Հրապուրուած նշանաւոր թատերագրի տաղանդէն, անգլիացի ռեժիսորը կեանքի կը կոչէ նաեւ անոր հնչեակները: Բանաստեղծական այս բեմականացման վերնագիրն է «Մեղքն իմ է սէրը»: Այս բեմադրութեան ծրագրին մէջ բեմադրիչը կը գրէ. «Այս հրաշալի ծաղկաքաղով մենք կը թափանցենք Շէյքսփիրի գաղտնի կեանքի խորհուրդներուն մէջ:
Այս «գաղտնի օրագիր»ի մեկնաբանութեան համար, որուն նիւթը սէրն էՙ անոր առթած զգացումներով, Փիթըր Բրուք բեմ կը հանէ իր կողակիցըՙ Նաթաշա Փերին եւ դերասան Պրուս Մայըրզը, որ գլխաւոր դերակատարն է իր մէկ ֆիլմինՙ «Լը մահաբարաթնա» եւ իրեն հետ կը գործակցի 1970էն ի վեր: Կատարումը անգլերէն է, պաստառի վրայ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ:
Իբրեւ արժանաւոր դուստրը հռչակաւոր հօր մըՙ Իրինա Բրուք միեւնոյն բեմին վրայ կը ներկայացնէ «Somenh... La Mancha» թատերախաղըՙ ներշնչուած Սերվանտէսի «Դոն Քիշոթ»էն գործ մը, որ արդէն 2008-ին փայլուն յաջողութիւն արձանագրած է Ավինիոնի թատերական փառատօնին:
Ամերիկեան հոգեւոր (gospel) եւ Բլու Գրաս (blue grass) երաժշտութեան խորքին վրայ քառասնամեայ այս երիտասարդ բեմադրիչը բեմ կը հանէ վեց դերասաններ եւ մէկ ֆլամենքոյի պարուհիՙ միախառնելով իրականը ֆանտաստիկականին հետ. «Աւելի մեծ յաջողութիւն կը գտնեմ իբրեւ բեմադրիչ քան դերասանուհի» կ,ըսէ ան:
1998-ին բեմադրած իր մէկ գործըՙ «Գազանը լուսնի վրայ», յայտնութիւն մըն էր: Այնուհետեւ ան հաճոյացած էՙ ներկայացնելով Շէյքսփիրի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթը», Թենիսի Ուիլեըմզի «The glass Menageric»-ին եւ Բրեխթի «Սեզուանի բարի հոգին»: «Ես ըրի այն, ինչ որ կ,ուզէի: Խոստովանիմ, որ թատերական մայր հոսանքէն դուրս է իմ ըրածս», կ,ըսէ ան:
Իրինայի վեցամեայ դուստրը կ,ընթանայ իր ծնողաց ու մեծ հօր եւ մեծ մօր ուղիով: Փոքրիկին հայրըՙ Ժան Ժըմէթ, այսօր Քոմեդի Ֆրանսէզի մէջ կը բեմադրէ Էդուար դը Ֆիլիփոյի «Մեծ կախարդանքը»:
Կ,արժէ սպասել տեսնելու համար, թէ այս փոքրիկ աղջնակին քայլերը օր մը պիտի առաջնորդե՞ն դէպի Շէյքսփիրի ուղին:
Թատերական տոհմածառը
«Ֆիգարոյի» յիշեալ յօդուածը մի առ մի կ,անդրադառնայ այս տաղանդաւոր տոհմի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչին, սկսելով նոյնինքն Փիթըր Բրուքէն:
Փիթըր Բրուք, նահապետը
Բեմադրիչ, ֆիլմերու իրագործող եւ գրող Փիթըր Բրուք, որ այս տարի կը նշէ իր 84րդ տարեդարձը, ծնած է Լոնդոնի մէջ: Անոր կենսագրութիւնը սերտօրէն առնչուած է Շէյքսփիրի հետ: Ան հազիւ 21 տարիքը թեւակոխածՙ Սթրադֆորտ-օն-Էյվընի բեմին վրայ ղեկավարած է Ռոյըլ Շէյքսփիր Թիըթըրը, բեմադրելով «Սիրոյ կորուսեալ ջանքերը»: Նախքան Փարիզի մէջ հաստատուիլը 1970-ին արդէն ան տիրացած էր պատկառելի վաստակիՙ բեմադրելով «Թռչուններու խորհրդաժողովը», Մահաբհարաթա», «Փոթորիկը» եւ այլ գործեր:
1970-ին Միշըլին Ռոզանի հետ կը հիմնէ Des Bouffes du Nord-ի թատերական հետազօտութեանց միջազգային կեդրոնը: Փիթըր Բրուք նոյնպէս իրագործած է լիամետրաժ ֆիլմեր, ինչպիսիք են «Մոդերաթօ Քանթաբիլէ» եւ «Ճանճերու նորին վսեմութիւնը»:
Իրինա Բրուք, Շեյքսփիրեան ժառնագորդ
Այս իրական փարիզուհին, որ 2002 թուին արժանացած է արուեստի «Chevalier»ի տիտղոսին, կանուխէն նետուած է բեմ: 18 տարեկանին, հեռանալով իր ծնողներէն, մեկնած է Նիւ Եորքՙ Սթելլա Ադլէրէն սորվելու թատերական արուեստը: Վերադառնալով Փարիզ կը ստանձնէ կարգ մը գլխաւոր դերեր իր նշանաւոր հօր բեմադրութեանց մէջ: Ապա Թէաթրը դիւ Սոլէյի ղեկավարը Արիան Մանուշքին կը հրաւիրէ զինք կարգ մը բեմադրութիւններ կատարելու: 2000 թուականին ան յայտնութիւն մը կ,ըլլայ բեմադրելով Քեթըրին Բըրգըրի «Ռեզոնանս»ը, արժանանալով «Մոլիէր» մրցանակին: Այդ թուականէն ի վեր իր ժամանակը կը կիսէ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի միջեւ. «Այն ինչ որ ներկայիս կը հետաքրքրէ զիսՙ երկու երկիրներու մշակոյթները միացնելն է», կ,ըսէ Իրինա Բրուք, որ Եւրոպայի լաւագոյն բեմադրիչներէն մէկը կը նկատուի:
Նաթաշա Փերրի
Փիթըր Բրուքի կողակիցըՙ Նաթաշա Փերրի, անկախ կերպով կերտած է իր թատերական ասպարէզը, 12 տարեկանէն սկսեալ բեմ բարձրանալով: Շէյքսփիրի, Ժիրոդուի, Անույի, Բեռնարտ Շոուի եւ Շէյքսփիրի թատերախաղերուն մէջ դերեր ստանձնած է Ալեք Գինէսի, Ռեքս Հերիոընի եւ Օրսըն Ուելզի նման դերասաններու կողքին:
Նաթաշա Փերրի դերեր ստանձնած է նաեւ կարգ մը ֆիլմերու մէջ, ինչպիսիք են «Պր. Ռիփուան», «Հանդիպումներ նշանաւոր մարդոց հետ», եւ այլն, բեմադրութեամբ Փիթըր Բրուքի:
Արտակարգ էր իր ներկայացումը Շէյքսփիրի սիրային հնչեակներուն, զորս ներկայացուց դէմ առ դէմ դերասան Բրուս Մայըրզի:
Սայմըն Բրուք
Իրինա Բրուքի կրտսեր եղբայրըՙ Սայմըն Բրուք իր ուսումը ստացած է Լոնդոնի դրամա սենթըրին մէջ: Սակայն, ան նախընտրած է տեսախցիկով աշխատիլ եւ հիմնած է իր սեփական ֆիլմի ընկերութիւնը: 2002 թուին պատրաստած է վաւերագրական ֆիլմ մը իր հօր մասինՙ «Brook by Brook». ան կարգ մը այլ վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ է, ինչպիսիք են «Էյֆէյլի աշտարակի իրական առասպելը», «Փավիյոն 38» եւ այլն:
***
Իրինա Բրուքի հիմնած թատերախումբը նուաճած է ամբողջ ֆրանսախօս աշխարհըՙ Եւրոպա, Ափրիկէ եւ Ամերիկա: Ժիրայր Բաբազեան (Gerald Papasian) այդ թատերախումբին գլխաւոր դերասաններէն մէկն է:
Իր կարգին Բաբազեան կը սերի թատերական հայկական տոհմէ մը, որ եթէ Բրուք ընտանիքին միջազգային համբաւը չէ նուաճածՙ գոնէ հայ իրականութեան մէջ հայկական թատերական արուեստը պահած է միջազգային մակարդակի վրայ:
Հայկական թատերական տոհմը
Հայկական թատերական տոհմը կը սկսի Արմէն Արմէնեանով (Իփէքեան) եւ Գասպար Իփէքեանով: Արմէն Արմէնեան ծխախոտի վաճառական Նուիրճան Իփէքեանի (Սամսոն) զաւակը կը ղրկուի Փարիզՙ հօրը գործը ընդլայնելու, սակայն Փարիզի մէջ կը նուիրուի թատերական ասպարէզին աշակերտելով Մունէ Սիւլլիի, խաղընկերը Սառա Բերնարի: Հայրը զայրանալով ժառանգազուրկ կ,ընէ երիտասարդ դերասանը, որ իր կարգին անունը փոխելով կը դառնայ Արմէն Արմէնեան:
Ան կանուխէն կը հաստատուի Հայաստան (Գիւմրի) իր կնոջՙ Արմէնեան-Դուրեանի հետ, սատարելով հայրենի արուեստին: