ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոդվածի հեղինակըՙ լիբանանահայ գրող, հրապարակագիր Սաքո Արեյանը բեյրութահայ գրական միջավայրի ակտիվ ներկայացուցիչներից է: Վերջերս նա հայրենադարձվել է, ընտանիքովՙ կնոջ եւ ծնողների հետ բնակություն հաստատել Երեւանում: Նրա այս հրապարակումը վերաբերմունք է Միջին Արեւելքում կատարվող վերջին իրադարձություններին, ընդհանրացնող հայացք պատերազմներին առհասարակ: Սաքո Արեյանը գալիս է հենց այդ մթնոլորտից, նրա խոհն ու զգացումը պատերազմի իրական դեմքն ու շարժառիթը հասկացած, դրա հետեւանքները անմիջականորեն ճաշակած մարդու ոչ միայն վերլուծություն, նաեւ կողմնորոշում է:
ԿԱՊՈՅՏ ԱՐԵՒԵԼՔ
Երկար Ժամանակէ ի վեր, գրեթէ 2006 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր կը մտածէի գրել ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ մասին: Այն պատերազմը, որ անձայն, անշշուկ եկաւ խառնեց մեր կեանքը, օդին տուաւ մեր թուղթերը, ցաքուցրիւ ըրաւ ամէն ինչ, եւ այդ օրէն մենք զգացինք, որ այն հողը, որ մեր ոտքերուն տակն էր, խախուտ էր, գնայուն էր, մի խօսքովՙ մերը չէր: Տարիները սահեցան, կնոջս երեւանյան տան մէջ, այդ տարիներու ահաւոր դանդաղ ինտերնէթ կապին յենած, հաւաքեցի պատերազմի բոլոր նիւթերը, լուսանկարներ ու պատումներ, վերլուծական գրութիւններՙ լիբանանեան «ԱԼ ՍԱՖԻՐ» եւ «ԱՆ ՆԱՀԱՐ» թերթերէն, անգամ փոքր վերլուծութիւններ հայկական օրուան մամուլէն, այնքան երկչոտ, անվաւեր ու անյստակ վերլուծութիւններ:
Հաւաքած եմ այդ բոլորը, սակայնՙ ինչ փոյթ: Առիթ չներկայացաւ գրելու Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած այնքան ահաւոր իսրայէլեան պատերազմին մասին: Որուն կարմիր էջերը մնացին յիշողութեանս մէջ եւ հետագային անցան երակներուս մէջ. մերթ ընդ մերթ նորէն երեւալու, նորէն լոյսին գալու, հրկիզելով ամբողջ անցեալ մը...
Մենք բարի տուն կը կառուցէինք, ինչպէս բոլոր այն փոքրամասնութիւններու անուան տակ իրենց գոյութիւնը պահպանող համայնքները, որոնք կ՛ուզէին մնալ ու գրկել Միջերկրականի կապոյտը:
Կապոյտը մեր գոյնն էր, չէինք անգամ մտածած, որ նոյն այդ կապոյտը, որ եզերած էր մեր հուգեբանական կամ տնտեսական սահմանները, նաեւ մաս կը կազմէր Մեծն Իսրայէլին: Չէինք գիտեր այս ամէն ինչը: Ու փոքր, բարի տուներ կառուցելու պահուն էր, որ յուլիսեան առաւօտ մը հրէշի կերպարանքով պատերազմը հարուածեց մեզ:
Ինչպէս անկէ առաջ, անկէ տարիներ առաջ հարուածած էր նոյն կապոյտ Պէյրութը, օրինակՙ 1978ին կամ աւելի ուշ ու աւելի ահագնօրէնՙ 1982ին:
Կապոյտ էր մեր երազը, ու այդ կապոյտին միշտ կուգային խառնուիլ արեան հետքերով ու պատշգամներէն կախուած ու պարզ օդին տրուած արեան կէտիկներով մեր շապիկները, որոնց գրպաններուն մէջ անպայման մենք պահած կ՛ըլլայինք ձիթենիի փոքր ճիւղ մըՙ յիշելու համար որ մենք սերած են խաղաղութեան օրրանէնՙ կապոյտ Արեւելքէն:
ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
«Հալէպը խաղաղ է, դուրսը նստած նարկիլէ կը ծխենք կոր», «Հալէպ բան մը չիկայ, մի մտածէք...»: Այսօրինակ էին հալէպեան մեր ծանօթներուն փոխանցած լուրերը: Մինչեւ այն օրը, երբ «Ալ Ջազիրա»ով սկսած մինչեւ պէյրութեան զանազան տեղական մեծ ու փոքր լրատուամիջոցները, սկսան օրն ի բուն տեղեկացնել, որ արդէն Հալէպը կը դառնար հրոյ ճարակ: Պէյրութի մէջ այդ օրերուն գրեթէ երեւելի հոսք չկար հալէպահայութեան: Միայն հատ ու կենտ պարագաներ էին, որ այդ օրերուն կը փութային հասնիլ Պէյրութ: Ես ջանասիրաբար, կոտրելով օրուան սթրեսը եւ անորոշութիւնը, կարողացայ հանդիպիլ յայտնի բլոկեր Սաղաթէլ Պասիլին հետ: Պուրճ Համուտի մեր խանութի շէմին: Հայրս էր որ զարմացկոտ կը նայէր մեզի, հարց տալով, թէ ով էր այս աչազուրկ վաճառականը: Քիչ անց Սաղաթէլին հասցուցի որոշուած վայր, բայց եւ այնպէս մէկ բան պարզ էր ու նկատելիՙ Սաղոն Հալէպը լքելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունէր: Սաղոն վերջին տարիներուն զբաղած էր իր «Արթ Ռիվըր» գրատան հարցերով ու անգամ հաւատալ կուտար, թէ իրեն համար Հալէպն անփոխարինելի է, նոյնիսկ կարողացած էր մտնել Հալէպի արաբական շրջանակներուն մէջ ու շօշափել այդ մարդոց բազկերակը: Նշեմ նաեւ, որ Սաղոն շատ զգոյշ էր իր դիտարկումներուն եւ քաղաքական գնահատականներուն մէջ յատկապէսՙ Սուրիոյ օրուան իշխանութեան հետ կապուած:
Պարզ էր մէկ բան, որ Հալէպը նոյն իր խաղաղ ընթացքին մէջ չէր այլեւս: Հալէպը այսօր ամբողջ մէկ ու կէս տարի տեւած Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած մարտերէն զերծ չէ այլեւս: Հերթաբարՙ Սարղէպ, Տարհա, Հոմս եւ Համա, Մաարաթ Նաաման, Դամասկոս եւ Դամասկոսի գիւղական շրջաններ, եւն, եւն. ու հիմա հերթը դժբախտաբարՙ Հալէպինն էր: Ու մինչ այդ հայաստանեան եւ սփիւռքեան զանազան խօսափողեր ու մարդիկ ովքեր միայն լռութեամբ կը հետեւէին դէպքերունՙ յանկարծ սկսած էին խօսիլ ու գնահատական տալ եղածներուն: Այդպէսՙ դէպքերուն արագ զարգացումը կը դառնար պարզ, մարտերը կը հասնէին հայկական թաղամասերուն մօտերը եւ դէպի Հայաստան գաղթելու նոր ալիք մը կ՛ուրուագծուէր հորիզոնին վրայ: Ֆէյսբուքի մեր ընկերները կը հիմնէին «ալէփփո արմինեընս խումբը» (ALEPPO ARMENIANS GROUP), որ տեսակ մը ամէնէն արագ լրատուական միջոցը կը դառնար բոլորիս համար: Հոն կը տպագրուէին նաեւ զանազան յօդուածներՙ Հալէպի եւ Սուրիոյ հետ առնչութիւն ունեցող գրութիւններ ու նշմարներ:
Անդին, Հայաստանի լրատուական կայքերը տեսագրութիւններ կը տեղադրէին իրենց կայքերուն վրայ, կը խօսէին Երեւանի «Զուարթնոց միջազգային օդանաւակայան» հասնող հալէպահայերուն մասին:Այդ լրատուամիջոցներէն պէտք էր առանձնացել «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆ» կայքը, որ բաւականին առատ նիւթեր կը տեղադրէր: Այդ տեսանիւթերը ընդհանրապէս կը խօսէին հալէպահայերուն դժգոհ վիճակին մասին, անոնք պատերազմէն փախած հասած էին Երեւան եւ իրենց համար մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար հայրենի իշխանութիւններուն ու միանգամայն ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Բայց այդպէս չէր ընթանար ամէն ինչ:
Նոյն ծիրին մէջ կ՛առանձնանար Առաջին լրատուական կայքէջի խմբագիր, լրագրող ՙ Արման Բաբաջանեանի այցը Հալէպ: Անոր, որուն նկարահանած նիւթերը բաւական մեծ աղմուկ կը բարձրացնէին յատկապէս հալէպեան շրջանակներուն մէջ: Հոս պարտաւոր ենք պահ մը վերլուծել ու հասկնալ եղածը: Տակաւին չեմ հասկցած Արմանին վերագրուած եւ վրդովմունքով խառնուած մեղադրագիրները ՖԲուքեան էջերուն վրայ: Ընդամէնը Արմանն ու իր ընկերները ուզած էին իրենց աչքերով տեսնել հոն կատարուած ամէն ինչ: Ես գոնէ յստակ կողմնորոշում չեմ տեսած անոնց ակտերուն եւ նկարած նիւթերուն մէջ, կը մնար ընդահանուր մէկ խնդիր: Ոնց անել, ի՞նչպէս ընել պահպանելու հայութեան համար այնքան մեծ նշանաութիւն ունեցող ու կարեւոր նկատուող հալէպահայութիւնը: Տակաւին անհասկնալի, նոյնիսկ ոչ ընդունելի կը նկատեմ այն բոլոր մեղադրանքները այս լրագրողախումբի հասցէին, երբ այդ նոյն մեղադրողները «փախուստ » են տուած Հալէպէն ու չի բաւեր այդ հեռանալը, նաեւ կը պաշտպանեն այս կամ այն կողմը Հալէպի մէջ: Բաւական սուր մեղադրանքներէն յետո, Արմանն Ֆեյսբուքեան յայտով մը կը խնդրէր նոյն այդ մտահոգ հայերէն, որպէսզի մօտենային իրեն, ու միասնաբար բարիք մը կատարէին յանուն Հալէպի հայութեանՙ միայն հայութեան ընդհանուր շահերէն մեկնած: Չեմ գիտեր թէ մինչեւ այս պահը այդ հանդիպումը կայացաւ թէ ոչ, բայց ճշմարիտ է որ Առաջին լրատուականին խումբէն զատ ոչ ոք քաջութիւնն ունեցաւ երթալու Հալէպ, անզէն աչքերով գնահատելու հոն կատարուածը, ու ճշմարտացի տեղեկանք փոխանցելու Հալէպի հայութեան մասին: Ի դէպ Երեւան հասնող հալէպահայերուն վիճակը այսպիսին էրՙ դժգոհ ու վախուորած դէմքեր, անորոշ հայացքով ու պատերազի ահէն դուրս նետուած, գաղթականի պատկերը նորէն կը հանուէր ջուրի երես: Զգալի էր մանաւանդ, որ Հայաստան եկողներուն մեծ մասը, մեծաւ մասամբ ունէին հայաստանցի կիներ եւ ատիկա տեսակ մը հովանի կը դառնար իրենց համար: ճիշդ է, հալէպահայերը դժգոհ էին վիճակներէն, ու պարզ էր որ դժգոհ պիտի ըլլային ոչ թէ անոր համար որ նոյն բարիքները եւ կեանքի սդանտարտը պիտի չգտնէին, այլ անոր համար միայն ու միայն, որ պատերազմէն փախչելով եկած էին պատառ մը հաց ունենալու:
Պատերազմը վատ է: Ու այս ապրուած իրողութենէ կը բխի: Պատերազմը կոշմար է, ոչ մէկ լուծում, ոչ ոքի բարւօք բան, ոչ մի յոյսի պատուհան կը բանայ: Ու ճիշդ չէ այն նկատառումը, թէ պատերազմը կը լուայ ժողովուրդներու հիւծած մարմինը: Ընդահակառակը: Պատերազմի բերած վէրքերը սպի չեն դառնար:
Հարցուցէք Լիբանանի հարաւի բնակիչներուն, Չեչնիոյ կամ Հարաւսլաւիոյ, Եէմէնի եւ Իրաքի արաբներուն: Յիշեցէք Ղարաբաղի վէրքը ու արիւնէն ու մահէն դուրս եկած ու նոր կեանքով ապրող Ստեփանակերտի կամ Շուշիի բնակիչներունը:
Այդպէս է. պատերազմը վէրքերուն վէրքն է...
Այդպէս է, որ ես ու դուք առյաւէտ պիտի ատենք պատերազմները, ինչի համար ալ մղուած ըլլան անոնք, ինչ խորհրդանիշներով ու ինչ դրօշներու ետին ցցուած պատերազմները: Բոլո՛ր պատերազմները անգութ են, եպերելի են, ամօթ են:
Պատերազմները սեւ մուր են ժողովուրդներու ճակտին: Այսքան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ
Հիմա յստակ չէ որ Հալէպը ինչ ճակատագիր կրնայ ունենալ, թէ որու կողմը կ՛ուղղուի յաղթանակի սլաքը: Այս պահուն, երբ պէյրութաբնակ բեմադրիչՙ Նիկոլ Պէզճեանի հետ կը խօսէի, վրդովմունքով կը պատմէր, որ իր մանկութեանը այնքան դարաւոր ու իրեն համար մեծ արժէք, անգամ ոգի ներարակող թաղերը կը գտնուէին կրակներու տակ: Ո՞վ էր գրոհողը, ո՞վ էր առաջ մղողը եւ ո՞վ էր նահանջողը, տակաւին պարզ չէ: Պարզ է միայն, որ Հալէպէն դուրս այդքան դաժան պայմաններով եւ Հալէպը իրենց ետին թողած հալէպահայերը կարօտի աչքերով կը նային իրենց քաղաքին, տեսակ մը սպասումով ու վաղուան հանդէպ յոյսով ու վիշտով: Երեւան ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք հալէպահայերու, որոնց հետ պիտի փափաքիս կիսուիլ, լսել զիրենք: Լաւ կը յիշեմ Սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ այն հանդիպումը, որ կայացաւ հալէպահայ երիտասարդուհիի մը հետ: Վրդոված էր ան, նոյն վրդովմունքը բոլորին մօտ կը բացատրուի ոչ թէ Երեւանը իրենց համար քիչ մը տարբեր ու անհասկանալի թուացող քաղաք ըլլալու հանգամանքով, այլ նորէն անգամ մը եւս պատերազմէն նոր շունչ քաշած ըլլալու ճշմարտութեամբ:
Պատերազմը, որ կը խեղդէ ոգին, պատերազմը կը քլէ կ՛անցնի ամէն սահման, ապահովութիւն, ընտանիք, աշխատանք եւ շրջապատ կը դառնան փշուր-փշուր եղած յախճապակեայ կտորներ, որոնց վերստին փակցուիլը գրեթէ անհնար է ու անկարելի:
Հալէպի պատերազմը, բոլորը գիտեն, բոլորը կը հասկնան, ներքին փափուկ կամ դաժան պատերազմ մը չէ: Ոչ ալ բողոքի կուտակումներով յառաջ եկած, եւ յեղափոխութեան մը լոյսէ գօտիին տակ հող ստացած կռիւ մըն է: Ան կռիւներուն կռիւն է: Սառը պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ երեւութապէս զիրար հասկնալ կամ նոյնիսկ փայփայել փորձող ԱՄՆ-ը եւ Ռուսիան կը մաքառին իրարու դէմ: Այդպէս է, այս մասին հայկական գրիչներ ալ կուգան նաեւ յայտնելու: Օրինակ դեռ երէկ «Ազգ» օրաթերթին մէջ Հալէպէն նոր Երեւան հասած, մտաւորական ՙ Յակոբ Միքայլեանը կը գրէր այսպէս. «Աղէտէն բաւական հեռու մնացած Հալէպը, մէկ օրէն-միւսը դարձաւ կիզակէտ, որակուեցաւ «բանալի» քաղաք ամբողջ տարածաշրջանի ճակատագիրը որոշող: Հալէպի մէջ յաղթողը ինք պիտի որոշէ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ճակատագիրը...»: Միքայէլեան, սակայն, չի խօսիր Հալէպի վաղուան մասին, այլ կը գոհանայ միայն գաղութէն տեղեկանք տալով, այդ ձեւով յստակ կը դարձնէ, թէ ինչ վատ վիճակի մէջ էՙ «Մայր գաղութը», եւ այսՙ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ան նաեւ մատնացոյց կ՛ընէ, որ հայրենի իշխանութիւններուն մօտեցումը շատ անլուրջ է, եւ հաւատալ կուտայ որ Հալէպն ու հալէպահայութիւնը արժանի են աւելի լուրջ մօտեցումի, քան ինչ որ երեւելի է այսօր: Իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդ ձայնին, այն ձայնին, որ Հալէպը նոր է լքած ու տեղակայուած ՙ Հայաստան, կարդացած եմ ուշագրաւ գրութիւն մը, որ կը պատկանի Յարութ Էքմանեանի գրիչին: Էքմանեան, որուն յօդուածը վերնագրուած էՙ« Սուրիահայութիւնը սնանկացած գաղափարախօսութիւններու միջեւ», հակառակ անոր որ ամբողջական լուծումներու չի յանգիր սակայն, բաց աչքերով ու անկեղծ մօտեցումով մեր դիմաց կը պարզէ հալէպահայութեան դիմակալած խնդիրներն այսօր: Անոր գրութեան ամէնէն վեհ արժանիքըՙ անկեղծութիւնն է: Կը մերկացնէ Սփիւռքի կեցուածքը եւ կը յայտնէ թէ, ինչքան ալ Սփիւռքի մարմինները խօսինՙ «Մայր գաղութ»ի պահպանման մասին, մէկ էՙ Հալէպն այսօր չի ներկայացներ այն ինչի մասին կը խօսուի, յատկապէս Թուրքիոյ հարեւանութեան փաստին ընդառաջ, ընդհակառակնՙ փաստացի տուեալներով կուտայ պատկերը երբ կ՛ըսէ ՙ«Իրականութեան մէջ պէտք է նկատի առնենք, որ վերջին տասնամեակին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման ընթացքէն սուրիահայերը այդքան ալ դժգոհ չէին: Ընդհակառակը, հանգստանալու եւ օդափոխութեան համար Թուրքիա գացողներուն թիւը այնքան աճած էր, որ Թուրքիա մեկնող փոխադրակառքերը շատ յաճախ հայկական թաղամասերէն կը շարժէին: Ուխտագնացութեան կամ առեւտուրի համար Թուրքիա գացողներն ալ քիչ չէին, որոնց շարքերուն մէջ կային նաեւ բազմաթիւ ազգային կամ կուսակցական անդամներ եւ ղեկավարներ: Իսկ Սուրիա ժամանող թուրք վաճառականները յաճախ կը նախընտրէին հայերու հետ աշխատիլՙ լեզուի եւ կենցաղի ծանօթութեան պատճառով:» Ուրեմն ինչքանով իրաւացի է խօսիլ հալէպահայութեան ու Հայ դատի այդքան բուռն առնչութիւններուն մասին: Այդ ամէնը փուչիկի պէս բաներ են թերեւս, թերեւս կայ նաեւ այդ ոգին, բայց գետնի վրայ, ռէալ կեանքի մէջ, Հալէպի հայութեան խնդիրները այլ են... Ճշմարտութիւնը այս է, հակառակ անոր որ մարդիկ երբեք պիտի չընդունին ըսուածը: Սփիւռքի հայութեան իրական պայքարը այսօր նոյնը չէ, ինչ որ էր ասկէ տասը կամ տասնըհինգ տարի առաջ ...
Այլ գետնի վրայ, Էքմանեան, որ նոր հարթութեան կը բարձրացնէ իր քննական մօտեցումը, երբ այսօրուան Սուրիոյ մեծ խնդրին մասին կը խօսի, անգամ կը քննադատէ այն լրագրողները կամ պատկան մարմինները, ովքեր իրենց հանգիստ պայմաններուն յենած, գիտեն միայն ճառերով կամ մամլոյ ասուսլիսներով աշխարհին, հայոց աշխարհին ցոյց տալ, որ իրենց համար լինել- չլինելու խնդիր է Սուրիոյ հայոց խնդիրը: Իրաւացի է ան, երբ կ՛ըսէՙ «Բացի անկէ, այսօր երբ զով սենեաներու մէջ նստած «սուրիահայութեամբ մտահոգուած» կուսակցական գործիչներն ու ղեկավարները կը խօսին Հայ դատի եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու մասին, շարքային սուրիահայը իր օրուայ հացին համար պայքար կը մղէ: Օրական հազիւ քանի մը ժամ էլեկտրականութիւն ստացող եւ գիշերը ռումբերու ձայներուն տակ գլուխը բարձին դնող սուրիահայը հազիւ իր կեանքի պայքարին մասին կարենայ մտածել, ոչ թէՙ ազգի պայքարին: Դժբախատաբար սուրիահայութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր դադրած է նաեւ արեւմտահայերէնի միջնաբերդը ըլլալէն: Դպրոցներուն մէջ իրարու վրայ գումարած շաբաթական երեք-չորս ժամ հայերէնի դասաւանդումը, երիտասարդներուն մօտ ընթերցանութեան գրեթէ զերոյական մակարդակը, առօրեայ կեանքի պարտադրած դժուարութիւնները եւ տեղական միջավայրի խնդիրները մեզի պահ մը մտածել կուտանՙ նախքան սուրիահայուն «արեւմտահայերէնի վերջին զինուոր» հռչակելը: Հետեւաբար, զուտ յանուն արեւմտահայերէնի պահպանման սուրիահայ գաղութի պահպանումն ալ քիչ մը երեւակայական կը թուի այս պահուն»:
Այս բաժինն աւարտելու համար, կենսական կը համարեմ խօսիլ ու կարեւորել մէկ հանգամանք: Այն էՙ Հալէպի հայերուն Հայաստան վերադառնալու խնդիրը: Ի վերջոյ այսօր պատերազմի օղակին մէջ առնուած հալէպահայը պէտք է ունենայ միայն մէկ հասցէ, այդ հասցէն ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ է: Ինչքան ալ դժուար ըլլան անոր ճանապարհները, ինչքան ալ մեծ ըլլան տարբերութիւնները, ինչքան ալ շեշտուած ըլլայ դժգոհութիւնը եւ օտարումը: Այդպէս է: Որեւէ փոքր շփում այս հողին ու այս տեղանքին հետ պիտի ստեղծէ վերադարձի, ամբողջակա՛ն վերադարձի նոր նախապայմաններ ...
Ու հեռաւոր մղոններու ճանապարհը կը սկսի առաջին քայլէն:
Այդպէս չէր որ երէկուան Հալէպը զարգացաւ, այդպէս չէր որ Ռաքքան, Լաթաքիան, Քամիշլին կամ Դամասկոսը դարձան հայերով յայտնի ու զարգացած, լուսաւոր օջախներ: Այս մէկը յատկապէս կ՛ուղղուի անոնց, որոնք տիւ եւ գիշեր կը խօսին հայահաւաքի մասին: Այդ խօսողները այսօր կը հաւատամ, խօսելէն բացի ընելիք ունին: Վերջապէս Հալէպի պարագան կարեւոր մէկ օղակն է Միջին Արեւելքի մէջ կայք հաստատած ու Միջին Արեւելքին դեռ հաւատք ընծայող պատկան մարմիններուն:
Հալէպէն ետք ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Պէյրութին: Մեր այնքան սիրած ու դաւանած Պէյրութին:
Կարեւոր հարցում է սա: Ո՞վ ականջ ունի, բլթակ հաւատոյ, լուիցէ՛:
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
«Պիտի ընեն...»: Այս էր Լիբանանի մէջ խօսակցութիւնը վերջին գէթ երեք չորս տարիներուն: «Օր մը անպայման պիտի ընեն:» Խօսքը անշուշտ կը վերաբերէր սիւննի-շիիթ բախումներու շղթայազերծման, որ վերջին օրերուն, եւ քանի-քանի դէմքերով ու բազում անկիւններէ գալարուող օձի նման պաշարած էր մեր կեանքը: Սիւննի, այսինքնՙ Սէուդական Արաբիա, Թուրքիա, ապա ԵՄ եւ ԱՄՆ: Շիիթ կը նշանակէ Սուրիա, Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան: Այդպէս է վճռուած խաղին կանոնը եւ այդպէս ժամացոյցի սլաքներուն հետ, հաշտ ու բարի կ՛ընթանայ այդ երկրի, նաեւ Միջին Արեւելքի ողջ ճակատագիրը: Նռնակը լարուածՙ յենւելով նոյն կրօնի երկու տարբեր եւ խոշոր համայնքներուն, այնքան անշշան բայց այնքան տարբերող ու իրարմէ անջատող-հեռացնող կամ նոյնիսկ թշնամացնող տարբերութիւններուն մասին:
Մեզի համար օտար չէ Իսլամը, այնքան յարգելի ու հարազատ: Տեղ մը եղբայր դարձած, մօրս գաղթական նախնիներուն համար հաց եւ ջուր մատակարարած Իսլամը: Անոր մոլլան, մզկիթն ու ապրելու ներվը հարազատ են եւ մտած են մեր արեան եւ երակներուն մէջ: Կամայ ակամայ, մեր կեանքին, մեր ճակատագրին ու գոյութեան հետ: Երբ մտածես Իսլամին մասին, աներկբայօրէն աչքերդ կը յառես Երուսաղէմի վրայ: Հոն է կանգնած մեծ խաչը արեւելքի իսկական խնդրին: Ամբողջ իսլամներուն, իմա իսլամներուն համար Երուսաղէմի խնդիրը գոյութենական խնդիր է: Լինել-չլինելու խնդիր: Իսրայէլի այսօրուան փառքը հիմնուած է երէկուան արաբին արիւնայեղ վէրքերուն ու խաչափայտին վրայ: Երուսաղէմը փրկութեան վերջին լաստն է արաբին համար:
Այսօր սակայն արաբական աշխարհի աչքերը հեռու են բուն էութենական խնդրէն: Երուսաղէմը փոխադրուած է երկրորդ պլան: Միով բանիւՙ այստեղ պարտադիր է ըսել, որ արաբին համար տանելի եւ ընդունելի կը դառնայ Երուսաղէմի ու Պաղեստինի խնդիրը, եթէ խորհի, անգամ ընդունի, որ պիտի ապրի իր հարեւան Իսրայէլ պետութեան կիպ կողքին: Նոյնը պարտաւոր է ընել հրեան, որուն համար դժուար տանելի խնդիր է արաբին հետ գոյակցութիւնը:
Այս խնդիրը բաւական հանգուցաւոր է, ու տակաւին յստակ չի թուիր ըլլալ, թէ կողմերէն մէկը փոխզիջումին կը հաւատայ, ոչ միայն յայտարարութիւններով, այլեւ ապրելու փաստով: Այլապէս միջին-արեւելեան խնդիրը կրնայ երկար տեւել, ու բոլոր դէպքերը, որ վերջին տարիներուն զարգացան մինչեւ «Արաբական գարունի» մը հասունացումը, կը միտին մեզ շեղել բուն գոյութեանական խնդրէն:
Երբ արաբը հասկնայ, որ իր արձակելիք նետին ուղղութիւնը հարկաւոր է որ ըլլայ միայն ու միայն Երուսաղէմի կողմն աշխարհի, այն ատեն անոր կեանքը, պայքարը, ստեղծելու եւ ապրելու իրաւունքը կը դառնան աւելի հեշտ ու անվտանգ:
Նոյնըՙ Իսրայէլի համար, այնքան ատեն որ Իսրայէլը կ՛ապրի, կը մեծնայ, կ՛աճի եւ կ՛ուռճանայ արաբներու արեան վրայ, այնքան ժամանակ ան պիտի տառապի ու պիտի խեղդուի արեան մէջ ....
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱԾ
«Կ՛ապրինք կը տեսնենք. Ասադի ռէժիմը զօրեղ է: Կառավարութեան ետին կանգնած է Ռուսաստանը» եւն, եւն: Ահա ցայսօր լսելի են հայկական «խաղաղ» բնակչութեան ձայները: Հայերը համոզուած են, որ սիստեմն անպարտելի է ու հակառակ այդ անպարտելիութեան, օրէ օր աւելի մեծ թիւերով կը լքեն Հալէպը: Հետաքրքրական է, սակայն, որ երիտասարդ խաւին մօտ կայ տարբեր մօտեցումՙ քան աւագներուն: Թէ երէցները կը սոսկան խօսելու, չեն ուզեր խօսիլ, կ՛ըսեն որ համակարգին հետ են. այդքան: Եթէ երբեք այս մօտեցումը մինչեւ երէկ հասկնալի չէր, օրըստօրէ պարզ կը դառնայ մեզի համար: Սուրիոյ հայերը կը վախնան որ որեւէ կողմ, որեւէ ձեւով վնաս կրնայ պատճառել գաղութին: Նոյնիսկ ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհինՙ տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, ստուար թիւով սուրիահայերու հետ հանդիպման աւարտին այսպէս կը բանաձեւէր իր խօսքը մօտաւորապէսՙ «Ցանկալի է որ հայրենի լրատուամիջոցները զգոյշ ըլլան Սուրիոյ զարգացումներուն առընթեր: Մեզի համար հիմնականը կը մնայ այդտեղի հայերուն անվտանգութիւնը»:
Ի դէպ ինչքան ալ քննադատուի Սփիւռքի նախարարութիւնը կամ անոր նախարարուհին, մէկ բան է պարզ այլեւս, որ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի հանդէպ մօտեցումը կը տարբերի անցեալի մօտեցումներէն: Նախարարութիւնը պիտի դառնայ նոր տեսակ, նոր որակ պիտի բերէ Սփիւռք- Հայաստան յարաբերութիւններուն: Հետաքրքրական է, երբ հայրենի պետական պաշտօնեան Սփիւռքի հատուածներուն, ան ալ պատերազմէն նոր շունչ քաշող զանգուածին այսպէս կը դիմէՙ « Ձեր ներկան կարող ա լինի այլտեղ, բայց ձեր անցեալն ու մանաւանդ ԱՊԱԳԱՆ այստեղ են...»
Վերադառնալով բարձր ու գիտակից երիտասարդութեան կողմէ վկայութիւն մը ներկայացնելուս, պիտի ըսել որ քանիցս կարողացայ տեսնել հալէպահայ ջահելներ, որոնք իրենց ինքնաշարժերով եւ հատելով Թուրքիա-Վրաստան-Հայաստան ճանապարհը, պատմեցին տեղական բանակին իրենց հետ ունեցած ծաղրական մօտեցումին մասին, անդին «Ազատ բանակ»ի զինեալները միայն յարգանք ցուցաբերած են, իմանալով անոնց հայ ըլլալը: Այս մէկը հէքիաթ չէ, այլ ճշմարտութիւն, ու պէտք է մտածել տայ յատկապէս այն մարդոց, այն լրագրողներուն ու ազգային ջոջերոն, ովքեր ընդդիմութեան մէջ միշտ փորձած են ծայրայեղ ու ամէն բան հրդեհել ու քանդել փորձող յատկութիւններ նկարագրել, պատկերացնել ու շարադրել: Բոլորս դէմ ենք ծայրայեղ իսլամին, ու քաջ գիտենք որ Սուրիա ապրող հայուն համար տանելի պիտի չըլլայ այդ որակի ծայրայեղ իսլամիստ հասարակարգ կամ իշխանութիւն: Կը մնայ յուսալ, որ գալիք օրերը աւելիով պարզեն, իշխանութեան տենչացող ու հաւանական նոր հասարակարգ ու իշխանութիւն ձեւաւորելու ծանր բեռը ստանձնած ընդդիմութեան իրական դէմքը: Հիմա պատերազմական վիճակ է, ու դեռ շուտ է վերլուծութիւններ կատարելով վերջնական եզրայանգումներու հասնիլը:
Դեռ շուտ է, պէտք է սպասել ....
ՀԵՆՐԻ ՔԻՍԻՆՃԸՐ
Երբ պատանի էինք, երբ Պէյրութը հազար ու մի կողմէ կը դառնար թիրախը ուժեղ եւ անվերջանալի ռմբակոծումներու, մարտերու, սպանդի ու սեւով գրուած օրագրութեան, այնքան էինք տեղեկացուած, որ մեզի համար շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները դարձած էին «խաղ ու պար»: Այդ օրերուն էր որ մենք ականատես եղանք Պէյրութի 1982-եան իսրայէլեան ներխուժման: Ճիշդ է, քրիստոնեայ մեր շրջանները զերծ էին այդ ներխուժումէն ու անոր աւերիչ ազդեցութիւններէն, բայց եւ այնպէս իսրայէլեան հսկայ հրթիռներուն ձայնը, մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս էր դարձած...
Մեր գոյները, թուղթէ սարքուած թռուցիկները, մեր երազները ունէին պատերազմի գոյներ միայն:
Այդ օրերուն էր, անուն մը կը մնար մեր մտքերուն մէջ: Այն ԱՄՆ-ի այդ օրուան թիւ մէկ դիւանագէտՙ Հենրի Քիսինճըրի անունն էր: Քիսինճըր, որ վաղ եօթանասունականներուն ԱՄՆ-ի պետքարտուղարն էր, եւ որուն ճիգերով ու խորամանկ մօտեցումովՙ յաջողուեցաւ ստորագրել տալ Եգիպտոս- Իսրայէլ խաղաղութեան եւ մինչեւ օրս ի զօրու Քեմբ Դէյվիդի համաձայնագիրը: Մէկըՙ որուն այդօրուան ընդգծած պատկերն ու քաղաքական սահմանումները փորձանքի համազօր բաներ կը դառնային: Ամերիկեան քաղաքականութեան այդ բարձր պաշտօնատարը, այդ օրերէն սկսեալ կը հաւատար, որ Միջին Արեւելքը պիտի անպայման պարպել քրիստոնեայ էթնիք փոքրամասնութիւններէն ... այդպէս էր: Ու ի զուր չէր որ երէկուան, այդքան մեծ քրիստոնեայ բնակչութեամբ Լիբանանը կ՛ապրէր անուղղակի էթնիք զտում մը: Տարուէ-տարի քրիստոնեայ հայերն ու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները կը հեռանային շրջանէն:
Յանուն ի՞նչի սակայն:
Ու այսօր ալ, երբ հայրենի լրատուամիջոցներէն մէկուն պաստառին վրայ կը տեղակայուի նոյն Հենրի Քիսինճըրի մէկ թարգամանեալ յօդուածը, չեմ զարմանար: Ան լաւ գիտէ Արեւելքը, շահերու, փողի, նաւթի եւ զէնքի ու թմրեցուցիչի վաճառականութեամբ հարուստ Արեւելքը:
Ան իր յօդուածին մէջ այսպէս կը գրէ Սուրիական պատերազմին մասին. «Ասադի ցանկալի եւ գործնականում անխուսափելի տապալումից հետո Սիրիայի հակամարտությունը, ամենայն հավանականությամբ, կշարունակվի եւ հնարավոր էՙ անգամ կխորանա: Ասադի վարչակարգին քաղաքական այլընտրանքի ստեղծումը ավելի բարդ կլինի, քան Եգիպտոսում կամ «Արաբական գարնան» երկրներում քաղաքական կուրսի ընտրությունը, քանի որ այստեղ հակամարտող խմբերն ավելի շատ են, դրանց սահմաններն ավելի պակաս հստակ են գծված, իսկ տարբերություններն ավելի լուրջ են: Սիրիան կարող է բաժանվել էթնիկ եւ դավանաբանական միավորումների, որոնց հակամարտությունը արդյունքում կտեղափոխվի հարեւան երկրներ, որտեղ ապրում են նույն էթնո-դավանաբանական խմբերը»:
Ուրեմն ի՞նչ: Պարզ է այլեւս որ գալիք օրերուն Միջին Արեւելքը հանգիստ ունենալու, դադար ունենալու հակամէտ չէ: Երբ այս որակի, քաղաքական հանգստեան կոչուած դիւնագէտ մը, կը պարզէ ամերիկեան այս կեցուծը, սա կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ի գին ամէն ինչի, ձեւաւորել նոր Միջին Արեւելք մը, որուն թիւ մէկ նպատակն է կտրել Իրանի թեւերը: Այդ է Սուրիոյ պատերազմին թիւ մէկ նպատակը:
Դեռ երկար կրնայ տեւել այս պատերազմը, ու հետաքրքրական է որ ռուսական քունէ նոր արթնցած Սպիտակ արջը ինչ դիրքորոշում կրնայ ունենալ...
Ռուսն այսօր արդեօք պատրա՞ստ է «տաք ջուրեր»ու իր վերջին կայանը կորսնցնելու ...
Այդ կորուստը ծանր պիտի ըլլայ, տրուած ըլլալով որ ԱՄՆ-ի յաջորդ թիրախը կրնայ Իրանի Իսլամիստական Հանրապետութիւնն ըլլալ: Ուշ կամ վաղ: Արեւմուտքի ձեռքերով թէ իսրայէլեան անկակնկալ հարուածով:
Ու ճշմարտութենէ հեռու չէ այն վարկածը, որ այս տարածաշրջանին մէջ կրնայ պատահիլ որ մինի, բայց տարողունակ միջազգային նոր պատերազմ մը շղթայազերծուի:
ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Այսքանէն ետք, եւ վերադառնալով պատերազմներու թեմային, պէտք է խոստովանիլ, որ Միջին Արեւելքը մնայուն հրաբուխի բերանն է:
Պատերազմ եւ շահ: Պատերազմ եւ նաւթ: Պատերազմ եւ արիւն:
Միացեալ Նահանգներ մեզի հաւատացնել կ՛ուզէ տալ, որ եկէք այս շրջաններուն մէջ գունաւոր ջարդեր թող կազմակերպուին, մենք ալ օգտուինք Ծոցի նաւթի մեծ ռեսուրսներէն: Այդպէս է: Պատերազմը կը սպանէ խիղճը: Պատերազմը ետեւ կը տանի արաբական այդքան աստուածահաճոյ եւ աստուածապաշտ ըլլալ փորձելու վիճակը: Հագուստը, որ կը պատրաստուի նոր Միջին Արեւելքին համար, անոր գրպաններուն մէջ առկայ են երկու անմահական թուցաող բանալիներ:
Առաջինը Իսրայէլի անվտանգութեան բանալին է, իսկ երկրորդը ԱՄՆ-ի նաւթի պաշարները միշտ լեցուն պահելու բանալին:
Ու ասոնց դիմաց խեղճ ու կրակ էթնիք փոքր համայնքներն են, որոնց շարքերուն կը պատկանինք նաեւ մենք հայերս ...
Ու տակաւին յստակ չէ, թէ ինչքան է մեր վճարելիք գինը այս ու գալիք արիւնոտ ու մոխրագոյնով երիզուած պատերազմներուն:
Մի մոռցէք. այս պատերազմները մերը չեն: Ու երբ է գալու այն ժամանակը, որ մենք հասկնանք, թէ մեր բոլոր ցանած սերմերը մեր հողերէն դուրս կրնան, մութ ու ամպամած օր մը, հովին տրուիլ ... ինչպէս այսօր կը կատարուի մեր բոլորին համար սիրելի «Երազային» Հալէպի մէջ ....
Այս պատերազմները մերը չեն: Ու ճիշդ կ՛ընենք որ հասկնանք այլեւս, քանի դեռ ուշ չէ: