ՄԷԿ ԱԶԳ ԵՎ ՔԱՆԻ՞ ԼԵԶՈՒ... Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երգիծանք շատ կը սիրեմ. ոչ միայն որովհետեւ խնդուք կը պատճառէ, այլ սրամտութեան ու պատրաստաբանութեան հէնքերուն վրայ գործուած ըլլալուն. իսկական արուեստ կը նկատեմ զայն: Կը դիտեմ Հայաստանի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն շահած «Վիթամին Ակումբ»ի ելոյթները ու բան չեմ հասկնար: Կը նայիմ ծիծաղելէն կոտորուող հանդիսատեսներուն ու բարկութենէս չեմ գիտեր ինչ ընեմ: Ինչո՞ւ անոնք կը հասկնան ու կուշտ ու կուռ կը խնդան, իսկ եսՙ ոչ: Ու կը տարուիմ մտածելու. միեւնոյն ժողովուրդին գրական լեզուն շատ լաւ կը հասկնամ, խօսակցական լեզուն ալՙ բաւական, սակայն երգիծանքի համար օգտագործուող այս լեզուն շատ օտար է ինծի համար եւ անհասկնալի: Թերեւս «Ժառգոն» անուանեն զայն, կամ ուրիշ բան, բայց մէկ բան յստակ է, որ անհասկնալի է արեւմտահայերուս համար: Մէկ ազգ, մէկ մշակույթ ու... երեք տեսակ լեզու այստեղ, երկու տեսակ ալ մեր մօտ, եղաւ հինգ, տակաւին առանց հաշուի առնելու անթիւ գաւառաբարբառները: Գիտեմ, հիմա պիտի ըսուի, թէ բոլոր ժողովուրդներն ալ միեւնոյն հարցը ունին: Կարիք չկայ լեզուաբաններուն հարցնելու, թէ ինչու ազգերը ընդհանրապէս եւ մեր ազգը այս պարագային տարբեր գրական եւ տարբեր խօսակցական լեզուներ ունին: Ինչու համար այս երկուքը իրարմէ տարբեր ուղղութիւններով կը զարգանան եւ ժողովրդային խօսակցական լեզուն անհամեմատելիօրէն կ՛ըլլայ գերակշռողը: Պարզ է, որ խօսակցականը աւելի շուտ կազմաւորուած է, եւ յետոյ, հաւանաբար բաւական ուշ, եկած են մարդիկ եւ լեզուական օրէնքներ դրած, բառապաշարը մաքրած, կոկած, ստեղծեր են «գրական»ը, որը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակ չէ հետապնդած, այլ փակուած մնացեր է իր փղոսկրեայ երկու աշտարակներուն մէջ, մասնաւորաբար եկեղեցիին ու արքունիքին: Վարժութիւն մը փոխելը ոչ թէ դժուար է, այլ անկարելի: Արաբական աշխարհը իր քսանեակ մը երկիրներով եւ բազմատասնեակ ազգային տարբերակներով, լեզուական լաբիւրինթոս մը կը ներկայացնէ, ուր տարբեր շրջաններու մարդիկ իրար հասկնալու լուրջ դժուարութիւն ունին: Ասոր համար ալ մտաւորականներ ու լեզուաբաններ շատ ճիգ թափեցին արաբերէն գրական լեզուն ընդհանրացնելու, խօսակցական լեզուի վերածելու եւ հեշտութեամբ իրար հասկնալու ճամբայ բանալու համար, սակայն չյաջողեցան եւ իւրաքանչիւր երկիր ու շրջան պահեց իրը եւ շարունակեց խօսիլ այդ լեզուով: Նոյնն ալ ամէն տեղ եւ ամէն ժողովուրդի մօտ: Փորձեցէք հայաստանցիին համոզել, որ «վեկալեցի» ըսելու փոխարէն, ըսէ «վերցուցի», կամ, «աչքին ԹՈԶ փչեց»ին փոխարէն ըսէ « աչքին փոշի փչեց», կամ « օյին»ին տեղ «խաղ» ըսէ, անհնար է, չէք յաջողիր, ինչ որ ժառանգուած է ու ընդհանրացած, կարծրացած է ու անփոխարինելի: Զարմանալի թող չթուի եթէ ըսեմ, որ արեւմտահայերէնի պարագային այս իրավիճակը չկայ. հայերէն լաւ իմացող մը կրնայ դիւրութեամբ իր գրական եւ խօսակցական լեզուն նոյնացնել, առանց չհասկցուելու մտահոգութիւն ունենալու: Ես իմ աշակերտներուս հետ եւ սովորաբար բոլորին հետ Ռ. Պատկանեանի նշանաբանին պէս (*) գրականութեանս մէջ օգտագործած լեզուովս կը խօսիմ, եւ բոլորն ալ կը հասկնան, ինչո՞ւ նոյնը այստեղ չ՛ըլլար: Դարեր շարունակ այս երկու զուգահեռ գիծերը իրար չեն հանդիպած (ըստ երկրաչափական տեսութեան, զուգահեռները կը հանդիպին իրարու միայն յաւիտենականութեան մէջ). մեր մօտ, հին գրական լեզուն, որ կոչուած է «գրաբար», եւ որ բաւական անհասկնալի էր եւ է ժողովուրդին կողմէ տեղի տուած է նոր գրական լեզուի մը, որ շատ հեռու չէ խօսակցականէն, քանի որ եթէ Արեւելահայաստանը ունեցաւ Խաչատուր Աբովեան մը, Արեւմտահայաստանն ալ ունեցաւ իր «Աբովեան»-ները, սակայն եւ այնպէս այստեղ Աբովեանն ալ շրջանցեցին ու նոր լեզու մը մէջտեղ հանեցին: Թող հասուն մարդիկ, ծնողք, ուսուցիչներ, դերասաններ, եթերի տիրակալ խօսնակներ անվհատօրէն մաքուր հայերէնով խօսին նոր սերունդին հետ եւ հետամուտ ըլլան, որ անոնք ալ միեւնոյն ձեւով դիմեն իրենց ու իրենց շրջապատին: Վստահ եմՙ եթէ ոչ շուտով, եթէ ոչ լրիւ, սակայն օր մը որոշ չափով կ՛իրականանայ ծրագիրը: Կարեւորը հաւատալն է ու չվհատիլը: (*) Ոափայէլ պատկանեան (Գամառ Գաթիպա) իր եւ իր երկու ընկերներուն հրատարակած գրական տետրերուն նշանաբանը ըրած էր` «Գրէ այնպէս, ինչպէս կը խօսիս. խօսէ այնպէս, ինչպէս կը գրես»: |