ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻԻ «ՄԵՐ ԹԱՂԻ ՄԱՐԴԻԿ»Ը Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Բնաւ հարցուցա՞ծ էք, թէ ինչո՞ւ երգիծանքը, որ այնքան կը սիրուի ու կը փնտռուի, շատ քիչ ստեղծագործողներ ունի: Ըսել կ՛ուզեմՙ երբ բազմահարիւր արձակագիրներ ու բանաստեղծներ ունինք, երգիծագիրներուն թիւը մեր մէջ ինչո՞ւ մատներու վրայ կարելի է հաշուել, նոյնիսկՙ մէկ ձեռքի մատներու վրայ, եթէ քիչ մը խստապահանջ ըլլանք: Արեւմտահայ երգիծական գրականութեան մէջ կոթողային տիպարներ են Յակոբ Պարոնեանն ու Երուանդ Օտեանը. երբ ասոնց կողքին երրորդ անուն մը կ՛ուզես աւելցնել, քիչ մը կ՛անճրկիս. Յարութիւն Ալփիա՞ր արդեօք, որ շատ քիչ ծանօթ է, թէ՞ Նշան Պէշիկթաշլեան, կամ Խորէն Տէտէեան: Երկու մեծերուն քով բազմելու յարմար անձ դժուար է գտնել: Հայաստանի պարագային անշուշտ Լեռ Կամսարը նախ կը յիշուի, յետոյ... դարձեալ դժուար ընտրութիւն. Արամայիս Սահակեա՞ն («Ոզնի»), Ժիրայր Անանեա՞ն, թէ՞... Մէկ խօսքով, իսկապէս հազուադէպ են երգիծագիրները մեր մէջ, հաւանաբար նաեւ աշխարհի մէջ: Իսկ ինչո՞ւ: Ինչո՛ւ, որովհետեւ գրական ամենադժուար սեռն է երգիծագրութիւնը, քանի որ մարդ խնդացնելը դիւրին է, սակայն մարդու հոգեկան ու մտային զուարթախոհութիւն փոխանցելըՙ բաւական դժուար: Շատ զգոյշ ըլլալու է գրողը, որ չափը պահէ, քանի քչիկ մը չափէն դուրս գալը կրնայ ճապաղեցնել գործը, իսկ այդ չափը, ճիշդ տոզան պահել գիտնալը ամէն մարդու չէ տրուած: Ես ալ երգիծագրութիւն կատարած եմ մանրապատումներով, նշմարներով ու ակնարկներով, եւ գիտեմ, թէ որքան դժուարութեամբ ստորագրած եմ զանոնք, գրածներս քանի քանի անգամ աչքէ անցընելով ու ինքզինքս տարբեր մարդոց տեղ դնելով ու անոնց ակնոցով կարդալով ու սրբագրելով: Դժուար է, շատ դժուար: Հիմա ձեռքս է նորատիպ, հաստափոր գիրք մը, որ Վաչէ Ատրունիի ստորագրութիւնը կը կրէ եւ որ 460 էջ ամբողջ երգիծագրութիւն է: Ատրունին, Հալէպի ծնունդ, լիբանանահայ ծանօթ թատերագիր-բեմադրիչ է եւ յիսնեակ մը թատրերգութիւններու հեղինակ , որոնց մեծ մասը ինք բեմադրած է: Գիրքը կը կոչուի «Մեր թաղի մարդիկ» եւ «Գարոլան» գրական հիմնադրամի մրցանակակիր ըլլալով, հրատարակութեան արժանացած է Անթիլիասի կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն: Երգիծանք սիրող մը ըլլալուսՙ անհամբերութեամբ կը կարդամ իրերայաջորդ մանրապատումները, յաճախ ծիծաղելով ու հիանալով անոր յաջողագոյն զուարթախօսութեանց վրայ ու երբեմն ալ ափսոսալով, որ շատ լաւերուն կից, ոչ շատ լաւեր ալ տեղ գրաւած են հոն: Ըսենք, որ ոեւէ հանրածանօթ հեղինակի գործերուն բոլորն ալ միեւնոյն մակարդակով չեն ըլլար, որովհետեւ անոնք մարդու «արտադրանք» են, ոչ մեքենայի, իսկ մարդուն մօտ որեւէ մտածում, բանաւոր թէ գրաւոր, ենթակայ է տուեալ պահի հոգեվիճակի ու ապրումի, որոնք յաճախ փոփոխական են: Վաչէ Ատրունին, այս պարագային, ապրողէ մը աւելիՙ դիտող ու տեսածը արձանագրող է, գրիչն իր երգիծանքի կաղամարին մէջ թաթխելէ ետք: Ոչ միայն տեսածը, այլ յաճախ իր չտեսածն ու երեւակայածն ալ, որոնք միշտ չէ որ համոզիչի սահմաններուն կը մօտենան, նոյնիսկ եթէ յաճախ կրկնէ, որ անկեղծ է եւ սուտ չի խօսիր: Եղաւ դարաշրջան մը, ուր գրողներ, իրենց վէպերուն կամ պատմուածքներուն սկիզբը կը գրէին, թէ ինչ որ կը պատմենՙ իրապէս պատահած է, պարզապէս ընթերցողին հետաքրքրութիւնը սրելու համար, սակայն հակառակը կը պատահէր. ընթերցողը թերահաւատութեամբ կ՛ընկալեր նկարագրուած դէպքերը, պարզապէս հաւատք չընծայելով ըսուածին: Վաչէին հումորը սուր է եւ վարակիչ, սակայն առողջ զուարթաբանութիւնն ու զուարթախօսութիւնը յաճախ թեթեւ զաւեշտային լեզուով տալէն չխուսափիլը, տեսանելի փոսը չշրջանցելու պէս բան մըն է: Ոչ միայն անոր հումորը, այլ անոր լեզուական ու գրական առանձնայատկութիւններն ալ սուր են ու երբեմն նոյնիսկ առինքնող: Չեմ կրնար չառանձնացնել գոնէ մէկ պատմուածք (չեմ ուզեր մանրավէպ ըսել)ՙ «Հովին հետ անցաւ»ը, որ առանց չափազանցութեան գլուխ գործոց կրնամ որակել, իր նիւթին- հոգ չէ թէ աղբիւրէ մը ազդուած ըլլայ- կառոյցին ու գեղարուեստական պատկերներուն համար: Այս բոլորին զուգահեռ, անհրաժեշտ է որ անդրադառնանք գիրքը խմբագրած Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի ծանր աշխատանքին: Որեւէ գրական գործի պարագային խմբագրի մը վստահուած գործը շատ լուրջ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ Ատրունիի պարագայինՙ շատ աւելի: Ատրունի բեմի տէր մարդ է, ազատօրէն կ՛օգտագործէ հարթակի տարածքն ու շարժումներուն զուգակցող խօսքը, բեմահարթակ փոխադրելով փողոցը, կարելի հարազատութեամբ, ուր կը տեսնուին ու կը հնչեն այնպիսի բաներ, որոնք համակիրներու կողքին յաճախ կ՛ունենան քննադատողներ: Բայց տպագիր խօսքի պարագային կը կարծեմ որ հարցը կը փոխուի եւ շրջահայեացութենէ եւ բծախնդրութենէ բխած որոշ հպումներ անհրաժեշտ կը դառնան: Երկու ընթերցողներէ միեւնոյն գնահատանքը լսեցի. «Լաւ գիրք է, բայց աւելի յաջող կ՛ըլլար, եթէ կարգ մը մանրապատումներ դուրս մնային»... Ես ալ համաձայն եմ, եթէ այդպիսի բծախնդիր մօտեցում ըլլար, մենք ծաւալով քիչ մը աւելի փոքր, սակայն որակով շատ աւելի մեծ գործ մը կ՛ողջունէինք: Խմբագիրը ինչ աշխատանք տարած է այս գիրքը տպարան չգացած, չեմ գիտեր, սակայն վստահ կարելի է ըսել, որ բաւական ճիգ թափած է ու տակաւին ալ շատ մը բաներ կան, որոնց վրայ գրիչ պէտք է խաղար, կամ, նոյնիսկ, մկրատ: Ամէն պարագայի, մեր խեղճուկ երգիծագրական գրադարանին մէջ ողջունելի է յաւելումը այս գիրքին, որուն դրական կողմերը կը գերակշռեն թերութիւնները: |