RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#008, 2018-03-02 > #009, 2018-03-09 > #010, 2018-03-16 > #011, 2018-03-23 > #012, 2018-03-30

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #10, 16-03-2018



ՍՆԴՐԱԴԱՐՁ

Տեղադրվել է` 2018-03-15 20:58:04 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2876, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԳԱՆՁԱՍԱՐ

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ, Եգիպտոս

Ամէն տարի բազմաթիւ գիրքեր կը հրատարակուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին: Միշտ չէ սակայն, որ գիրք մը խորապէս կը տպաւորէ իր բովանդակութեամբ եւ գեղարուեստական ձեւաւորումով, այնքան` որ կ՛ուզես արտայայտել տպաւորութիւնդ:

Նման հրատարակութիւն մըն է «Գանձասար» խորագրուած եւ Արցախի այդ գեղակերտին նուիրուած ալպոմ-գիրքը, որ հրատարակուած էր անցեալ տարի, 2017 թուականին, Գանձասարի վանքին սուրբ Յովհաննէսի օծման 777-ամեայ յոբելեանին առիթով:

Գանձասարի մասին հակիրճ գրութիւնը ստորագրած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Թամարա Մինասեանը : Այստեղ չկան գիտական մանրամասն բացատրութիւններ, որոնք կրնան սովորական այցելուի մը համար այնքան ալ հետաքրքրական չթուիլ: Ինչ որ գրուած է յառաջաբանի չորս էջերուն մէջ, կը սրէ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը եւ կը մղէ զինք դէպի հոն, դէպի Արցախի Գանձասարը, տեղւոյն վրայ դիտելու ճարտարապետական այդ կոթողը, որուն համար կ՛ըսուի թէ 4-րդ դարուն կառուցուած է:

Այդ տարածաշրջանին մէջ Գանձասար անունով լեռ կայ, որմէ իրենց անունը առեր են թէ՛ գիւղը եւ թէ՛ վանքը: Տեղացիները կ՛ըսեն, թէ լեռը անունը ստացեր է իր ընդերքին պահուած գանձերունՙ արծաթի, պղինձի եւ այլ մետաղներու հանքեր ունենալուն պատճառով:

Վանքին մասին բազմաթիւ աւանդազրոյցներ կան, որոնցմէ մէկը կ՛ըսէ թէ եկեղեցւոյ խորանին տակ ամփոփուած է սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխն ու Պանթալէոն բժիշկին հրաշագործ արիւնը:

Վանքին պատմութիւնը միահիւսուած է Արցախի ազատամարտին մէջ մեծ դեր ունեցած կաթողիկոսինՙ Եսայի Հասան Ջալալեանի իշխանական տոհմին:

Կ՛ըսուի թէ 4-րդ դարուն գոյութիւն ունեցած է հին եկեղեցի մը, որուն ճիշդ տեղը կառուցուած է Յովհաննէս Մկրտչի անունը կրող նոր եկեղեցին, 13-րդ դարու սկիզբը: Այդ նոր եկեղեցւոյ եւ վանքին նավակատիքն ու օծումը տեղի ունեցած են 1240 թուականի Յուլիս 22-ին, Վարդավառի տօնին, ինչ որ 2017 թուականի կը դարձնէ 777 ամեակը Գանձասարի: Խորհրդաւո՜ր ամեակ:

Գանձասարի եկեղեցին դուրսէն ուղղանկիւն է, ներսէնՙ խաչաձեւ: Դուրսի բոլոր պատերը զարդարուած են նախ անշուշտ մեծ խաչով, ապա նաեւ արեւաժամացոյցով, յաւերժութեան խորհրդանշանով, հրեշտակներով եւ այլ խորհրդազարդերով: Արեւմտեան կողմը քանդակուած են եկեղեցւոյ երկու հովանաւորները, բազուկները վեր եւ ձեռքերուն վրայՙ եկեղեցւոյ մանրակերտը:

Եկեղեցւոյ գաւիթը Ջալալեաններու տոհմական դամբարանն է, ուր թաղուած են կաթողիկոսներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Գանձասարը ոչ միայն եղած է նշանաւոր վանք իր գեղակերտ տաճարով, այլ նաեւ մշակութային կեդրոն, որ ունեցած է իր մատենադարանն ու եղած է մեր գրչութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկը:

Գանձասարի Առաջնորդ Մատթէոսը 1417 թուականի իր օրինակած ժողովածուի յիշատակարանին մէջ խոր ցաւով կը գրէ, թէ ինչպէս թշնամիները կողոպտեր ու տարեր են վանքին ամբողջ հարստութիւնն ու մատեանները:

Անոնցմէ 13 մատեաններ հասեր են մեզի բարեբախտաբար, որոնցմէ մէկը կը պահուի Երուսաղէմի սուրբ Յակոբեանց վանքի մատենադարանին, իսկ մնացեալ 12-ըՙ Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ:

Այս վանքը քանիցս ենթարկուեր է թշնամիներու յարձակումներուն եւ վնասուեր: Բարեբախտաբար միշտ ալ կարելի եղած է նորոգել զայն:

Արցախեան հերոսամարտի օրերուն վանքը թիրախ դարձած է թշնամիին եւ բաւական վնասուեր է: Մինչեւ այսօր առկայ են բեկորներուն հետքերը եկեղեցիի պատերուն վրայ:

Հինգ նորոգութիւններէն վերջինը կատարուած է Արցախի թեմակալ առաջնորդինՙ Պարգեւ Սրբազանին օրով եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Գիրքը կը պարփակէ նաեւ սքանչելի եւ մանրամասն նկարներ, որոնք նշանաւոր լուսանկարիչ Հրայր Բազէի ոսպնեակով առնուած են: Թուղթին որակը եւ անփայլ տեսքը աւելի բնական եւ աւելի գեղեցիկ դարձուցած են այդ նկարները, անոնց գեղարուեստական նկարի մը - թապլոյի - տեսք տալով:

Գիրքը արժեւորող երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, որ հայերէն գրուած յառաջաբանը, իր պատմական եւ ճարտարապետական յստակ եւ մանրամասն նկարագրութիւններով թարգմանուած եւ ներկայացուած է նաեւ տասը տարբեր լեզուներովՙ հայերէնի կողքին ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, իտալերէն, , պարսկերէն, արաբերէն, ճաբոներէն եւ թրքերէն: Այս լեզուներուն առկայութիւնը գիրքը կը վերածէ օգտաշատ յուշանուէրի մը, միաժամանակ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելով այցելուներուն:

Գիրքը Արցախ երկրի ու հայրենիքին հանդէպ սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւնն է անոնց, որոնք մտածած, իրագործած եւ հոգացած են այս հրատարակութիւնը: Անոնց անուններուն բացակայութիւնը կը հաստատէ «գործի եւ ոչ խօսքի» հաւատալու իրենց սկզբունքը եւ մեզ ալ յարգանքով կը լեցնէ իրենց հանդէպ:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #10, 16-03-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ