ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՎԻՇՏՈՎ` ՇԱՆԹ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ ՆԿԱՐԻՉԻՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Տիթրոյթ Ո՞վ կը ճանչնար արուեստագէտ Շանթ Աւետիսեանը, որուն գործերը այսօր կը զարդարեն սրահները Ուշաինկթընի Սմիթսոնիըն Ինսթիթիւտին, Պրիթիշ Միւզիումին եւ արուեստի այլ տաճարներուն: Ո՞վ կը ճանչնայ այս խորհրդաւոր մարդը, որ կը խուսափէր փառքի լուսապսակներէն, հարստութեան կախարդանքներէն ու մարդոց չարութիւններէն: Քիչերու կը բացուէր ան, տարօրինակ ըլլալու չափ հեռու կը մնար ընկերութենէն եւ ինքն իրեն համար ստեղծած էր արուեստի ու փիլիսոփայութեան աշխարհ մը ու կ՛ապրէր անոր մէջ, չուզելով խանգարել ոեւէ մէկուն կեանքը եւ խանգարուիլ ոեւէ մէկուն կողմէ: Սակայն, տարօրինակ կերպով ան մաս կազմած էր մեր ընտանիքին, փոքր տարիքէն, Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի մէջ արուեստի աշակերտ դարձած ըլլալով տիկնոջսՙ Նորա Իփեքեան-Ազատեանին: Տարիներու ընթացքին այդ մտերմութիւնը այնքան զարգացած էր, որ ան գրեթէ երկուորեակ որդին դարձած էր կնոջսՙ իր հարազատ զաւկին, արուեստագէտ Ժիրայր Բաբազեանին հետ: Գալուստեանէն ետքՙ աշակերտած էր Նորային, անոր անձնական արուեստի սթիւտիոյին մէջ եւ ապա անոր անմիջական խնամքով իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած էր Մոնթրէալի ու Փարիզի արուեստի դպրոցներուն մէջ: Արուեստագէտ մըն էր անՙ բազմաթիւ կողմերով- փիլիսոփայ մըն էրՙ ինքնուս կերպով, հայրենասէր մըն էրՙ արտառոց ստորոգելիներով: Իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած ըլլալով Արեւմուտքի մէջՙ կը հաւատար, թէ արուեստի ակունքը Արեւելքի մէջ էր: Առաջին անգամ որ իր արուեստի գործերը հրապարակի վրայ արժէք մը ունեցան, ան մեկնեցաւ Հնդկաստանՙ պուտտայական արուեստը, ճարտարապետութիւնը, կրօնքը եւ կեանքի փիլիսոփայութիւնը մօտէն ճանչնալու: Փիքասօ ուսումնասիրեց ափրիկեան նախնականութիւնը հասկնալու համար, թէ որքան Արեւմուտքի ճարտարարուեստականացումը հեռացուցած էր մարդը իր նախնականութեան էութենէն: Իր համարձակ ձեւազեղծումները մարդոցՙ կարծէք ծնունդն են այդ հակազդեցութիւններուն: Շակալ կ,ապրէր դիցաբանական աշխարհի մը մէջ: Երբ Փարիզի ճարտարապետեալ օփերային առաստաղը նկարազարդեց դիցաբանական ու սուրբ գրական խորհրդապատկերներովՙ իր հոգեկան աշխարհի հակասութեան ցոլացումը դրոշմեց այնտեղ: Շանթը, իր հերթին, նման ուղի մը բացած էր: Գնաց մինչեւ Պուխարաՙ իսլամական արուեստի ակունքներուն ծանօթանալու, Սուֆի աստուածաբանութեան գործնական արտայայտութիւնները տեսնելու: Ամբողջ էութեամբ ներծծած ըլլալով հանդերձ Արեւմուտքի արուեստըՙ իրեն համար ընտրեց շատ զարտուղի եւ իւրօրինակ արուեստի ճանապարհ մըՙ հին եգիպտական փարաւոնական աշխարհը բերաւ դէպի 20րդ դար, բայց աւելինՙ եգիպտական եւ արաբական ֆոլքլորը բարձրացուց միջազգային մակարդակի: Եւ այսօր Արեւմուտքը զինք աւելի հարազատօրէն կը ճանչնայ ու կը գնահատէ, քան Եգիպտոսը, որ ծնունդ տուած էր Շանթին եւ անոր արուեստին: Նորա Ազատեան, Հըրպըրթ Ռիտի սկզբունքներով (Education through art) յատուկ դասաւանդութիւններ ստեղծած էր իր պաշտօնավարած հայկական վարժարաններէն ներս: Շանթ, առաւելաբար այդ դասընթացքներու ազդեցութեամբ խորացուցած էր իր գիտութիւնը հայոց պատմութեան մասին եւ զօրացուցած էր հայրենասիրութիւնը: Հայաստանը գրաւչութիւն մը ունէր իրեն: Եւ անմիջապէս որ ձեռք ձգեց նիւթական որոշ ապահովութիւն, գնաց Հայաստան եւ յարկաբաժին մը գնեցՙ մօտէն զգալու հայրենի իրականութիւնը: Խառն օրեր էին անկախութենէն ետք, հայկական ու մարդկային յարաբերութիւնները տարօրինակ ընթացքի մէջ էին: Չէր լսուած երբեք, որ երկրաշարժի համար հանգանակուած գումարները կրնայ հայ նախարար մը գրպանել եւ փախուստ տալ երկրէն- հայու այլանդակութեան աստիճանը անհամեմատ մակարդակի հասած էր: Օր մըն ալ նամակ մը գրեց իր հին ուսուցչուհիին ըսելովՙ «Տիկին Նորա, դուք սուտ խօսեցաք մեզի. խաբեցիք մեր սերունդը: Այն Հայաստանը, որ ներկայացուցիք մեզիՙ միայն Ձեր հոգիին մէջ գոյութիւն ունի: Այստեղ այդպիսի Հայաստան չկայ»: Ահաւոր էր հակասութիւնը, յուսախաբութիւնը: Տարիներով իտէալական Հայաստանով սնուցուած էր եւ այդ կը գտնուէր դառն եւ հեգնական իրականութեան մը հանդէպ: Հայաստանի մէջ չուզեց մօտենալ պաշտօնական շրջանակներու, նոյնիսկ արուեստի աշխարհէն ներս: Իր կապը համեստ մարդոց հետ էր, իր հարեւաններուն, պարզ ու փիլիսոփայ հայերու հետ: Կապ մը ունէր միայն նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքին հետ, որուն դուստրըՙ Նորա Յակոբեանը, Գահիրէի իր դասընկերուհին էր: Շանթը չէր հալածուած ընկերութենէն, բայց կ՛ապրէր հալածեալի մը կեանքով եւ կ՛օգնէր հալածեալներուն, առանց որ ինք եւ Աստուած իմանան իր առատաձեռնութեան մասին, երբ ինք կ՛ապրէր չափազանց համեստ կեանք մը: Օր մը պիտի այցելէր Անթոնինայի տունը, Գուրգէն Մահարիի այրիին: «Այստեղ լաւ չեն նայիր այս կնոջ», կ՛ըսէր եւ պարբերաբար կ՛այցելէր անոր: Այդ օրուան մեր այցելութեան ընթացքին չկրցաւ գաղտնօրէն ծրարած դրամներու տրցակը վրիպեցնել իմ հայեացքէն, երբ կը սահեցնէր տիկին Մահարիի ափին մէջ: Մարդատեաց ըլլալու չափ հեռու էր ընկերութենէն, սակայն հարազատն էր մեր ընտանիքին: Երբ կ՛այցելէր մեզիՙ մեր հանդիպումներըՙ խօսքի, խոհի, երաժշտութեան եւ արուեստի խրախճանքներ կը դառնային: Երիտասարդ տարիքին կը մնար մեր մօտ ամիսներովՙ պատրաստուելու իր ցուցահանդէսներուն: Ամէն անգամ մեր տուն գալունՙ իր նուէրը արուեստի նորութիւն մը կ՛ըլլար: Առաջին անգամ ինքն էր որ մեզի ծանօթացուց Քարլ Օրֆը իր «Քարմինա Պուրանա» ստեղծագործութեամբ: Արդարեւ, երգահանը ինք եւս սիրահարած էր իր գործին, այնքան մը որ այդ յօրինումէն ետք անտեսած էր իր հին գործերը: Ուրիշ այցելութեան մըՙ ծանօթացուց Փենտերեցքիի «Պատարագը»- լեհական եւ սլաւոնական հոգեւոր երաժշտութեան արդիականացման մէկ նմոյշը: Այն ատեն դեռ չէինք իմացած Փենտերեցքիի հայկական արմատներուն մասին, որոնցմով հպարտ էր երաժիշտը: Շանթը որսի շունի հոտառութիւնը ունէրՙ թաքուն գանձեր պեղելու արուեստի աշխարհէն: Վերջին երեք տարիներուն, երբ անբուժելի հիւանդութիւնը հարուածած էր զինք եւ մարմինը հետզհետէ սկսած էր տկարանալ, կը հեռաձայնէր իր ուսուցչուհիին, իր «որդեգիր» մօրը, «աւետելու» համար որ իր առողջութիւնը բարելաւուելու վրայ է, եւ կ՛ըսէր, թէ կրկին պիտի գայ այցելութեան: Հեռախօսային այդ զրոյցները, Գահիրէէն Տիթրոյթ, երբեմն կը տեւէին ժամեր, ու Շանթը կը կարդար հատուածներ խորհրդապաշտ բանաստեղծ Պոտլէրի քերթուածներէն, զորս այնքան կը սիրէ Նորան: Շանթին մահը շանթի պէս հարուածեց Նորան: «Հապա պիտի առողջանար ու մեր մօտ գար, ի՞նչ եղաւ»: Յանկարծ կը հեռաձայնէ Նորա Արմանին, մխիթարելու համար: «Այ կնիկ, ի՜նչ կու լաս: Շանթը կոտրուած ընտանիքէ մը կու գար, գրեթէ «որբ», առիր, կերտեցիր, նետեցիր արուեստի բարձրագոյն հրապարակ. այսօր ալ ղրկեցիր դէպի յաւերժութիւն: Շանթը անմահ է»: Ի՜նչ կը մնայ ըսել: Հանգիստ իր փախստական հոգիին: |