RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#040, 2018-10-26 > #041, 2018-11-02 > #042, 2018-11-09 > #043, 2018-11-16 > #044, 2018-11-23

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #42, 09-11-2018



Տեղադրվել է` 2018-11-24 03:26:08 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 684, Տպվել է` 5, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹ

ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Պէյրութ

Մանկագիրներ` հայրենի իշխանութիւններու բարձրագոյն ոլորտներուն վրայ

Հայաստան այցելողները յաճախ կը գտնուին հետաքրքրական ու հաճելի նորութիւններու դէմյանդիման:

Սփիւռքահայերը որքան ալ զմայլին հայրենի երկրի գեղեցկութիւններուն համադամ խորովածներուն եւ միջնադարու ու սովետական շրջանի մշակութային կոթողներու իւրայատկութեանց վրայ կը վերադառնան իրենց բնակավայրերըՙ Երեւանի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթերէն կամ շաբաթաթերթերէն առանց գէթ մէկ օրինակ տեսած ըլլալու: Ըստ երեւոյթին արտասահմանի հայերուն հայրենի իրականութեան եւ նաեւ քաղաքական կեանքին հետ գրեթէ միակ առնչութիւնը Երեւանի թաքսիի վարորդներուն հետ շաղակրատութիւնն է:

Եւ, ո՛վ զարմանք սեպտեմբեր 2018 թուականին բոլոր վարորդներն ալ (բացի մէկէն որպէսզի յարգուի բացառութեան օրէնքը) կը խօսէին նոյնանման - թէ բան մը փոխուած է եւ թէ մեծ յոյս ունին, թէ աւելի լաւ պիտի լինի ... եթէ խանգարիչներ իրենց գործը չկատարեն:

Հայրենիք կատարած մեր վերջին այցելութեան ընթացքին ունեցանք բազմաթիւ հաճելի հանդիպումներ հայրենի գրողներու ակադեմականներու եւ Երեւանի գլխաւոր գրադարաններու պատասխանատուներուն հետ: Հասարակաց գրական ու մշակութային հետաքրքրութիւններ ու մտահոգութիւններ գլխաւոր առանցքը կը կազմէին նման հանդիպումներուն եւ անպայմանօրէն ալ գիր ու գրականութեան փոխանակումով: Հասարակաց ցաւ էր որ հայրենիք-սփիւռք մամուլի ու գիրքի փոխադրութիւնը կախեալ էր խմբագիրներու ու հեղինակներու անձնական ճամբորդութիւն-բեռնակրութիւններէն եւ ոչ թէ պետական պատկան մարմիններու բարեացակամ հոգածութենէն ինչ որ էր պարագան նախաանկախութեան տարիներուն:

Լիբանանահայ Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու կառուցած «Երեւան իմ սէր» բարեսիրական հաստատութեան հովանաւորութիւնը վայելող Վարպետաց տան մատենադարանին մէջ հանդիպեցանք գեղեցիկ նկարազարդումներով արեւելահայերէն եւ ռուսերէն լաթակազմ մանկապատանեկան շարքի մը բոլորն ալ հեղինակուած Նունէ Սարգիսեանի կողմէ: Կ՛արժէ որ նշենք խորագիրները.

Վիշապ Նեսին Քաչալ ոզնին Հերոսներ (նաեւ ռուսերէն) Թէ ինչպէս փղիկը ճիշտ շնչել սովորեց Կափիղկա Թզուկ Մզուկը Երեք Վիշապ Դաւիթ Հայկ եւ Բազիլիկուս Քոլո Նռան հատիկներ (նաեւ ռուսերէն) Թագավորն ու վիշապը (նաեւ ռուսերէն) Սադափ:

Տեսանք նոյն հեղինակին գրի առած The magic buttons խորագրուած անգլերէն գրքոյկն ալ:

Նունէ Սարգիսեանի անունին կրկին հանդիպեցանք Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի պատասխանատու պրն. Երան Սիմոնեանի գրասենեակին մէջ: Երբ կը յայտնէինք մեր ուրախութիւնը, թէ մանկապատանեկան նման գիրքեր կը հրատարակուին Երեւանի մէջ ան մեզի նուիրեց իր գրասեղանին հանդիպակաց պահարանին մէջ գտնուող Նունէ Սարգիսեանի հեղինակութիւններէն երեք հատոր, բոլորն ալ վերածուած ... արեւմտահայերէնի: Մի քանի օր ետք ալ պիտի բախտաւորուէինք անձնապէս հանդիպելու եւ ծանօթանալու վերոնշեալ գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածողին նախկին Գամիշլիահայ մանկապատանեկան «Հայկաշխարհ» կայքի խմբագիրՙ տիկ. Նայիրի Մկրտիչեանին եւ իրմէ պիտի տեղականայինք, թէ վերոնշեալ խորագիրներէն 5-ը հրատարարակուած են արեւմտահայերէնով եւ այլ խորագիրներ ալՙ Արցախի Գիւմրիի եւ Գեավառի բարբառներով:

Եւ այս բոլորին մէջ ամէնէն հետաքրքրականը եւ ուրախացուցիչը այն է, թէ Նունէ Սարգիսեանը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ ՀՀ նախագահին տիկինը: Տակաւին վերջերս սփիւռքահայ մամուլի էջերուն տեսած էինք անոր ամուսնոյն Հանրապետութեան նախագահՙ պրն. Արմէն Սարգիսեանին լուսանկարները ուր ան կը տեսնուէր Կասկադի պուրակին մէջ մանուկներուն հետ պաղպաղակ համտեսած ժամանակ:

Հետաքրքրական երեւոյթը շարունակուեցաւ Խնկոյ Ապեր մանկական գրադարան այցելութեան օրը երբ գրադարանի տնօրէնուհիՙ տիկ. Ռուզան Տոնոյեանէն ստացանք տակաւին վերջերս հրատարակուած մանկապատանեկան հրատարակութիւն մը հեղինակութեամբ վարչապետինՙ Նիկոլ Փաշինեանին: Գրադարանի տնօրէնութիւնը անցեալ մարտին պրն. Փաշինեանէն կը խնդրէ (երբ ան տակաւին վարչապէտ չէր) մանուկներու համար ընթերցում կատարել, իսկ ան կ՛որոշէ այս առիթով պատմուածք մը գրել եւ ընթերցել մանուկներուն, գրադարանի հիանալի դահլիճին մէջ: Տակաւին վերջերս «Չար տնակի հեքիաթը» խորագրեալ այդ պատմուածքը հրատարակուած է գունաւոր կողքի մը տակ իւրաքանչիւր էջին վրայ մանուկ-պատանիի մը գեղանկարով:

Առաջին տիկինը եւ վարչապետը մանկագիրներ եւ նախագահն ալՙ մանուկներու իսկական բարեկամ մը.

Իսկապէս բան մը փոխուած է Մայր հայրենիքի մէջ ... դէպի լաւը:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #42, 09-11-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ