RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#043, 2019-11-15 > #044, 2019-11-22 > #045, 2019-11-29 > #046, 2019-12-06 > #047, 2019-12-13

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #45, 29-11-2019



Տեղադրվել է` 2019-11-30 19:10:26 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 687, Տպվել է` 4, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Թումանեանի տուն-թանգարանը շարունակելով իր անուան տիրոջ յոբելեանական տարեդարձին առթիւ միջոցառումներ կազմակերպել, ի շարս այլ հրատարակութիւններու վերջերս լոյսին բերաւ նոր գիրք մըՙ Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու ժողովածու մը, որ արեւմտահայերէնի փոխադրած է իր հասակակից ու գրչակից վերնատունականըՙ Լեւոն Շանթ, որուն ալ ծննդեան 150-ամեակն է:

Թէ ի՞նչն է մղած Շանթին, որ կատարէ այս օգտաշատ աշխատանքը, պարզ էՙ սփիւռքահայ, յատկապէս թրքահայ մանուկներուն քիմքերն ալ հաղորդ դարձնել Մեծ Լոռեցիին այնքան սիրելի ստեղծագործութիւններուն:

Հետաքրքրականը, սակայն, գեղեցիկ ու սրտառուչ նկարազարդումներն են ծաւալուն այս գիրքին, որոնք կատարած են հայ դպրոցական մանուկներ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Քանատայէն, Թուրքիայէն եւ Յունաստանէն: Թէեւ թանգարանի տնօրէնութիւնը հրաւէր ուղղած է շատ աւելի թիւով երկիրներ ու դպրոցներ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով անոնց մասնակցութիւնը չէ ապահովուած:

Պատկերացուցէ՛ք, կարկինը որքան լայն բացուած է ու իր շրջագիծին մէջ ներառած է հայկական վարժարաններու պատկառելի ցանց մը եւ մեծ թիւով մանուկներ, որոնք կարդացած են Թումանեանի գործերը ու իրենց մատղաշ մատիկներով նկարազարդած են բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, պատմուածքներ, առասպելներ ու դիւցազներգութիւններ:

Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ նոյեմբերի 8-ին, թանգարանի դահլիճին մէջ, որուն ընթացքին խօսք առին թանգարանի տնօրէնուհին, գիրքին մեկենասն ու թանգարանի բարեկամներէն մէկը, որոնք անդրադարձան այս գործին մղում տուող նպատակին, անոր շահեկանութեան ու կարեւորութեան:

Ուշի-ուշով կը նայիմ գրական կտորներուն ընկերակցող գծանկարներուն, որոնց տէրերուն տարիքը կը տարուբերի 7-13-ի միջեւ: Կը տեսնեմ, թէ երախան ինչպէս ընկալեր է պատմութիւնը, ինչպէս տպաւորուեր է ու թուղթին յանձներ իր տպաւորութիւնը: Ամենէն աւելի զիս կը զարմացնեն Թուրքիոյ հայկական վարժարաններու մանուկներուն գծածները, որոնք այնքան արտայայտիչ են, գեղեցիկ եւ մասնակիցներու թիւով ալ ամենաշատը:

Կը մտածեմ. այս գիրքը պիտի հասնի մասնակիցներուն եւ անոնք ալ պիտի դիտեն ու կարդան, եւ որպէս հետաքրքրասէրներ, արդեօք պիտի չզարմանա՞ն եւ իրենց ուսուցչուհիին կամ ծնողքին հարց պիտի չտա՞ն, թէ ինչպէ՞ս է որ մեր թշնամի երկրին մէջ տակաւին հայեր կ՛ապրին, եւ թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ դպրոցներու հայ աշակերտներէն շատեր բոլորիս նման իրենց մականունին ետեւ «եան» չունին, ինչպէսՙ Էշմէզօղլու, Պարըշ, Տիւվենճի, Պչաքճը, Գապագ, Տէմիր եւ այլն...

Կամ, ինչո՞ւ Արժանթինի երախաները Խուան, Տելֆի, Վիօլէթա, Միա եւ այլն կը կոչուին: Ինչո՞ւ հալէպցի երախաներուն անունները ընդհանրապէս հայկական են, քանի անոնք կը կոչուին Անի, Գէորգ, Ներսէս, Վան, Բարդի, Սարօ, Սերօ, Մանէ, Շուշի եւ այլն... Կամ, ինչո՞ւ շատ մը հալէպահայ փոքրիկներու անուան կողքին գրուած էՙ Սուրիա, այժմՙ Հայաստան...

Մանկական այս հարցումներուն պատասխաններ պէտք է ունենան ծնողներն ու ուսուցիչները: Ակամայ, պատմութեան դասի պիտի վերածուի գիրքին պարունակութիւնը:

Ի զուր չէ որ մեր երկու մեծերըՙ մէկը գրեր, միւսը արեւմտահայերէնի վերածեր է: Անոնք սոսկ ժամանցի նիւթեր չեն հրամցներ հայ մանուկին, անոնք բազմաշերտ օգտակար նուէր կը բաշխեն, որպէսզի տարաշխարհի հայ երախաները կապուած մնան մեր լեզուին, մեր գրականութեան, մեր աւանդոյթներուն, մեր մշակոյթին ու պատմութեան, քանի որ անոնք գիտեն Սփիւռքի հողին երերուն ըլլալը ու ինքնապաշտպանական զէնք ու զրահ է որ հայթայթեն անոնց:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #45, 29-11-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ