ՊԱՐՈՆ ՆԱԽԱՐԱՐ... Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Պր. Արայիկ Յարութիւնեան, ես ձեզի հարց տամՙ դուք թերթ կը կարդա՞ք, աւելի յաստակՙ դուք «Ազգ» շաբաթաթերթը աչքէ կ՛անցընէ՞ք, անոր ներդիր «Ազգ մշակոյթ» յաւելուածի նիւթերը ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւե՞ն: Գիտեմ որ շատ ծանր բեռ մը դրուած է ձեր ուսերունՙ չորս նախարարութիւն... կատակ բան չէ, սակայն, վստահ եմ ունիք բաւական թիւով օգնականներ, որոնց միջոցով տեղեակ կ՛ըլլաք շատ մը հարցերու եւ նաեւ անոնց օգնութեամբ ալ կը քննարկէք եւ լուծումներ կը գտնէք: Եթէ գերզբաղուածութեան պատճառով ժամանակ չունիք կարդալու, վստահ եմ ձեր օգնականները կը կարդան եւ ձեզի կը զեկուցեն. վերջ ի վերջոյ ձեր պաշտօնն է ձեզի վստահուած կալուածի բոլոր հարցերէն տեղեակ ըլլալ: Ինչպէ՞ս չէք անդրադարձած, որ «Ազգ»ի մշակութային ներդիրի աշխատակից մտաւորականներով եւ ամենահարուստ ու ամենաորակաւոր իր ընդգրկած նիւթերով կենսական ներկայութիւն մըն է մեր մտաւոր կեանքին մէջ: Ես այդ ներդիրին առաւելութիւնները պիտի չթուեմ, քանի որ երկու շաբաթ առաջ յարգարժան գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեանը իր ծաւալուն յօդուածով այդ ըրած էր սպառիչ կերպով: Ապա ուրեմն, չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ այդ կարեւոր ներդիրը կը զրկէք նախարարութեան նիւթական օժանդականութենէն, ինչպէս նաեւ չեմ հասկնար նմանատիպ ձեր որոշումները կարգ մը թատերախումբերու պարագային ալ: Գիտեմ որ նոր իշխանութիւնը կը ջանայ ամէն ինչի մէջ յեղափոխութիւն մտցնել, ասիկա լաւ բան է, եթէ ճիշդ է կողմնորոշումը, ապա թէ ոչՙ այդ ճամբուն վրայ շատ մը բաներ կրնան վնասուիլ: Ձեր նպատակը Հայաստանին արդիականացումն է, զայն հասցնել միջազգային մակարդակի, որուն համար ազգային կարգ մը արժէքներ ալ կրնան ոտնակոխուիլ եւ զոհուիլ. դուք համաձա՞յն էք մեր ազգային արժէքներէն հրաժարելու: Չէ՞ որ անոնք են մեր իւրայատուկ դիմագիծը պահողները: Մեզի պէս փոքր ազգ մը շուտով կրնայ ձուլուիլ, եթէ չպահպանէ իր իւրայատկութիւնը: Ուրիշ ազգերու նմանելու ճիգ չթափենք, անոնց կեղտերը ընդօրինակելով որպէս նորարարութիւն, գիտնանք տարբերել եւ վերցնել միայն լաւն ու օգտակարը: Ուրիշ բազմանդամ ազգերու հոգն իսկ չէ, անոնց չեն սպառնար այսպիսի շեղումներ, սակայն մեզի համար անպայման վտանգաւոր ու սպառնալից կ՛ըլլան: Պր. Նախարար, բաներ կան, որոնք արմատացած են ժողովուրդին մէջ, անոնցմէ հրաժարիլը դժուար է: Կը յիշեմ, փորձեցիք դպրոցական միանման տարազներէն հրաժարիլ, կրցա՞ք համոզել ժողովուրդը. ո՛չ, որովհետեւ ձեր առաջարկը օգտակար չէր, եթէ անսային, այն ատեն կարողութիւն ունեցողները պիտի մրցէին իրենց զաւակներուն լաւագոյնն ու ամենաթանկարժէքը հագցնելու, մինչդեռ կարողութիւն չունեցողները ի՞նչ պիտի ընէին: Վերջերս, ամբողջ երկիրը տագնապի մատնուեցաւ բուհերուն մէջ հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը պարտադիր չընելու ձեր որոշումին առթիւ: Թեր ու դէմ կարծիքներու բախումները դեռ կը շարունակուին ու որոշ պարագաներու ալ կը քաղաքականացուին...: Ձեզի հարց տամ. աւելի ճիշտ չէ՞ր ըլլար, եթէ վերէն սկսելու փոխարէն սկսէիք վարէն, այսինքնՙ նախ դպրոցներուն մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առարկաներու դասաւանդման մակարդակը այնքան մը բարձրացնելու միջոցներ ձեռք առնէիք, որ քանի մը տարի ետք, երբ վստահ ըլլայիք արդիւնքէն, այն ատեն միայն բուհերու մէջ այդ նիւթերու դասաւանդման անհրաժեշտութենէն վազ անցնէիք: Մեր աւանդական, ազգապահպան մշակոյթին հարուածներ հասցնելով եւ արդիական մշակոյթ կարծելով օտար բարքեր ներմուծելով ու քաջալերելով, լաւ բան չէք ըներ: Նախ ամէն ճիգ ի գործ դրէք պահպանելու համար մեր արժէքները, յետոյ միայն մտածեցէք օտարի թափթփուքներուն ճամբայ բանալու մասին: Արդէն սարսափելի կերպով վնասուած է լեզուն, թէ՛ բանաւորը եւ թէ՛ գրաւորը, այս ուղղութեամբ բան մը ձեռնարկեցի՞ք: Վնասուած են մեր երգն ու երաժշտութիւնը. ամէն կողմ օտար երգեր ու երաժշտութիւն կը հնչէՙ ռատիօկայաններէն, ճաշարան-զբօսավայրերէն, թաքսիներու մէջ, դպրոցներու մէջ... Բան մը ըրի՞ք այս ուղղութեամբ: Հեռատեսիլը իր ահաւոր անմակարդակ ծրագիրներով, երգիծանքի անուան տակ իր միմոսութիւններով, հնդկական սերիալներով ու անսահմանափակ գովազդներով արդէն չարիք դարձած է: Պարոն Նախարար, այնքա՜ն կարեւոր հարցեր կան, որոնց մասին մտածելու հերթը ե՞րբ պիտի գայ: |